2010-05-26 13:41:10

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը

Չորեքշաբթի մայիս 26` Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներու։ Սրբազան Քահանայապետը, այսօր իր խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց քահանայական իւրայատուկ պաշտօնը իշխանութեան կիրակումը նիւթին մասին։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, Այսօրուայ մեր խորհրդածութիւնը կ'ուզեմ կեդրոնացնել քահանայական իւրայատուկ մէկ պաշտօնին վրայ որ է իշխանութեան կիրակումը։ Իշխանութիւնը, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, եկեղեցական իմաստով ցոլացումն է միակ գերագոյն բարիքին որ է Աստուած։ Հովուել Աստուծոյ հօտը կը նշանակէ ամենայն սիրով ծառայել հաւատացեալներուն։ Աստուծոյ սրտին համաձայն Հովիւ ըլլալու համար քահանայէն կը պահանջուի անհատական ու մշտատեւ հանդիպում ունենալ Տիրոջ հետ, Անոր Անձին խոր ճանաչում ու կատարեալ յառում Անոր կամքին։ Արդարեւ, ընդգծեց Նորին Սրբութիւնը, քահանայի Քրիստոսի հանդէպ ցուցաբերած հեզութենէն կախում ունի հօտին հեզութիւնը իր հովիւին հանդէպ։ Իշխանութիւնը Եկեղեցւոյ մէջ, դիտել տուաւ Սրբազան Հայրը, Եկեղեցւոյ մէջ ապրուած ծառայութիւն մըն է հօտին սրբացումին համար։ Այդ ծառայութիւնը կիրակելու համար Քահանան պէտք է ներշնչուի Քրիստոսէն։ Տէրը ճշմարիտ տիպարը եղաւ ծառայութեան։ Անոր սիրոյ համեստ ծառայութիւնը յայտնուեցաւ աշակերտներու ոտնլուալով ու իր գագաթնակէտին հասաւ խաչելութեամբը։
Սիրեցեալ քահանաներ կառավարել կը նշանակել քրիստոնեաները կազմել Յիսուսի սրտին համաձայն։ Մի վախնաք դէպի Քրիստոս առաջնորդել ձեզի յանձնուած Հօտը։ Դուք եղէք Հօտին տիպարը։ Սիրով կը հրաւիրեմ ձեզ ըսաւ Նորին Սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը եզրափակելով, սիրեցեալ քահանաներ, մասնակցելու քահանայական տարւոյն եզրափակիչ արարողութեան։
Այս խորհրդածութեան աւարտին, Նորին Սրբութիւնը, զանազան բարբառներով ողջունեց ներկաները անոնցմէ խնդրելով որ աղօթեցեն Պետրոսի Յաջորդին համար, որուն յատուկ պաշտօնն է կառավարել Եկեղեցին, նոյնպէս եւ աղօթել եպիսկոպոսներու ու քահանաներու համար։
Հուսկ Նորին Սրբութիւնը քաջալերական խօսք մը ուղղեց երիտասարներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն, յիշեցնելով թէ այսօր Եկեղեցին կը յիշատակէ սուրբ ֆիլիփփօ Ներիին տօնը, որ ճանչցուած է որպէս ուրախ սուրբ եւ նոր սերունդը սիրող։ Ան մեծ եռանդով դաստիարակեց իր ժամանակից երիտասարդները աստուասիրութեան ու եղբայրսիրութեան։ Սիրելիներ հետեւեցէք այս սուրբին եւ իրմէ սորվեցէք ապրիլ ամենայն պարզութեամբ եւ ցնծութեամբ։

իսկ այժմ լսելի կ'ընենք Սրբազան Քահանայապետին տուած առաքելական օրհնութիւնը







All the contents on this site are copyrighted ©.