2010-05-29 11:14:39

Կիրակի 30 Մայիս 2010
Սուրբ Երրորդութիւն


RealAudioMP3 Կիրակի 30 Մայիս 2010
Սուրբ Երրորդութիւն
(Ձեզ երբեք որբ պ
RealAudioMP3 Վերջին ընթրիքի պահուն` Յիսուս հանտիսաւորապէս կը խոստանայ աշակերտ-ներուն. Ձեզ որբ պիտի չթողում, այլ պիտի ղրկեմ ձեզի Մխիթարիչը` Սուրբ Հոգին։
Քրիստոսի տեսութենէն պիտի զրկուին առաքեալները, ան պիտի բարձրանայ, ինչպէս գուշակած էր նախապէս, այս աշխարհէն վեր պիտի ելլէ, իր մարմինը փտտութեան պիտի չենթարկուի, այլ` հոգիին հետ մէկտեղ պիտի մեկնի դէպի երկնքի յաւիտենական լոյսը։
Սակայն պիտի չլքէ մարդկութիւնը, սկսեալ հրաշքներու տարափին տակ շշմած առաքեալներէն մինչեւ աշխարհի վերջը ապրող ու ապրելիք բոլոր մարդկային էակները. Յիսուս պիտի ուղարկէ անոնց, այսինքն մեզի, Ամենասուրբ Երրորդութեան երրորդ անձը, որ մի քանի անգամ զանազան կերպարանքներով յայտնուելէ ետք Քրիստոսի կեանքի ընթացքին, ահա կը յայտնուի իր բոլոր ուժովն ու զօրութեամբը. Սաստիկ հովը, կրակէ լեզուները, զանազան բարբառները... այս բոլորը մէկտեղ կը յայտնեն հզօր ներկայութիւնը Սուրբ Հոգւոյն. Ան թէեւ մարդկային կերպարանք չ՛առներ, սակայն կը զգացնէ իր ներկայութիւնը ուժգին ու ջերմ կերպով. Տարակոյս չկայ, նոր ուժ մը կը տոգորէ առաքեալները. Անոնք այլեւս չեն այն տգէտ ու վախկոտ ձկնորսները, այլ կը ներկայանան որպէս մէկական վարդապետներ, կազմ ու պատրաստ ուսուցանելու եւ առանց վախի դիմագրաւելու չարչարանքներն ու հալածանքները, ի սպաս Աստուծոյ Խօսքին աւետարանացումին։
Ես Հօրս մէջն եմ – կ՛ըսէ Յիսուս – դուք իմ մէջս եւ ես ձեր մէջ. Հոգիով ամէն տեսակ յարաբերութիւն կարելի կը դառնայ, որովհետեւ Հոգին է որ կը կապէ Հայրը Որդիին եւ Որդին Հօր, կը բխի Հօրմէն երթալու համար դէպի Որդին եւ Որդիէն` երթալու համար դէպի Հայրը. Ուստի եւ հնարաւոր է որ ինք ըլլայ նաեւ կապը Քրիստոսի եւ իր հաւատացեալներուն միջեւ։ Կարելի է նմանցնել Սուրբ Հոգին կեդրոնական ելեկտրա-կայանի մը, որ ամենուրեք կը սփռէ ելեկտրական հոսանքը. Բաւ է որ մենք կապուած ըլլանք այս կեդրոնին, որպէսզի ստանանք կանոնաւորապէս ուժ եւ լոյս եւ նաեւ միութիւն քրիստոնեայ հասարակութեան հետ։
Երբ միացած ըլլանք Սուրբ Հոգւոյն, ամէն դժուարութիւն կը փարատի, ինչպէս հակառակութիւնները, ոխն ու քէնը, ինչպէս ամէն տեսակի անհասկացողութիւն որ արգելք կը հանդիսանայ գործի մը յառաջ ընթանալուն։
Բայց երբ բաժնուած ըլլանք Հոգիէն եւ յամարինք մնալու այդ բաժանումին մէջ, այն ատեն, դժբախտաբար, սէրն ու միութիւնը կը հեռանան մեր հասարակութենէն եւ բոլոր դժուարութիւնները կու գան միատեղ խոչընդոտ հանդիսանալու ոչ միայն մեր փրկութեան ծրագրին, այլ նաեւ մեր հասարակական կեանքին ու հասարակաց բարիքին։
Ով որ զիս կը սիրէ, իմ խօսքերուս հաւատարիմ կը մնայ – կ՛ըսէ Յիսուս –. հաւա-տարմութիւնը Քրիստոսի խօսքերուն կը պահէ կապը մեր եւ իր միջեւ. Սիրել Քրիստոսը կարելի է` գործնապէս իրագործել հաւատարիմ մնալով իր խօսքերուն, լսելով իր պատգամը եւ զայն տարածելով ժողովուրդին մէջ։ Երրորդութիւնը խորհուրդ մըն է, ան չի բացատրուիր, այլ` կ՛ապրուի։ Քրիստոնէաները կ՛ապրին Երրորդութիւնը իրար զիրար սիրելով, ճիշտ ինչպէս Ամենասուրբ Երրորդութեան երեք անձերը. Ամէն։







All the contents on this site are copyrighted ©.