2010-05-23 13:56:40

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին պատարագը Պենտեկոստէի տօնին առթիւ


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին պատարագը Պենտեկոստէի տօնին առթիւ

Կիրակի մայիս 23, Հոգեգալստեան տօն, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը հանդիսաւոր պատարագ մատուցեց ս. Պետրոս տաճարին մէջ։ Ս. Գրային ընթերցումներէն անմիջապէս ետք Սրբազան Հայրը քարոզ մը արտասանեց բացայայտելով օրուան խորհուրդի իմաստը։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, Ս. Հոգւոյ գալստեան տօնակատարութեան օրը կանչուած ենք դաւանելու մեր հաւատքը Ս. Հոգւոյ ներկայութեան ու ներգործութեան եւ միաժամանակ կանչուած ենք հայցելու Ս. Հոգւոյ յեղումը մեր վրան, Եկեղեցւոյ ու համայն աշխարհի վրայ։ Իւրացնենք Եկեղեցւոյ ''Եկ Ս. Հոգի'' աղօթքը, այնքան պարզ եւ ինքնաբուխ ու միաժամանակ այնքան խորէն բխած Յիսուսի սիրտէն։

Ս. Հոգին արդարեւ, պարգեւն է որ Յիսուս խնդրեց եւ միշտատեւ կը խնդրէ Հօր Աստուծմէ իր բարեկամներուն համար։ Ս. Հոգին առաջին ու գլխաւոր շնորհքը որ ընդունեցաւ իր յարութենէն ու համբարձումէն ետք։

Քրիստոսի այս աղօթքը, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, կը գտնենք Յովհաննէսի Աւետարանի վերջին ընթրիքի պատմուածքին մէջ. ''եթէ կը սիրէք զիս, կ'ըսէ Յիսուս իր աշակերտներուն, պատուիրաններս կը պահէք։ Եւ ես պիտի աղաչեմ Հօրս, որ ուրիշ Մխիթարիչ մը տայ ձեզի, որպէսզի ձեզի հետ բնակի յաւիտեան''։

Ապա Նորին Սրբութիւնը դիտել տուաւ թէ Եկեղեցին կը ճանչցուի իր միութեան մէջ։ Անոր այսետոմսը իր տիեզերականութիւնն է։ Եկեղեցւոյ հաստատումէն սկսեալ` Պենետկոստէի օրը, Եկեղեցին կը խօսի զանազան լեզուներ։ Տիեզերական եկեղեցին կը կանխէ տեղական եկեղեցիները։ Անոնք պէտք են միշտ համակերպիլ ընդհանրական Եկեղեցւոյ, յանուն անոր միութեան ու տիեզերականութեան։ Եկեղեցին բնաւ չի կրնար ըլլալ գերին քաղաքական, ազգային ու մշակութային սահմաններու մէջ։ Եկեղեցին կարող չէ նոյնանալ պետութիւններու հետ, որովհետեւ անոր միութիւնը տարբեր սեռէ է, եղանակէ է եւ կը ձգտի գերազանցել մարդկային բոլոր սահմանները։ Հետեւաբար, դիտել տուաւ Սրբազան Հայրը ամէն անգամ որ անհատ մը, եղբայրութիւն մը կամ համայնք մը ինքնիր վրայ կը գոցուի նշան է որ հեռացած է Սուրբ Հոգիէն։ Քրիստոնեաներու ու տեղական եկեղեցիներու ընթացքը պէտք է միշտ համակերպի եւ ներդաշնակ ըլլայ ընդհանրական Եկեղեցւոյ հետ։



Նորին Սրբութիւնը դիտել տուաւ թէ Պենետեկոստէի օրը Ս. Հոգին յայտնուեցաւ լեզուի կրակի խորհրդանիշով։ Անոր կրակը իջաւ վերանատան մէջ համախմբուած բոլոր աշակերտներու վրայ։ Այսպէսով իրականացաւ Յիսուսի խօսքը. ''ես եկած եմ կրակ մը վառելու երկրի վրայ, որքան կը ցանկայի որ արդէն իսկ բորբոքէր''։ Աշակերտները զանազան հասարակութիւններու հաւատացեալներու հետ աստուածային այս կրակը տարածեցին աշխարհի չորս ծագերուն բանալով լուսաւոր նոր ուղի մը համայն մարդկութեան, համագործակցելով Աստուծոյ հետ, որ կ'ուզէ բարենորոգել երկրագունդին երեսը։ Այս կրակը կը վառի սակային չայրեր, ընդհակառակը ի յայտ կը դնէ լաւագոյն երեսը մարդուն, որ է փնտռտուքը ճշմարտութեան ու սիրոյ։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը եզրափակեց ըսելով. սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր ամէնքս կարիքը կը զգանք լսելու մեր Տիրոջ Յիսուսի սա խօսքը. ''մի վախնաք'' Պետրոս առաքեալի եւ այլ աշակերներու նման թող տանք որ Քրիստոսի ներկայութիւնը ու շնորհքը բարեփոխեն մեզ։ Գիտնանք բան մը կորսնցնել Աստուծոյ սիրոյն համար։ Ով որ Յիսուսի կը վստահի արդէն այս աշխարհի վրայ կը փորձարկէ խաղաղութիւնը ու սրտի ուրախութիւնը, որ աշխարհը կարող չէ մեզի տալ։ Հետեւաբար կ'արժէ մօտենալ Ս. Հոգւոյ կրակին, անոր այրուածքով պիտի բարեփոխուինք, եւ չի մոռնանք թէ առանց խաչի չկայ քրիստոնէութիւն։

Քաջալերուած Եկեղեցւոյ հետ աղօթենք. Եկ` Ս. Հոգի, լցո զսիրտս հաւատացելոց քոց - Եւ զհոգի սիրոյ քոյ բորբոքեա ի նոսա։ Առաքեա զհոգի քո եւ կազդուրեսցին - եւ նորոգեսցես զերեսս երկրի։ Աստուած որ սիրտս հաւատացելոց լուսով Հոգւոյն Սրբոյ լուսաւորեցեր, տուր մեզ նովին հոգւովն ճանաչել զուղիղն եւ մխիթարութեամբ նորա յամենայն ժամ ուրախ լինել, Տերամբ մերով Յիսուսի Քրիստոսի։

Պատարագին աւարտին Նորին Սրբութիւնը Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց եւ բոլոր ներկաներուն տուաւ իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.