2010-05-25 12:14:22

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի առաքելական ճամբորդութիւնը Կիպրոս' Յունիս 4-6 ի պատրաստութիւն Միջին Արեւելքի սիւնոդոսի։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի առաքելական ճամբորդութիւնը Կիպրոս' Յունիս 4-6 ի պատրաստութիւն Միջին Արեւելքի սիւնոդոսի։
յառաջիկայ յունիս ամսոյն ընթացքին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը առաքելական 16-րդ ճամբորդութիւնը կը կատարէ Կիպրոս, Արեւելեան եպիսկոպոսներու յանձնելու Միջին Արեւելքի Առաջին սիւնոդոսի աշխատանքի թղթածրարը։
Յայտնենք թէ Արեւելեան եկեղեցիներու Սիւնոդոսը Հռոմ կը գումարուի յառաջիկայ հոկտեմբեր 10-24։
Իր այս առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը հանդիպում պիտի ունենայ օրթոտոքս եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներու հետ, ինչպէս նաեւ կղզիի կաթողիկէ մարոնի, լատին եւ հայ համայնքներու հետ։
Նշենք թէ այս առաջին անգամն է որ Քահանայապետ մը այցելութիւն կը կատարէ այս կղզիին որ եղած է նաեւ Պօղոս առաքեալի կղզի։
Ուրբաթ յունիս 4-ին առաւօտուն քահանայապետական օդանաւը Կիպրոս կ'ուղղուի։ 3 ու կէս ժամ թռիչքէն ետք, Նորին Սրբութիւնը ժամը 14ին կղզիի արեւմտեան մասը կ'իջնէ եւ բարի գալուստի արարողութենէն ետք կ'ուղղուի Փաֆոսի եկեղեցին ուր կը գլխաւորէ համամիութենական աղօթքը։
Շաբաթ յունիս 5ին առաւօտուն Նորին Սրբութիւնը այցելութիւն կը կատարէ կղզիի հանրապետութեան նախագահին եւ հանդիպում կ'ունենայ երկրի քաղաքական իշխանութիւններու ու դիւանագիտական մարմնի հետ։
Նշենք թէ Կիպրոսի նախագահը 27 մարտ 2009ին այցելութիւն կատարած էր Սրբազան Քահանայապետին ու պաշտօնական հրաւէր ուղղած էր Կիպրոսը այցելելու։
Համամիութենական հանդիպում – Նորին Սրբութիւնը Նիքոզիայի սուրբ Մարունի նուիրուած դպրոցին մէջ հանդիպում կ'ունենայ կաթողիկէ երեք համայնքներու հաւատացեալներու հետ։ Ապա կէսօրին այցելութիւն կը կատարէ Կիպրոսի յոյն օրթոտոքս եպիսկոպոսապետ Քրիսոստոմոս Բ-ին հետ եւ ճաշի անոր հիւրը կ'ըլլայ։
Իսկ յետմիջօրէին Նորին սրբութիւնը լատիներու ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ կը գլխաւորէ սուրբ պատարագը մասնակցութեամբ կղզիի կղերին, կրօնաւոր-կրօնաւորուհիներու եւ կրօնուսոյցներու։
Կիրակի, յունիս 6ին, Նորին Սրբութիւնը պատարագ կը մատուցանէ Նիքոզիայի մարզական կեդրոնը եւ որուն ընթացքին սիւնոդոսի թղթածրարը կը յանձնէ սիւնոդոսական հայրերու եւ ծիսակատարութեան աւարտին կիրակնօրեայ հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը կ'արտասանէ։ Ապա կ'ուղղուի առաքելական նուիրատունը ուր Միջին Արեւելքի պատրիարքներու ու սիւնոդոսի եպիսկոպոսական խորհուրդի հետ կը ճաշէ, մասնակցութեամբ յոյն օրթոտոքս եպիսկոպոսապետ Քրիսոստոմոս Բ-ի ։ Ժամը 16ին Նորին Սրբութիւնը կ'այցելէ մարոնիներու եկեղեցին եւ որմէ ետք օդակայան կ'ուղղուի, ուր ողջերթի արարողութենէն ետք Հռոմ կը մեկնի։
Նշենք թէ Կիպրոսը 1974էն ասդին երկու մասի բաժնուած է յունական եւ թրքական։ երկու համայնքները կանանչ գիծով բաժնուած են, հսկողութեամբ ՄԱԿի զինւորներու։
Յունական բաժինը մաս կը կազմէ եւրոմիութեան եւ որուն բնակչութեան 95 տոկոսը օրթոտոքս է։ Իսկ թրքական բաժինը մահմետական է։ Բացի Թուրքիայէն, ոչ մէկ պետութենէ ճանչցուած է։
2008ին Սան Էճիտիօ եկեղեցական շարժումը նոյեմբեր ամսոյն մէջ իր միջկրօնական հանդիպումը կազմակերպած էր։ Իսկ յառաջիկայ հոկտեմբեր ամսոյն մէջ Կիպրոսի մէջ կը գումարուի կաթողիկէ-օրթոտոքս համամիութենական աստուածաբանական խառն յանձնախումբի ժողովը։







All the contents on this site are copyrighted ©.