2010-05-27 13:20:10

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ - ՕԼԻ ՌԵՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ։
Սերժ Սարգսեանը մայիս 26-ին տեսակցած է Եւրոպական Յանձնաժողովի տնտեսական և արժոյթի հարցերով յանձնակատար Օլի Ռենի հետ։ Այս առթիւ քննարկուած են Եւրոմիութեան կողմէ Հայաստանին տրամադրուղ մաքրոֆինանսական օժանդակութեան, Հայաստան-ԵՄ առևտրա-տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման առնչուող հարցեր։ Խօսուած է նաեւ Եւրոմիութեան հետ խոր և համապարփակ ազատ առևտուրի պայմանագրի կնքման բանակցութիւններու ու անոնց մեկնարկի չափանիշներու մասին։ Սերժ Սարգսեան ընդգծած է, որ Հայաստանը հաստատակամ է կատարելու շուկայական տնտեսութեան կարգավիճակի շնորհման համար անհրաժեշտ բարեփոխումները։
«ԻՐԱՆԻ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԱՆԿԵՂԾ ԵՒ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ԵՆ» Կ՛ԸՍԷ ԱՀՄԱՏԻՆԵԺԱՏ։
Իրանեան ՝՝ԻՐԻՊ՝՝ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանի հետ հանդիպումին ընթացքին հայ-իրանական յարաբերութիւնները բարեկամական եւ անկեղծ որակելով նշած է, որ Իրանը ու Հայաստանը իրարու կապուած են անխզելի կապով։ Իրանի նախագահը աւելցուցած է, որ պէտք է բոլոր կարելիութիւնները օգտագործել ի շահ Իրանի եւ Հայաստանի ժողովուրդներուն։ Իրանը պատրաստ է գիտութեան մարզին մէջ իր ունեցած փորձառութիւնը փոխանցելու Հայաստանին։
ՊՐԱՅԶԱ ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ ԱՌԱՋԱԴՐՈՒԵՑԱՒ ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԴԵՍՊԱՆ։
Սպիտակ Տունը պաշտօնապէս առաջադրեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի նախկին համանախագահ Մեթիու Պրայզայի թեկնածութիւնը Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու պաշտօնին։ Ան ներկայիս Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնականն է։
Պրայզա, որ ամուսնացած է Հատսըն հիմնարկի տնօրէն, ազգութեամբ թուրք Զէյնօ Պարանի հետ, միշտ սերտ յարաբերութիւններու մէջ եղած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ ազրպէյճանական քաղաքական վերնախաւին հետ։ Ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ անոր միջնորդական ջանքերը միշտ ուշադրութիւն գրաւած են իրենց յստակ ազրպէյճանամէտ կողմնորոշումով։
Այս առումով Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան արդէն յայտարարութիւն մը հրապարակած է։ Յայտարարութեան մէջ կըսուի որ ՝՝մենք կ՝ակնկալենք, որ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը եւ Ծերակոյտը անոր թեկնածութիւնը հաստատելու ատեն մեծ ուշադրութեամբ ուսումնասիրեն պրն. Պրայզայի ասպարէզը, ինչպէս նաեւ հարցաքննութեան ընթացքին անոր տուած պատասխանները, (ըսած է ան) ընդգծելով, որ ամերիկահայերը շարք մը մտահոգութիւններ ունին, ամերիկեան դիւանագիտութեան մէջ Պրայզայի կեցուածքին առնչութեամբ։Պրայզայի թեկնածութիւնը նախ պէտք է հաստատուի Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին, ապա Ծերակոյտին կողմէ։
ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՔՈՆԿՐԵՍԸ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ԱՄԻՍ ԻՐԱՆԻ ԴԷՄ ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐ ՊԻՏԻ ՈՐԴԵԳՐԷ։
Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը յայտարարեց, որ յունիսի վերջերուն Իրանի դէմ պիտի որդեգրէ տնտեսական շարք մը պատժամիջոցներ, որոնք պիտի ամբողջացնեն եւ աւելցնեն ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ուսումնասիրած պատժամիջոցները։ Իրանի դէմ ամերիկեան յաւելեալ պատժամիջոցներու բանաձեւին հեղինակներն են Ծերակոյտի դրամատնային յանձնախումբի նախագահ դեմոկրատական Քրիս Տոտ եւ Ներկայացուցիչներու Տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Հաուըրտ Պըրմըն։
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ ԵՎԱ ՌԻՎԱՍԸ ՆԱԽԸՆՏՐԵԱԼՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԻՆ ։
Այսօր տեղի կունենայ «Էուրովիզիոն 2010» երգի մրցոյթի երկրորդ կիսաեզրափակիչը։ Մասնակիցներու շարքին են Լիդուանիոյ, Իսրայելի, Դանիայի, Զուիցերիայի , Շուէտի , Ադրբեջանի, Ուկրանիայի, Հոլլանտայի Ռումանիայի, Սլովենիայի, Իրլանտայի, Պուլկարիոյ , Կիպրոսի, Խըրվաթիոյ, Վրաստանի և Թուրքիոյ ներկայացուցիչները։ Հայաստանի ներկայացուիցչը Եվա Ռիվասը ելոյթ կ՝ունենայ որպէս երկրորդ։ Յիշեցնենք, որ Ռիվասը կ՝երգէ Apricot stone («Ծիրանի կորիզ») երգը։ Բեմին վրայ տեղ պիտի առնէ նաեւ դուդուկի մեծ հայ վարպետը Ճիվան Գասպարեան։ Ըստ ՝՝պուքմեյքերներու՝՝ յաղթելու ամենամեծ կարելիութիւնները ունին՝ Հայաստանի, Իսրայելի, Գերմանիոյ և Ադրբեջանի ներկայացուցիչները։
Յիշեցնենք որ եզրափակիչ երգահանդէսը տեղի կ՝ունենայ մայիս 29-ին։







All the contents on this site are copyrighted ©.