2010-05-31 13:31:03

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ԶԻՆԵԱԼ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՆԱՒԱԽՈՒՄԲԻՆ ԴԷՄ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԲԱՆԱԿԻՆ ԿՈՂՄԷ։
Այսօր առաւօտեան կանուխ ժամերուն Իսրայէլեան ծովային զօրքը ու նաեւ օդային ուժերը միասնաբար գնդակոծած են Կազայի բնակչութեան համար նախատեսուած մարդասիրական օժանդակութեամբ բեռնաւորուած 6 նաւերը,որ մեկնած էին հարաւային Թուրքիայէն։։ Ըստ իսրայէլեան ձայնասփիւռի կայանին, կան 19 զոհեր եւ 30 վիրաւորներ(ըստ տեղեկութեանց) ։ Թուրքիա բուռն կերպով կը բողոքէ յայտնելով, որ այս յարձակումը Իսրայէլի հետ երկկողմանի յարաբերութեանց վրայ աղէտալի հետեւանքներ պիտի ունենայ։ Միւս կողմէ թուրք ցուցարարներ պաշարած են Պոլսոյ մէջ Իսրայէլի հիւպատոսարանը։ Ցուցարարները թրքական կառավարութենէն շօշափելի քայլ մը կը պահանջեն, ինչպէս թրքական բանակին իսրայէլեան բանակին կողմէ ձերբակալուածներուն ազատագրումը։ Թրքական կառավարութիւնը այս հարցով արտակարգ նիստ մը կը գումարէ։ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նախագահ Լիբանան, Կազա մարդասիրական օժանդակութիւն փոխադրող նաւերուն դէմ իսրայէլեան յարձակումին հարցով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը նիստի կը հրաւիրէ։ Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարար Տաւութօղլու կը յայտնէ, որ Իսրայէլ իր կատարած այս յարձակումով միջազգային օրէնքը բռնաբարեց։Կազա օժանդակութիւն փոխադրող նաւերուն դէմ իսրայէլեան յարձակումին 19 զոհերէն 9-ը թուրքեր են։ ՄԱԿի մարդկային իրաւանց Գերատեսուչը Նավի Բիլլայ յայտնած իր ՝՝խոր ցնցումը՝՝ ի տես Իսրայէլեան յարձակումին։ Նոյնպէս Իտալիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը ֆրաթթինի,Գերմանիոյ Կառավարութեան բանբերը Ուլրիխ Վիլհէլմ,ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարար Քուշնէր ՝՝խստիւ ու բացարձակապէս կը դատապարտեն՝՝ իսրայէլեան զինեալ յարձակումը անզէն քաղաքացիներու վրայ,միջազգային ջուրերու մէջ։
ԱՐԺԱՆԹԻՆԱՀԱՅԵՐՈՒ ՋԱՆՔԵՐՈՒՆ ՇՆՈՐՀԻՒ ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍԻ ՄԷՋ ԱԹԱԹԻՒՐՔԻ ԿԻՍԱՆԴՐԻԻ ԶԵՏԵՂՈՒՄԻ ԱՐՏՕՆԱԳԻՐԸ ՉԵՂԵԱԼ ԿԸ ՆԿԱՏՈՒԻ ԵՒ
ԷՐՏՈՂԱՆ ԿԸ ՋՆՋԷ ԱՐԺԱՆԹԻՆ ԻՐ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ։
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, որ լատին ամերիկեան երկիրներ շրջապտոյտի մը ձեռնարկած է, առջի օր ջնջեց Արժանթին իր այցելութիւնը, երբ Պուէնոս Այրէսի ինքնավար քաղաքը, հայերու ջանքերուն շնորհիւ, չեղեալ նկատած է Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի կիսանդրին Խորխէ Նիւպարի զբօսայգիին մէջ զետեղելու արտօնագիրը։ Կը նախատեսուէր, որ Էրտողան 30-31 մայիսին երկօրեայ այցելութեամբ մը Արժանթին ժամանէր։ Սակայն Պուէնոս Այրէս ինքնավար քաղաքի կենսոլորտի նախարարութեան կողմէ նախապէս շնորհուած արտօնագիրը չեղեալ նկատուած է Թուրքիոյ հակադրուած հայերու կողմէ, (կը նշէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը)։
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու հանդիպում ունեցած է արժանթինցի իր պաշտօնակիցին հետ եւ խնդրած, որ Արժանթինի կառավարութիւնը յարգէ Աթաթիւրքի կիսանդրիին բացումը կատարելու իր յանձնառութիւնը։ Արժանթինի նախագահ Քրիսթինա Ֆերնանտեզ տէ Քիրչներ հեռաձայնած է Էրտողանին եւ յայտնած, որ Թուրքիա իրաւունք ունի հակազդելու, սակայն աւելցուցած է, որ Արժանթինի Սահմանադրութիւնը չարտօներ, որ ինք Պուէնոս Այրէսի ինքնավար վարչութեան որոշումը բեկանէ։ Բայց եւ այնպէս, Էրտողան ջնջեց իր այցելութիւնը ուղղուելով Չիլի ։







All the contents on this site are copyrighted ©.