2010-05-25 13:22:11

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր աշխատանքային այցելութեամբ պիտի մեկնի Պելճիքա։
Նախագահ Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կը կազմեն արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, տնտեսութեան նախարար Ներսէս Երիցեան եւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնատարներ։ Սերժ Սարգսեան Պրիւքսելի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահ Հերման Վան Ռոմպուէի, Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ժոզէ- Մանուէլ Պարոզոյի, Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ, արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձր ներկայացուցիչ Քեթրին Էշթընի հետ։ Սերժ Սարգսեան հանդիպում պիտի ունենայ նաեւ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Անտերս Ֆոն Ռասմուսենի, Եւրոպական Յանձնաժողովի՝ ընդլայնման եւ դրացնութեան քաղաքականութեան հարցերով յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէի, առեւտուրի հարցերով յանձնակատար Քարել տէ Կուխթի, ինչպէս նաեւ տնտեսական եւ ելեւմտական հարցերով յանձնակատար Օլի Ռէնի հետ։ Պրիւքսելի մէջ Հայաստանի նախագահին պիտի հիւրընկալեն Պելճիքայի Ծերակոյտի նախագահ Արմանտ տէ Տեքեր եւ Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան նախագահ Ուիլֆրետ Մարտենս։ Հայաստանի Նախագահին գլխաւորած պատուիրակութիւնը Երեւան պիտի վերադառնայ 27 մայիսի երեկոյեան։
ԷԴՈՒԱՐԴ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ԿԸ ՄԵԿՆԱԲԱՆԷ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ՝՝Արմենփրես՝՝ լրատու գործակալութեան խնդրանքով մեկնաբանած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ընտրութիւնները՝ նշելով, որ համաժողովրդական ազատ, արդար ընտրութիւններու իբրեւ արդիւնք Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ ձեւաւորուած են կայուն քաղաքական հիմնարկներ, օրինական իշխանութիւններ՝ պետական կառավարման եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններ։ Ըստ Նալբանդեանի միջազգային հանրութիւնը պէտք է շահագրգռուած ըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին մէջ, գործ ունենալով Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին կողմէ ընտրուած իշխանութիւններուն հետ։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը ընդգծած է, որ 23 մայիսին կայացած ընտրութիւններով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան քաղաքացիները անգամ մը եւս ապացուցեցին ազատ եւ անկախ ապրելու իրենց վճռականութիւնը։՛
 ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՀԱՐԻՐԻ ՕՊԱՄԱՅԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀՈԼՈՎՈՅԹԸ։
Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան այցելեց Սպիտակ Տուն, ուր ան ընդունուեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի կողմէ։ Հանդիպումէն ետք վարչապետ Հարիրի մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ նախագահ Օպամայի հետ քննարկած է լիբանանեան բանակին զինուորական կարողութիւնները բարելաւելու եւ ամրապնդելու կարելիութիւնը, ինչպէս նաեւ շեշտած է, որ Լիբանան կառչած կը մնայ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին ործադրութեան,աւելցնելով, որ Լիբանան կը պահանջէ բռնագրաւուած իր բոլոր հողերուն ազատագրումը։
ԹՈՒՐՔ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ՀԱՍՏԱՏԵՑ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՎՐԱՅ ԽԱՉ ՏԵՂԱԴՐԵԼՈՒ ԼՈՒՐԸ ։
ՊՈԼԻՍ։ Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը Երկուշաբթի, Մայիս 24ին կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Էրթուղրուլ Կիւնայ յայտարարած է, թէ Թուրքիոյ իշխանութիւնները պաշտօնապէս արտօնած են Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ վրայ խաչի տեղադրումը։ Պոլսոյ հայոց Պատրիարքի տեղապահ Արամ եպս. Աթեշեան այս հարցին առնչութեամբ յայտարարած է, թէ իրենք խաչի տեղադրման գծով որեւէ պաշտօնական ծանուցում չեն ստացած առայժմս թրքական իշխանութիւններէն։ ՝՝Ցաւօք, ինչպէս մեզի պաշտօնապէս չծանուցուեցաւ եկեղեցիին մէջ պատարագ մատուցելու թոյլտուութեան մասին, նոյնպէս ալ որեւէ պաշտօնական ծանուցում չէ ուղարկուած խաչի տեղադրման առնչութեամբ։ Մենք այս զարգացումներուն մասին կը տեղեկանանք մամուլէն։ Սակայն այդ լուրը մեզ շատ կ՛ուրախացնէ՝՝ յայտարարած է ան։ Նշենք, որ Վանայ լիճի Աղթամար կղզիին վրայ գտնուող Սուրբ Խաչ եկեղեցիին մէջ Սեպտեմբեր 12ին նախատեսուած Ս. պատարագի մատուցման արարողութիւնը յետաձգուած է մէկ շաբաթով եւ տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 19ին, Թուրքիոյ մէջ նոյն օրը (12 Սեպտեմբերին) կայանալիք սահմանադրական բարեփոխումներու շուրջ հանրաքուէին պատճառով։
՝՝Հիւրրիյէթ՝՝ օրաթերթը կը նշէ, որ հանրապետական Թուրքիոյ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով է, որ կը թոյլատրուի Սուրբ Խաչի նման կարեւոր նշանակութիւն ունեցող եկեղեցիի մը վրայ խաչ տեղադրելը։
ԻՐԱՆ-ԹՈՒՐՔԻԱ-ՊՐԱԶԻԼ ։
Իրան մեծ պետութիւններուն եւ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան կոչ ուղղեց գործադրելու Թուրքիոյ եւ Պրազիլի հետ գոյացուցած իր համաձայնութիւնը։ Իրան երկուշաբթի օր Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան յանձնեց նամակ մը, որուն մէջ ներկայացուց իր ցած մակարդակի հարստացուած ուրանիոմը Թուրքիոյ մէջ պահ դնելով զայն հիւլէական վառելանիւթով փոխանակելու սկզբունքային համաձայնութիւնը, զայն կոչելով հիւլէական թղթածրարի տագնապի լուծման ուղղութեամբ մեծ յառաջդիմութիւն մը։ Իրանցի դիւանագէտներ ՝՝Էսոշիէյթըտ Փրեսին՝՝ յայտնեցին, որ նամակի յանձնումի հանդիպումին ներկայ եղած են նաեւ Թուրքիայէն եւ Պրազիլէն դիւանագէտներ։ Միւս կողմէ, Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ Իրանի դէմ պատժամիջոցներուն առնչութեամբ Ռուսիոյ՝ Ամերիկայի տուած զօրակցութենէն իր դժոհութիւնը յայտնեց։







All the contents on this site are copyrighted ©.