2010-05-29 10:57:02

մարեմեան խորհրդածութիւն


Ինչ որ խնդրեցի, տուաւ Տիրամայրը

Այր եւ կին կ’ապրէին համերաշխ ու քրիսոտնէական կեանք մը, լի բարեգործութիւններով եւ առաքինութեամբ: Ամուսինը ՝ Պարգեւ Մարիմեան, կը սերէր Տրապիզոնի ազնուական ընտանիքէ մը. եւ կինը ՝Էլիզը, նոյն քաղաքէն: Բախտը չունեցան զաւակներ ծնանելու եւ անոնցմով ուրախանալու. անոր փոխարէն կը սիրէին աշխարհի բոլոր փոքրիկները եւ կը գուրգուրային անոնց վրայ:
Պարգեւը Վենետիկի Մուրատ Ռաֆայէլեանի աշակերտ էր եւ ապա ճարտարապետ ֆրանսական երկաթուղղիի մեծ ընկերութեան մը մէջ: Իսկ Էլիզ կրթուած էր Դամասկոսի մէջ, իտալացի մայրապետներու մօտ: Երկուքն ալ խորապէս հաւատացեալ, մինչ ամուսինը լուռ ու ծածուկ հաւատքով, տիկինը իր սեռին յատուկ քնքշութեամբ կ’արտայայտէր իր հաւատքը թէ խօսքով եւ թէ գործով:
Եկան Լիբանանի արհաւիրքի օրերը եւ մենք կորսնցուցինք զիրար:
Պարգեւ ծանր հիւանդութեամբ կնքած էր իր մահկանացուն Դամասկոսի մէջ:
Իմացայ որ Տիկ. Էլիզ ծանրապէս հիւանդացեր եւ հիւանդանոց փոխադրուեր է. դարմանումէ ետք տուն վերադարձարէր է, բայց միշտ տկար եւ հիւանդ:
Օր մը այցելեցի Տիկին Էլիզի, այդ փառաւոր կինը շատ բան կորսնցնուցած էր իր առողջութենէն եւ գեղեցկութենէն, բայց հոգին եւ հաւատքը աւելի պայծառացեր ու բորբոքեր էին:
-Շատ ուրախ եմ որ տունս եկար, սիրելի վարդապետ. լսեցի որ Աստուածամօր հրաշքներու գիրք մը կը պատրաստես եղեր. հիմա լսէ իմ ընդունած մեծ շնորհքներս, զորս ես հրաշք կը նկատեմ:
Պարգեւս ծանր հիւանդ էր Դամասկոսի մէջ: Չէր կրնար մինակը տեղեն ելլել ու քալել, չէր կրնար իր բնական պէտքերը հոգալ. ամէն վայրկեան պէտք էր հետը ըլլալ ճիշտ մանուկի մը նման:
Այսպէս ամիսներով: Անշուշտ կը յոգնէր, կը չարչարուէր եւ Աստուծոյ ձեռքէն սիրով կ’ընդունէր այս փորձը:
Բայց ահա օր մըն ալ խեղճ Պարգեւիս մարմինը թարախոտ ու կարմիր վէրքեր հանեց, , զորս պէտք էր ամէն օր մաքրել, սրբել, դարմանել…
Ասիկա ծանրիս եկաւ. ալ չէի տոկար ոչ անոնց հոտին եւ ոչ թարախին… Վրաս խենթութիւն պիտի գար…
Այն ատեն առանց քաշուելու Ս. Աստուածամօր դարձայ եւ ըսի.
-Ս. Աստուածամայր, մինչեւ հիմա դիմացայ եւ քեզմէ բան մը չխնդրեից... Բայց այսօր ահա կը խնդրեմ, որ մէկը ղրկես ինծի… այս վէրքերուն չեմ դիմանար:
Հաւատա, վարդապետ, քանի մը օր ետք դուռս բախեց իսլամ երիտասարդ բժիշկ մը եւ տեսնելով Պարգեւիս վիճակը, սիրով ու գուրգուրանքով դարմանեց զինքը, զաւակի մը սրտով: Ամէն օր կու գար, սիրայօժար կերպով եւ կը հոգար նաեւ տունիս ուրիշ պէտքերը:
Կը հաւատամ որ Տիրամայրը ղրկեց զինքը:
-Ուրիշ ի՞նչ խնդրեցի իրմէ:
-Ս. Աստուածամայր, ըսի, տուր որ իմ Պարգեւիս մահը թեթեւ ըլլայ, արդէն շատ չարչարուեցաւ….
Եւ արդարեւ նախ մահէն առաջ առիթ ունեցաւ վերջին օծում առնելու: Օր մը նախաճաշէն ետք ճիշտ թռչունի մը պէս գլուխը վեր առավ եւ հոգին աւանդեց, առանց որեւէ տագնապի եւ խռովութեան:
Աստուածամայրը լսեց աղօթքս: Ինչ որ խնդերցի, տուաւ ինծի:
-Ուրի՞շ…
Կեցիր վարդապետ, մանրամասնութիւն մըն ալ կայ: Վերջին օրերուն կը մտածէի նաեւ թաղումի մասին: Ճիշտ ալ իմ մէկ բարեկամս, որ այս գործով կը զբաղէր, բացակայ էր քաղաքէն,: Խնդրեցի Ս. Կոյսէն, որ շուտով վերադառնար… Մահուան օրը Դամասկոս մեր տունն էր ան եւ բոլոր գործերը ինք ըրաւ:
-Ո՞վ էր այդ իսլամ բժիշկը. դուն ի՞նչ ըրիր իրեն:
-Այդ ազնիւ տղան Սամի Ամպարի կը կոչուէր: Օր մը սեղանիս վրայ տեսաւ Ս. Ռիթայի պատկերը եւ հարցուց.
-Ո՞վ է ասիկա:
-Սրբուհի մըն է որ ուզածդ կու տայ:
Ինք այդ շրջանին պիտի ամուսնանար եւ տուն չէր գտնէր: Առաւ նկար մը, աղօթեց Ս. Ռիթայի եւ երեք օր ետք տուն գտաւ եւ ուրախութեամբ ամուսնացաւ:







All the contents on this site are copyrighted ©.