2010-05-22 13:48:00

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը
Երկուշաբթի յունիս 24ին Նորին Սրբութիւնը առաւօտեան ժամը 10.30ին պիտի այցելէ Հռոմի ''Տոն Օրինոնէ'' եկեղեցական կեդրոնը, որ կը գտնուի Մոնոթէ Մարիօ բլուրին վրայ, օրհնելու ս. Կոյս մարիամին 9 մեդրնոց արձանը, որմէ ետք Սրբազան Հայրը պիտի այցելէ այդ շրջանի տոմենիքեան միաբանութեան փակեալ կրօնւորուհիները։ Յայտնենք թէ այդ մենաստանին մէջ կը պահուին Ս. Կոյս Մարիամի 7-րդ դարէն պահուած սրբանկարը, ինչպէս նաեւ սուրբ Տոմենիքոսի եւ սրբուհի Կատարինէ սիենացիի մասունքները։
Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը մայիս 20ին ընդունեց Մոնկոլիայի նոր դեսպանը` տիար Օրկիլ, հաւատարմագրերու ներկայացումին համար։ Սրբազան Հայրը իր ուղղած ճառով գնահատեց Մոնկոլիայի կառավարութեան տածած աշխատանքը կրօնական ազատութեան ի խնդիր եւ ցուցաբերած նեցուկը քրիստոնեայ փոքր հասարակութեան։ Սրբազան Քահանայապետը նոր դեսպանին երաշխաւորեց տեղւոյն կաթողիկէ եկեղեցւոյ կամքը սատարելու երկրի հասարակաց բարիքին լիովին բաժնելով ազգին կեանքը։ Մոնկոլի կաթողիկէ եկեղեցին դիտել տուաւ Նորին Սրբութիւնը, կ'աշխատի համայն հասարակութեան բարիքին համար. նոյնպէս կ'ուզէ սատարել մտաւորական ու մարդկային կազմութեան ի նպաստ, մասնաւորապէս դաստիարակելով նոր սերունդը յարգանքի, զօրակցութեան եւ կարօտեալներու օգնութեան արժէքներու։
Երանացում Աստուծոյ աղախին Թերեզա Մանկանիելլոյի
Շաբաթ մայիս 22, գերապայծառ Անճելօ Ամաթօ` կառավարիչը սուրբերու դատի ժողովին, կը գլխաւորէ երանացման ծիսակատարութիւնը, յանուն Սրբազան Քահանայապետի, Իտալիոյ Պենեվենեթօ քաղաքի պազելիքային մէջ, երեկոյեան ժամը 4-ին։ Նոր երանուհին ծնած է մէկ յունուար 1849ին քրիստոնեայ ծնողքէ։ Փոքրիկ հասակին ինքզինք տուած է եղբայրօգնութեան եւ մասնաւորապէս հիւանդներուն, ամէնուն մէջ տեսնելով Աստուծոյ դիմագիծը։ 1870ին կրօնաւորական ուխտերը կը կատարէ ֆրանչիսքեան միաբանութեան մօտ։ Ան իր բոլոր կեանքը նուիրեց օգնութեան հասնելով որբերուն, հիւանդներուն եւ կարօտեալներուն։ ՄԻնչ կը պատրաստուէր նոր միաբանութիւն մը հիմնելու թոքախտէ կը բռնուի եւ երկու տարիէն կը մահանայ 4 նոյեմբեր 1876ին։







All the contents on this site are copyrighted ©.