2010-05-30 09:14:18

Լուրեր հայկական կեանքէն


Լուրեր հայկական կեանքէն

ԳԱՀԻՐԷ - վերջերս Գահիրէի համալսարանի Հայագիտական ուսումնասիրութեանց կեդրոնին մէջ, տեղի ունեցաւ երրորդ միջազգային համաժողովը՝ Հայերու դերը արաբական աշխարհի տնտեսութեան մէջ թեմայով։

Համաժողովի բացման հանդիսութեան ընթերցուեցան Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանի եւ Լիբանանի արդիւնաբերութեան նախարար Աբրահամ Տէտէեանի ողջոյնի ուղերձները, որոնց յաջորդեցին չորս նիստեր, համապատասխանաբար ղեկավարութեամբ՝ փրոֆ Մոհամետ Աֆիֆիի, փրոֆ Ֆայէզ Նակիպ Իսքանտարի, փրոֆ Մոնա Հասան Մահմուտի եւ Մոհամետ Ռիֆաաթ Իմամի, որ նաեւ ընթերցում ունեցած էր՝ Հայերը եւ Եգիպտոսի տնտեսութիւնը մենաշնորհէն մինչեւ պետականացում թեմայով։

Համաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին Եգիպտոսէն, Հայաստանէն, Սուրիայէն, Լիբանանէն եւ Միացեալ Նահանգներէն գիտնականներ, որոնց զեկուցումները նուիրուած էին պատմութեան տարբեր ժամանակահատուածներուն՝ հայ-արաբական տնտեսական առնչութիւններուն եւ յարաբերութիւններուն՝ Ապպասեան եւ Ֆաթիմեան ժամանակահատուածներէն սկսեալ, մինչեւ ներկայ հանգրուանը։

Հայաստանէն ընթերցումներով հանդէս եկան փրոֆ Արշակ Փօլատեան՝ Առեւտրա-տնտեսական յարաբերութիւնները արաբներու եւ հայերու միջեւ Ապպասեան շրջանին նիւթով, Արթիւր Իսրայէլեան՝ Հայ նախարարներու դերը տնտեսութեան մէջ՝ Ֆաթիմեան շրջանին թեմայով։ Միացեալ Նահանգներէն այս համաժողովին մասնակցեցաւ Ալիսոն Թահնիզեան Միւզ՝ ներկայացնելով Հայ ոսկերիչներու եւ ադամանդագործներու դերը Եգիպտոսի տնտեսութեան մէջ անցեալին եւ ներկայիս։

Բանախօսները բարձր գնահատեցին դարերու ընթացքին հայերու ունեցած բացառիկ դերը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ առեւտուրի եւ տնտեսութեան տարբեր ճիւղերու զարգացման գործին մէջ։ Գիտաժողովի պատասխանատուները յայտնեցին, թէ կեդրոնը որոշած է համաժողովի նիւթերը տպագրել առանձին պրակով։



ԱՊՈՒ ՏԱՊԻ - ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՔԱՆՈՆԸ

Վերջերս Ապու Տապիի մէջ տեղի ունեցաւ երաժշտական միջազգային փառատօն, որուն զանազան երկիրներու ներկայացուցիչներու կարգին իր մասնակցութիւնը բերաւ հայազգի քանոնահարուհի Յասմիկ Լէյլոյեան ընկերակցութեամբ՝ Քամերտոն անսամպլին, ղեկավարութեամբ՝ Լիանա Խանդկարեանի։

Մենահամերգի ընթացքին հնչեցին հայ եւ եւրոպացի դասական երաժիշտներու, նաեւ ճազային ու հայկական ժողովրդական ստեղծագործութիւններ։

Յայտնենք, որ Յասմիկ Լէյլոյեան յատուկ շքանշան մը ստացաւ Ապու Տապիի փառատօնի կազմակերպիչներէն՝ շէյխէն եւ անոր կինէն։



ԻՏԱԼԻԱ - ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍՈՒՐԲ ՔԱՐԵՐԸ ՓԱՍՏԱՎԱՒԵՐԱԳՐԱԿԱՆ ԺԱՊԱՒԷՆԸ

Մայիս ամսուան ընթացքին Հայաստան այցելութեան իբրեւ արդիւնք իտալացի բեմադրիչ Փիետրօ Կիոտարելլիի կողմէ նկարահանուած էր Հայաստանի սուրբ քարերը փաստավաւերագրական ժապաւէնը՝ 52 վայրկեան տեւողութեամբ, որ կը վերաբերէր Հայաստանի քրիստոնէական ճարտարապետութեան, եւ որուն մէջ խորաթափանց կերպով ներկայացուած էին հայ միջնադարեան եկեղեցաշինութեան կոթողներ, նաեւ հարցազրոյցներ՝ անուանի հայ եւ իտալացի պատմաբաններու եւ ճարտարագէտներու հետ։

Իտալիոյ մէջ ֆիլմը հասարակութեան լայն շրջանակներուն հասցնելու նպատակով, Հայաստանի դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ եւ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ, 25 հազար օրինակ բազմագրուեցաւ եւ Իտալիոյ հեղինակաւոր հնագիտական Արքէոլոժիա վիվա ամսագրի 2010 թուականի մայիս-յունիս թիւին հետ բաժնուեցաւ ամսագիրի բոլոր բաժանորդներուն։



Ամսագիրի նոյն թիւին մէջ լոյս տեսաւ նաեւ Հայաստանի ճարտարապետական հարուստ ժառանգութեան եւ պատմամշակութային յուշարձաններու վերաբերող յօդուած մը։



ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ - ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿԸ 50 ՀԱԶԱՐ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՏՈԼԱՐ ԿԸ ՆՈՒԻՐԷ ՀԱՅ ԿԱՆԱՆՑ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ

Հայ կանանց միջազգային միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղը կը տեղեկացնէ, թէ Ճան եւ Յասմիկ Մկրտիչեան հիմնարկէն 50 հազար ամերիկեան տոլարի նուիրատուութիւն մը ստացած է՝ Ճեզմըն Մկրտիչեանի անուան կրթանպաստի հիմնադրամ մը ստեղծելու նպատակով։ Կրթանպաստի հիմնադրամին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ պիտի փոխանցուին աւելի ուշ։

Հայ կանանց միջազգային միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ հանգուցեալ Ճեզմըն Մկրտիչեանի ջանքերով ստեղծուած էր Լոս Անճելըսի մասնաճիւղը։








All the contents on this site are copyrighted ©.