2010-05-26 15:11:57

ԷՋ ՄԸ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷՆ ։


 ԷՋ ՄԸ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷՆ ։

Թէոդիկ (Թէոտորոս Լէպճինճեան, 1873-1928). Հայ մտքի եւ գրականութեան
հանրագիտական հսկան.

24 Մայիսին, մահուան տարելիցն էր հայ մտքի եւ գրականութեան հսկաներէն Թէոդիկի (Թէոտորոս Գրիգորի Լէպճինճեան), որ ապրեցաւ եւ գործեց հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան ամէնէն բախտորոշ ժամանակաշրջանին, դառնալով արժանահաւատ վկան՝ հայոց նահատակութեան, յարութեան եւ վերապրումին։
Հայոց Ցեղասպանութեան ահաւորութիւնն ու տարողութիւնը մեր սերունդները ճանչցան եւ խորաչափեցին Թէոդիկի մտքի լոյսով ու սրտի յոյզով։ 1919ին լոյս տեսած իր Յուշարձան Ապրիլ Տասնըմէկին (24ին) հանրագիտական գործով, Թէոդիկ անուն առ անուն՝ հակիրճ կենսագրականներով ու արժեւորման վկայութիւններով, պատրաստեց ու հայոց վերապրող սերունդներուն եւ հանուր մարդկութեան յանձնեց վաւերագրութիւնը նահատակ հայ ժողովուրդի անճիտուած մտաւորական սերունդին։
Կենդանի հանրագիտարանի շնչող ու կենսունակ մարմնաւորումը եղաւ Թէոդիկ, որ 1907էն սկսեալ մինչեւ 1928 իր հրատարակած Ամէնուն Տարեցոյցը անուանումով տարեգիրքերու հարուստ շարքով՝ ոչ միայն հիմնադիրը եղաւ հայ կեանքի եւ հոգեմտաւոր երկունքի տարեգրութիւնն ու ամենամեայ արգասիքը խտացնող գրական հրապարակագրական բնագաւառին, այլեւ՝ հանդիսացաւ հայոց ամէնուն մտքի եւ հոգիի ծարաւը յագեցնելու առաքելութեան լծուած մեծարժէք ռահվիրան։

Հայ մտքի եւ մշակոյթի, գրականութեան եւ մամուլի երբեմնի ճառագայթող կեդրոնի՝ Հայկական Պոլսոյ հարազատ ու արժանաւոր ներկայացուցչական դէմքերէն էր Թէոդիկ։ Ծնած էր Սկիւտար, 5 Մարտ 1873ին։ Յաճախած էր Սկիւտարի Ճեմարանը, ապա՝ Պէրպէրեան վարժարանը եւ աւարտած էր Պոլսոյ ամերիկեան Ռոպերթ գոլէճը։ Վաղ հասակէն սկսած էր կանոնաւորաբար աշխատակցիլ իր ժամանակի պոլսահայ թերթերուն (Ծաղիկ, Հանրագիտակ, Մանզումէի Էֆքիար, Սուրհանդակ եւայլն), գործածելով տարբեր գրչանուններ

1905ին, Պոլսոյ Հայեվարը խորագրով բանասիրական իր անտիպ աշխատասիրութիւնը արժանացաւ ատենի հեղինակաւոր Իզմիրեան գրական մրցանակին։ Հայ գրերու ստեղծման եւ տպագրութեան պատմութեան է նուիրուած 1912ին լոյս տեսած Թէոդիկի Տիպ ու Տառ մեծարժէք ուսումնասիրութիւնը։ Բայց Թէոդիկի կոթողական նուաճումը եղաւ 1907ին իր ձեռնարկած Ամէնուն Տարեցոյցը, որ ունեցաւ հրատարակութեան երկու շրջան. առաջինը տեւեց մինչեւ 1915, երբ տարեգիրքի այդ տարուան համարի հրատարակութենէն ետք Թէոդիկ իր կարգին ձերբակալուեցաւ եւ աքսորուեցաւ. հրատարակութեան երկրորդ շրջանը վերսկսաւ Առաջին Աշխարհամարտի աւարտին հետ եւ շարունակուեցաւ մինչեւ 1928ի իր մահը՝ նախ Պոլսոյ մէջ (մինչեւ 1923ին իր վերջնական հեռացումը Թուրքիայէն), ապա՝ Փարիզ, ուր հաստատուեցաւ եւ գործեց հայ մտքի ու գրականութեան այս երախտաւորը։

Առանձին ուշադրութեան եւ յուշատետրի արժանի է Թէոդիկի մազապուրծ փրկութիւնը թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութենէն։ Մ. Աղանալեանի վկայութեամբ՝ դէպի Տէր Զօր աքսորի ճամբուն վրայ, Թէոդիկ ազատագրուած է հայ մարտիկներու խումբի մը կողմէ։ Օտար անձնաթուղթով ընդյատակեայ կեանք ապրած է մինչեւ Աշխարհամարտի աւարտը՝ իբրեւ բանուոր աշխատելով Տաւրոսեան թունելախորշի ռազմական շինարարութեան մէջ։ Զինադադարէն ետք թափ առած պոլսահայ զարթօնքի վերջին ճառագայթումին դրօշակիրը եղաւ Թէոդիկ։ Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումն ու հայոց պետականութեան կերտումը ոչ միայն խանդավառութեան անսպառ աղբիւր մը դարձան Թէոդիկի եւ իր սերունդի վերապրող մտաւորականութեան նորովի երկունքին համար, այլեւ՝ ազգային-քաղաքական յանձնառու գործունէութեան մղեցին Թէոդիկին։ Յաջորդաբար գրեց եւ հրատարակեց Յուշարձանը, Զուլումը եւ մեր որբերը (1920ին) եւ Գողգոթան, որ լոյս տեսաւ յետմահու 1966ին։ Աշխոյժ մասնակցութիւն բերաւ վերահրատարակուող պոլսահայ մամուլին՝ Ժամանակ, Ժողովուրդ եւ Վերջին Լուր թերթերուն։
1923ին Փարիզ հաստատուելէ ետք ալ Թէոդիկ նոյն թափով շարունակեց իր աշխոյժ գործունէութիւնը, պահպանեց Ամէնուն Տարեցոյցը եւ մարմնաւորեց ապրող վկան ու անլռելի ձայնը հայ ժողովուրդին դէմ օսմանեան պետութեան գործադրած ցեղասպանական մեծ ոճիրին։







All the contents on this site are copyrighted ©.