2010-05-30 13:40:49

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը ։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը ։



կիրակի մայիս 30, Ա. կիրակի Պենետեկոստէի` տօն Ամենասուրբ Երրորդութեան, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց, իր գրասենեակի պատշգամէն, տասնեակ հարիւրաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ, նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց.

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Այսօրուան ծիսակատարութիւնը մեզի կը յիշեցնէ թէ Աստուած Սէր է եւ մեզ կը կանչէ հաղորդուելու Անոր կեանքով ու իրարու միջեւ։ Արդարեւ դիտել տուաւ Սրբազան Հայրը Ամենասուրբ Երրորդութիւնը մեր մէջ բնակեցաւ Մկրտութեան խորհուրդի ընթացքին երբ խորհրդակատարը ըսաւ ''Ես քեզ կը մեկրտեմ յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Սուրբ Հոգւոյ։ եւ ամէն անգամ որ ինքզինքնիս կը խաչակնքենք։ Ապա Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց թէ այսօր` Կիրակի մայիս 30, Հռոմի Տիրամօր աւագ տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ երանացումը Աստուծոյ աղախին Մարիա ԲԷիեռինա Տէ Միքելիի։ Երանացման արարողութիւնը հանդիսապետեց գերապայծառ Անճելօ Ամադօ` կառավարիչը սուրբերու դատի։ Նոր երանուհին, ըսաւ Սրբազան հայրը, դուստրն է բարեպաշտ ընտանիքի մը, որ Եկեղեցւոյ տոպւած է քահանաները ու կրօնաւորւհիներ։ Նոր երանուհին ինքզինք տուաւ Աստուծոյ ու կարօտեալ եղբայրներուն անոնց ջամբելով քրիստոնեական դաստիարակութիւն։

Հուսկ Նորին Սբութիւնը ներկաներուն յայտնեց թէ յառաջիկայ յունիս չորսէն վեց Կիպրոս կը մեկնիմ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու հետ հանդիպում ունենալու ի պատրաստութիւնը յառաջիկայ հոկտեմբերի եպիսկոպոսական սիւնոդոսին։ Անմէնքդ կը հրաւիրեմ ընկերանալ ինծի ձեր աղօթքներով, անոնցմէ խնդրելով որ յատուկէն աղօթեն Եկեղեցւոյ, քահանաներուն Ս. Երկրի եւ աշխարհի խաղաղութեան համար։

Մարեմեան աղօթքին աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան բարբառներով ողջունեց ներկաները եւ բոլորին մաղթեց ըսելով. Թող ամենասուրբ Կոյս Մարիամը օգնէ մեզի ճանչնալու եւ մօտենալու Աստուծոյ մեծութեան ու գեղեցկութեան ու ընկերոջ մէջ ճանչնալու Անոր ներկայութիւնը։

Սրբազան հայրը իր խորհրդախծիութիւնը եզրափակեց ըսելով. Ձեզի ամէնուդ կը մաղթեմ բարի կիրակի։








All the contents on this site are copyrighted ©.