2010-05-26 13:50:39

Մարեմեան Խոկումներ։


Սպիտակ, փոքրիկ ծաղիկը

Փոքրիկ Թերեզան տասը տարեկան է: Դեղին ծամերով, ծաւի աչքերով այդ գեղեցիկ ֆրանսուհին, ընտանիքի բացառիկ սիրոյն ու գուրգուրանքին առարկան է: Մարմնական գեղեցկութեան կը միացնէ նաեւ հոգեկան ազնիւ ձիրքեր, որոնք շատ բարձր են իր տարիքէն: Երկինքէն ցանուած ծաղիկ մըն է, որ սակայն գերազանց բարեպաշտութեամբ լեցուած հօր, մօր եւ քոյրերու գուրգուրոտ խնամքին տակ կ’աճի ու կը մեծնայ սպիտակ թերթերով ու բոյրով:
Յանկարծ հիւանդութիւն մը կը յայտնուի իր մէջ եւ անկողին կ’իյնայ:
Հայրն ու քոյրերը կը դիմեն բժիշկներու եւ դեղերու, բայց այդ ախտը, փոխանակ նուազելու աւելի եւս կը ծանրանայ:
Գլխու այնպիսի ցաւեր կ’ունենայ, որ ջերմը կը բարձրանայ եւ կը սկսի զառանցել եւ չճանչնալ մինչեւ իսկ ամենամօտիկ սիրելիները:
”Այն վայրկեաններուն որ ցաւերս կը մեղմանային, ծաղիկէ պսակներ կը նուիրէի Ս. Աստուածամօր”:
Երբ բժիշկները յայտարարեցին թէ այլեւս մարդկային հնարք չկար բուժումի, բարեպաշտ հայրը կանչեց իր Մարիամ՝ անդրանիկը դուստրը եւ ոսկի դրամներ դնելով իր ափը ըսաւ անոր.
-Վազէ աղջիկս, Փարիզի Յաղթութեան Տիրամօր տաճարին մէջ պատարագ եւ աղօթք ընել տուր:
Մինչ այդ տնեցիներն ալ իննօրեայ մը սկսան Ս. Տիրամօր:
Թերեզի անկողինին մօտիկը, զարդասեղանին վրայ Աստուածամօր սիրուն արձան մը կար, ընտանիքին պաշտպանը:
Մարիամ երբ տեսաւ, որ վերջին փորձն ալ անօգուտ եղաւ, արտասուալից աչքերով, ծունր դրաւ անոր առջեւ եւ բոլոր եռանդով եւ հաւատքով պաղատեցաւ Ս. Կոյսին որ բուժէր իրենց քոյրը:
Նոյն վայրկեանին Լեոնի եւ Սելին քոյրերն ալ ծունկի եկան: Իսկ Թերեզ այս տեսնելով ինքն ալ միացաւ անոնց եւ աղօթքի քաղցր բոյրը հասաւ Տիրամօր:
Ս. Աստուածածին չդիմացաւ այսքան յուսալից ու սրտագին աղօթքներուն:
”Յանկարծ արձանը ոգեւորուեցաւ, կը պատմէ Թերեզ, Ս. Կոյսը գեղեցիկ կերպարանք մը առաւ, այնքան անօրինակ, որ պիտի չկարենամ մարդկային բառերով նկարագրել: Իր դէմքը քաղցրութիւն մը, բարութիւն մը եւ անճառելի գորով մը կը ներշնչէր: Բայց ինչ որ հոգիիս խորը թափանցեց, իր գրաւիչ ժպիտն էր: Դէպի ինծի յառաջացաւ, կրկին ժպտեցաւ:
Այն ատեն բոլոր նեղութիւններս փարատեցան, երկու խոշոր արցունքներ լռուեամբ հոսեցան բիբերէս…
Անխառն ուրախութեն արցունքներ էին անոնք”:
Առողջացաւ Թերեզ, սպիտակ ծաղիկը կանգնեցաւ իր ձողունին վրայ եւ տունը լեցուեցաւ ուրախութեամբ:
Այս երջանիկ աղջիկն էր, որ հինգ տարի ետք, Աստուծոյ բացառիկ կարգադրութեամբ, Կարմեղոսի խստակեցա վանքը կը մտնէր եւ հոն կը սրբանար հերոսակակն առաքիննութիւներով:







All the contents on this site are copyrighted ©.