2010-05-24 13:16:10

Ակնարկ մը Ազգային ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ մը Ազգային ու Միջազգային Դէպքերուն։
ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԿԱՅԱՑԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ` ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ԱՇԽՈՒԺ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ։
Կիրակի23 մայիսին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ժողովուրդը մասնակցեցաւ 5-րդ նստաշրջանի Ազգային Ժողովի ընտրութիւններուն։ Արցախահայութիւնը մեծ խանդավառութեամբ եւ աշխուժութեամբ մասնակցեցաւ ընտրութիւններուն, ինչպէս որ հաղորդեցին հայրենի լրատուամիջոցները։
Վերջին տուեալներուն համաձայն, արդէն ընտրութեան մասնակցած էր շուրջ 95 հազար ընտրող՝ քուէարկութեան ընդհանուր պատկերը 66 առ հարիւրի մասնակցութիւն ներկայացնելով։ Մարտունիի եւ Հադրութի շրջաններուն մէջ զգալի եղած է յաւելեալ աշխուժ մասնակցութիւն Ազգային Ժողովի ընտրութիւններուն։
Նախագահ Բակօ Սահակեան այս առթիւ ընդունած է Միջազգային հասարակական քաղաքականութեան եւ իրաւունքի խումբի ամերիկացի եւ հոլլանտացի ներկայացուցիչները, որոնք դիտորդի դերակատարութեամբ Արցախ կը գտնուէին։ Նախագահը անոնց ներկայութիւնը կարեւոր նկատած է, որպէսզի ընտրութիւնները չքաղաքականացուին միջազգային մակարդակի վրայ։ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան հանդիպում ունեցած է նաեւ դիտորդներու մէկ պատուիրակութեան հետ, որուն մաս կը կազմէին Հարաւային Օսեթիոյ, Աբխազիոյ ներկայացուցիչները։ Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով Գերագոյն յանձնակատար Քեթրին Էշթոն երէկ յայտարարեց, որ Եւրոպական Միութիւնը չի ճանչնար սահմանադրական եւ իրաւական այն օրէնքները, որոնց հիման վրայ տեղի կունենան Լեռնային Ղարաբաղի ընտրութիւնները։
ՎՐԱՍՏԱՆ ԵՒ ԻՐԱՆ ՄՈՒՏՔԻ ԱՐՏՕՆԱԳԻՐՆԵՐՈՒ ԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՉԵՂԵԱԼ ՊԻՏԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՆ ։
Իրանի արտաքին գործերու նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Ռամին Մեհման Ֆարասթի յայտնած է, թէ Վրաստան ու Իրան երեք ամիսէն չեղեալ պիտի յայտարարեն երկու երկիրներու միջեւ մուտքի արտօնագիրներու դրութիւնը։ Ըստ անոր, Վրաստանի եւ Իրանի միջեւ մուտքի արտօնագիրներու դրութեան շուրջ բանակցութիւնները արդէն սկսած են եւ պիտի աւարտին երեք ամիսէն։ Միւս կողմէ Վրաստանի մէջ Իրանի դեսպանը, ըսած է, թէ երկու երկիրները կը բանակցին նաեւ Պաթումի մէջ իրանեան հիւպատոսարանի մը բացման շուրջ։ /a>

Մայիս 23-ի գիշերը «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ Վալենսիայէն վերադարձող Հայաստանի ծանրամարտի պատանեկան հաւաքականին դիմաւորելու պահուն , սրտի կաթուածով հանկարծամահ եղած է Հայաստանի ծանրամարտի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ, ՀՀ ֆիզկուլտուրայի և սպորտի վաստակաւոր գործիչ և մարզիչ, 51-ամեայ Գիւմրիցի՝ Աշոտ Մխիթարեանը:
ՍԵՐԺ ԱՎԵՏԻԿԵԱՆ ԱՐԺԱՆԱՑԱՒ «ՈՍԿԵԱՅ ԱՐՄԱՒԵՆԻԻ »
Երեկ երեկոյան Ֆրանսայի Քանն քաղաքին մէջ յայտնի դարձան կինոաշխարհի թերեւս ամենահեղինակաւոր մրցանակաբաշխութեան այս տարուայ մրցանակակիրներու անունները։ ՝՝Փոքր ոսկեայ արմաւենիին՝՝ այս տարի արժանացաւ ֆրանսահայ ռեժիսոր Սերժ Աւետիկեանը իր 15 րոպենոց «Շան պատմութիւնը » ֆիլմին համար։ Մրցանակը անոր յանձնեցին Ատոմ Էկոյեան ու Միշել Ռոտրիկեսը։ Անիմացիոն ֆիլմի իրադարձութիւնները կը զարգանան Օսմանյան Թուրքիոյ մէջ 1910թ., երբ կառավարութիւնը Կոնստանդուպոլսոյ 30 հազար փողոցի շուները բնաջնջելու նպատակով կը տեղափոխէ անոնք անմարդաբնակ կղզի մը ։ Սա թէեւ ուղղակիօրէն Ցեղասպանութեան մասին չէ, սակայն այդ իմաստով խորհրդանշական է։ Մրցանակը առնելով հայազգի կինոհանը ըսած է որ ՝՝ինքը ֆիլմեր կը պատրաստէ որպէսզի իր պապիկի պատմութիւնը չմոռցուի ու հասնի իր երախաներուն որոնք ծնած են Փարիզ։







All the contents on this site are copyrighted ©.