2010-05-23 14:00:53

Նոր հրատարակութիւններ Կեանքը արժէքներով իմաստաւորել հեղինակ Արամ Ա. կաթողիկոս


Նոր հրատարակութիւններ Կեանքը արժէքներով իմաստաւորել հեղինակ Արամ Ա. կաթողիկոս

Հայ մարդուն կեանքը հունաւորող, արժէքներու հանդէպ անոր հայեցակէտը լուսաւորող, մնայունին հետեւող եւ գնայունը - վաղանցուկը վանող մտորումներով յագեցած հատոր մըն է Արամ Ա կաթողիկոսին խօսքերով ու գրիչով լոյս տեսած Կեանքը արժէքներով իմաստաւորել պատկառելի հրատարակութիւնը, լոյս տեսած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարանէն։



491 էջերէ բաղկացած գեղատիպ այս գիրքը կը բովանդակէ վեհափառ հայրապետին հինգ տարիներու ընթացքին (2004-2009) արտայայտած միտքերը, պատգամները, քարոզները, յորդորները տօնական օրերու, համագումարներու առիթով՝ հարցազըրոյցները։ Աստուածաբանական, քրիստոնէական սկզբունքներու վրայ հիմնուած հաւատալիքներու, հայկական մշակութային արժէքներու պահպանման առնչուած խորհուրդ-խրատներ արձանագրուած են հոն։



Հայաստան-Սփիւռք կապին ու փոխյարաբերութեանց կապակցութեամբ, համաըսփիւռքեան հարցերու քննարկում եւ արեւելում, նիւթեր ու թեմաներ, որոնք Արամ Ա կաթողիկոսին մտասեւեռումը եղած են։ Հայկական պահանջատիրութիւնը, Հայ դատը, երիտասարդութեան եւ ընտանիքներու հայեցի դաստիարակութիւնը, բարոյական բարձրութեան վրայ մնալու անհրաժեշտութիւնը արծարծուած են առանձին բաժիններով։ Ընթերցողը կանդրադառնայ հայկական կեանքը բնական հունի մէջ պահելու վեհափառին մտածումներուն, զգացումներուն, անշուշտ նաեւ՝ մտահոգութեան։



Ի՞նչ է եկեղեցին, ո՞վ է հայը եւ անոր անցեալը։ Ո՞ւր կերթայ հայը այսօր եւ ինչպիսի՞ գնացքով կամ առօրեայով կարժեւորէ իր հայութիւնը։ Ի՞նչ է հաւատքը, աւանդութիւնը, խօսքին ու գործին տարբերութիւնը։ Ի՞նչ է մեղքը, զոր հեղինակ հայրապետը կը բանաձեւէ չորս պարզ ու դիպուկ բառերով Մեղքը Աստուծոյ բացակայութիւնն է։



Համամարդկային սկզբունքներու վրայ հիմնուած բարոյագիտական դասեր ըլլալով հանդերձ, հայուն դիմագիծին ու վարքին անաղարտ պահպանման ուղեգիծ մըն է, որուն պէտք է հետեւի իւրաքանչիւր գիտակից հայ, որպէսզի գոյատեւէ հայը իր իւրայատկութիւններով, քրիստոնէական հաւատալիքներով, քրիստոսաւանդ պատուէրներով։



Վեհափառին ստեղծագործական արտայայտութիւնը ծանօթ է մեր ժողովուրդին եւ միջազգային անձնաւորութիւններու։ Այս պարագային, գրականութեամբ պարզաբանուած իր մտորումները ունին պատկերաւոր յղացք՝ օրինակներու եւ իմաստուն խօսքերու բարացուցական առկայութեամբ, գիրքը կը դառնայ գեղեցիկին ու ճշմարիտին, իրականութեան եւ պատմութեամբ փոխանցուած ապրումներու վաւերագրութիւն՝ պայծառ յստակութեամբ, առանց խրթնաբանութեան պատգամներ, որոնց ի լուր՝ կը խոնարհիս, իբրեւ մարդ կը տարուիս ինքնաքննարկումի՝ ջանալով վերականգնել շեղումներդ։ Կարդալով հատորը՝ աչքերուդ եւ մտածումներուդ դիմաց կունենաս յանցապարտի զգացողութիւն, որովհետեւ չես կրցած հետեւիլ քրիստոնէական փիլիսոփայութեան, սիրոյ, հաւատքի, յոյսի ըմբռնումներուն, ապրումներուն։ Կանդրադառնաս, թէ եղած ես անտարբեր՝ կրօնական, ազգային, ընտանեկան, հայրենասիրական պարտաւորութիւններուդ դէմ յանդիման, գուցէ ամչնաս պահանջուած պարզ ու պատշաճ կենցաղը պղտորելու ինքնասիրութենէդ։



Բարոյագիտութեան գրքունակ դասաւորումներ չեն կոթողային այս երկասիրութեան միտք բանին, այլ՝ ամէնօրեայ ինքնասրբագրումի յիշեցում, անդրադարձ մեղանչումներու եւ ներաշխարհիդ մէջ մեղայ մը շեշտադրելու։ Անխուսափելի է ընդհանրապէս մարդկային սխալը, յանցանքը, բայց երբ գիտակցիս գործած յանցանքիդ, ու երբ եկեղեցին զայն մեղք կը նկատէ, մարդանալու ձգտումդ փրկութիւն պիտի ըլլայ։ Ուղղակի կամ անուղղակի յորդորներ կը լսենք հատորը կարդալու միջոցին։ Առիթները բազմատեսակ են՝ կեանքին գունաւոր թելերու հիւսուածքով, մանկութենէն մինչեւ երիտասարդութիւն եւ հասուն տարիք։ Իւրաքանչիւր հանգրուան ենթարկուած է վերլուծումներու, որոնք գիտական հիմք ունենալով հանդերձ, ունին նաեւ բնազդային իմաստաւորում, ինչ որ կը կարօտի մաքրաջրումի, զտումի, թէ ո՛րն է ցորենը եւ ո՛րն է որոմը։ Ամբողջ կեանքը այս զատորոշման հետեւողութեամբ կը պայծառանայ, ապա թէ ոչ խաւարը կը տիրապետէ մեր շուրջը։ Այս երեւոյթը գեղեցիկ պատկերացումով յայտնաբերած է հեղինակ վեհափառը, երբ կը բացատրէ լոյսին թափանցումը մեր հոգիներէն ներս, դիմելով մեր սուրբ հայրերուն գրական ժառանգութեան՝ շարականներու եւ մեղեդիներու ներգործութեամբ։



Լոյս, արարիչ լուսոյ, առաջին լոյս Այնքան գեղեցկութիւն լուսաբանող են այս բառերը, որոնք կը դադրին բառեր ըլլալէ, երբ վերլուծումը կը կատարուի լոյս հասկացողութեան։ Աստուածաբանական միտքը եւ զայն ըմբռնելի մատուցումով ներկայացնելու հնարքը կը տեսնենք իբրեւ ընթերցող, որովհետեւ գրութիւնը կարդալը եւ խօսքը բերանացի լսելը տարբեր տրամադրութիւն կը ստեղծեն։ Աստուածային ստեղծագործութիւնը բացատրութեան կը կարօտի կամ ոչ, նոյնիսկ կոյր հաւատքով հաւատարմութիւն յայտնելու վիճակները եւս ունին իրենց ազդեցութիւնը։



Անհասկնալին, անմեկնելին մեկնաբանելով՝ Արամ Ա կաթողիկոս մատչելի գրականութեան հայրն է եղած, մեզի յանձնելով գանձարան մը, որ կեանքը դիւրութեամբ ընկալելու, դժուարութիւնները հաւատքին դիմադրականութեամբ տանելի դարձնելու գաղտնիքը կը սորվեցնէ։ Կեանքին դասագիրքն է, Կեանքին արժէքներով իմաստաւորել իմաստութեան այս աշխատասիրութիւնը, որ տրամադրուած է բոլորիս, երիտասարդին թէ տարեցին, այր կամ կին դասուն, հարուստին եւ չքաւորին, ուսեալին եւ համեստ ուսման տէր հայուն։



Կեանքը սկզբունքներ ունի, պատշաճ եւ անպատշաճ երեւոյթներ, չարն ու բարին զատորոշելու հայեացք, ազգայինը եւ ապազգայինը տարբերելու առողջ գիտակցութիւն, բնութիւնը յարգելու իմաստութիւն, մեր պարագային՝ հայկականը, հայրենիքը բարձր դասելու պայծառ զգացողութիւն, անցեալը ներկային կամրջելու եւ դէպի ապագայ անշեղ ընթացքով յառաջանալու ուղիղ երթ։ Այս ամէնուն մասին քաղուածքներ կատարեցինք եւ իբրեւ ընթերցող՝ արձանագրեցինք մեր համեստ տեսակէտները այս ազզապատումի մասին։



Բերք մը՝ հնգամեայ հունձքով հասունցած, մեզի կը մնայ վայելել այս հարուստ քաղհանը։








All the contents on this site are copyrighted ©.