2010-05-26 13:53:36

Հայկական Լուրեր


կիրակի Պոլսահայ հանրածանօթ նկարիչ Արա Կիւլէրի գործերու ցուցադրութիւնը
կը շարունակուի Աթէնքի Պենաքի թանգարանին մէջ

Աթէնքի Պենաքի (Փիրէոս պողոտայ) թանգարանին մէջ կը շարունակէ գործել պոլսահայ հանրածանօթ նկարիչ Արա Կիւլէրի գործերու ցուցահանդէսը։ Առաջին անգամ ըլլալով է, որ Յունաստանի մէջ տեղի կունենայ Արա Կիւլէրի գործերու լուսանկարներու ցուցադրութիւն, որ պիտի շարունակուի մինչեւ Յուլիս վերջ։
Միջազգային առումով համբաւի տիրացած հայազգի լուսանկարիչը, ծանօթ դարձած է Պոլիսի առօրեան եւ մարդիկը պատկերող սեւ-ճերմակ իր լուսանկարներուն համար։
Ցուցահանդէսին ներկայացուած են մօտաւորապէս 100 լուսանկարներ, Պոլսոյ 1960-1970 թուականներէն, որ յատկապէս ընտրուեցան Պենաքի թանգարանին կողմէ։
Ցուցահանդէսին առիթով լոյս տեսած է նաեւ Օլքոս հաստատութեան կողմէ հրատարակուած Արա Կիւլէրի Istanbul խորագրով ալպոմի յունական թարգմանութիւնը։ Գրքի նախաբանը կատարած է Նոպելեան մրցանակակիր Օրհան Փամուք։

Ուրբաթ - Հռչակաւոր երաժիշտ Սերժ Թանքեան Աթէնքի մէջ համերգ մը պիտի տայ

Թանքեանի ելոյթին պիտի ընկերակցի 8 հոգիէ բաղկացած դասական նուագախումբ
Օգոստոս 17ին, Աթէնքի Terravibe park ամառնային համերգներու վայրէն ներս, աշխարհահռչակ երաժիշտ Սերժ Թանքեան ելոյթ կունենայ, ներկայացնելով իր վերջին՝ Elect the dead գործը։ Մէկ գիշերուան համար ելոյթ ունեցող Սերժ Թանքեան կը խոստանայ թէ բոլորովին իւրայատուկ ելոյթ մը պիտի ըլլայ Աթէնքի մէջ ներկայացումը, ուր ան ծանօթ երգերու մեկնաբանութեամբ հանդէս պիտի գայ թէ system of a down-ի թէ իր անձնական ալպոմէն։ Ներկայացուած երգերու սիմֆոնիկ մասերը պիտի կատարուին 8անդամ նուագախումբի կողմէ։
Սիսթեմ օհ է տաուն ռոք երաժշտական խումբի երգիչի ելոյթը, շատոնց սպասուած էր Յունաստանի մէջ հայ թէ յոյն իր բազմահարիւր երկրապագուներուն կողմէ։
Նշենք թէ իր ալպոմի համաշխարհային ներկայացման ծիրէն ներս, Սերժ Թանքեան անցեալ տարուայ Մարտին ելոյթ մը ունեցած էր Նոր Զէյլանտայի մէջ, ուր արտասովոր կերպով մեկնաբանած էր իր յօրինումները Օքլընտի ֆիլհարմոնիք նուագախումբին հետ։ Այդ ելոյթը ձայնագրուած էր եւ այս ամիս հրապարակ ելաւ CD եւ DVD տարբերակներով։
Բազմազբաղ եւ բազմաթիւ հետաքրքրութիւններ ունեցող Սերժ Թանքեան ներկայիս կաշխատի նաեւ դասական Փրոմիթէս պաունտ թատերական գործի երաժշտական տարբերակին վրայ։
Սերժ Թանքեան Լիբանան ծնած ապա Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ տեղափոխուած է ան 1995ին իր երեք բարեկամներուն հետ հիմքը կը դնեն System of a Down աշխարհահռչակ ռոք խումբին, որ փայլուն յաջողութիւն կը ճանչնայ եւ հաւատարիմ երկրապագուներ կունենայ աշխարհի տարածքին, ծախելով 16 միլիոնէ աւելի ձայնասկաւառակներ։ Երգերուն բառերը խոր քաղաքական իմաստ ունեցած են միշտ, փորձելով քննադատել, ահազանգել եւ լուսարձակի տակ բերել ընկերութեանց դիմագրաւած հարցերը։







All the contents on this site are copyrighted ©.