2010-05-23 14:04:30

Լուրեր հայկական կեանքէն -


Լուրեր հայկական կեանքէն -

23 ՄԱՅԻՍԻՆ ՏԵՂԻ Կ՛ՈՒՆԵՆԱՅ ԱՐՑԱԽԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ

23 մայիսին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ տեղի պիտի ունենան Ազգային ժողովի ընտրութիւնները։ Համամասնական 17 աթոռներու համար կը պայքարին Ազատ Հայրենիք, Արցախի ժողովրդավարական, Լեռնային Ղարաբաղի համայնավար եւ ՀՅ Դաշնակցութիւն կուսակցութիւնները։ Մեծամասնական ընտրահամակարգով կը նախատեսուին 16 աթոռներ, որոնց համար կը պայքարին 40 թեկնածուներ։

Ընտրութիւնները տեղի կ՚ունենան ժամը 8։00-էն 20։00 (Լեռնային Ղարաբաղի ժամանակացոյցով), 273 ընտրական կեդրոններու մէջ, որոնցմէ մէկը՝ Երեւանի մէջ։

Ընտրութիւններուն նախնական արդիւնքները կ՚ամփոփուին եւ կը վաւերացուին 24 մայիսին։

Ընտրութիւններուն դիտորդի առաքելութիւն կատարելու նպատակով արդէն Լեռնային Ղարաբաղ կը գտնուին Արժանթինէն, եւրոպական կարգ մը երկիրներէ եւ Հայաստանէն դիտորդներ։

15 ՄԱՅԻՍԻՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՀՆՉԵՑ ԳԱՐԻ ՔԷՕՍԱՅԵԱՆԻ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

15 մայիսին Ալ Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ տեղի ունեցած է համերգ, ուր առաջին անգամ հնչած են երգահան Գարի Քէօսայեանի ստեղծագործութիւնները։ Համերգին ներկայացուած են երաժշտահանին ճազ-ստեղծագործութիւնները, դասական երաժշտութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ Ֆրանց Վերֆելի Մուսա լերան 40 օրը վէպին բեմականացման համար գրուած համանուագը։ Երաժշտահանին հետ ելոյթ ունեցած է պետական երիտասարդական նուագախումբի գլխաւոր խմբավար Սերգէյ Սմբատեանը։ Հիւրաբար համերգին ներկայ գտնուած է ամերիկացի երգչուհի Ինտեան, որ բազմիցս հիացուցած է հայ հանդիսատեսը՝ ճազի կատարման իր արուեստով։ Լոս Անճելըս Թայմզ թերթին մէջ նշուած է, որ Գարի Քէօսայեանի երաժշտութիւնը թարմ շունչ է ճազի մէջ։ Ան կօգտագործէ նոր ներդաշնակող լուծումներ եւ նորայայտ մեթոտներ։ Գ Քէօսայեանի երաժշտութիւնը ունկնդիրը հաղորդակից կը դարձնէ գեղեցիկին եւ յաւերժին՝ մնալով միշտ թարմ եւ նոր։ Գարի Քէօսայեանի առաջին Քեզ համար անուանումով ալպոմը հրապարակուած է 1998-ին, որ դարձած է տարուան լաւագոյն ճազ-ալպոմը, իսկ երաժիշտը՝ Միացեալ Նահանգներու լաւագոյն ճազ երաժիշտը։








All the contents on this site are copyrighted ©.