2010-05-25 13:18:37

2010 ՀԱՅ ԿՆՈՋ ՏԱՐԻՆ ։ Ի՞նչ Կը Սպասենք Հայ Կնոջմէն։


2010 ՀԱՅ ԿՆՈՋ ՏԱՐԻՆ ։ Ի՞նչ Կը Սպասենք Հայ Կնոջմէն։

Մայրութիւնը ո՛չ միայն մաս կը կազմէ կնոջ կազմախօսական դրութեան, այլ Աստուծոյ կողմէ տրուած նուիրական կոչում մըն է։ Հետեւաբար, պատասխանատուութեան խոր գիտակցութեամբ պէտք է կինը մօտենայ իր մայրական առաքելութեան, որ միայն աշխարհ զաւակ բերելու մէջ չի կայանար, այլ նաեւ ու մանաւանդ զաւկին եւ ամբողջ ընտանիքին բարոյական կրթութիւն ու ազգային ոգի ջամբելուն մէջ։ Հայ ընտանիքին սրբութեան պահպանումը՝ հոգեւոր, բարոյական ու ազգային իմաստով, հայ մօր առաջնահերթ ու սրբազան պարտաւորութիւնն է։ Ահա թէ ինչու մայրութիւնը մեր կեանքին մէջ միշտ եղած է հոմանիշ՝ գուրգուրանքով, սիրով, հոգածութեամբ լեցուն վերաբերմունքին։ Մայրութիւնը եղած է նաեւ ցուցանիշ հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներով ու աւանդութիւններով լեցուն կենցաղակերպի ու գործելակերպի։







All the contents on this site are copyrighted ©.