Ասկէ մի քանի տասնեակ տարիներ առաջ, երբ մէկը Փոմփէյ քաղաքն
այցելէր, ուրիշ բան չէր գտներ եթէ ոչ աւերակոյտ մը, մէկ մասով ծածկուած հողով, իսկ մեծ
մասը քարերու կոյտեր:
Քիչ մը հեռուն չորս հինգ տուներ կը կազմէին Փոմփէյի հիվիտին
գիւղը, ուր կը թագաւորին խեղճութիւնն ու տգիտութիւնը:
Հոս Տոմինիկեան վարդապետ
մը, նպատակ ունենալով քաջալերանք ներշնչել պարզ ու աշխատութենէ տառապող հոգիներուն, հնավաճառէ
մը գնեց Տիրամօր նկար մը, որ կ’արժէր միայն չորս լիր: Զայն կախեց գիւղին կիսակործան մատուռին
մէջ, որպէսզի արծարծէ Վարդարանի Ս. Կոյսին ջերմեռանդութիւն:
Անոր եռանդուն եւ
հոգելից խօսքերը պտղաբերեցին բեղուն սերմերու պէս եւ այնքան բարեպաշտութիւն արթնցուցին,
որ քիչ ժամանակի մէջ այդ աղքատիկ մատուռին տեղ կարելի եղաւ կանգնել սքանչելի Սրբատեղի
մը:
Հազարաւոր ուխտաւորներ Փոմփէյ վազեցին, ոչ այլեւս միայն անոր պատմական աւերակները
տեսնելու, այլեւ Վարդարնի Աստուածամօրմէ շնորհքներ խնդրելու համար:
Եւ Փոմփէյի
Տիրամօր ջերմեռանդութիւնը տարածուեցաւ ոչ միայն Իտալիոյ, այլ բոլոր աշխարհի վրայ:
Անոր
հրաշքները անթիւ են: Փոմփէյի Տիրամօր պատկերները ամէնուրէք շնորհքներ կը տեղացնեն եւ
ամէն իննօրեայ իր հրաշալի պտուղը կը բերէ:
Այսպէս Պիզայի մէջ հետեւեալ հրաշքը
տեսնուեցաւ:
Երկու գիւղացիներ բժշկական քննութեան համար հիւանդանոց տարած էին
իրենց մանչուկը, որու սրունքը երեք տեղէ կոտրած էր: Բժիշկը վճռաբար յայտարարած էր.
-Պէքտ
է համոզուիք, որ ձեր զաւակը այլեւս պիտի չկարենայ քալել երբէք:
Սրտներնին կոտրած,
մտան Փոմփէյի Աստուածամօր նուիրուած մատրան մը մէջ եւ հետերնին տարած էին իրենց մանչուկը,
յատուկ կառքով մը: Եռանդուն եւ հաւատքով աղօթեցին…
Յանկարծ փոքրիկը ոտքի ցատկեց
եւ առանց կաղալու քալեց, վազեց իր ծնողներուն գիրկը:
Ասոնք սարսափած, սկսան լալ
ուրախութենէն ու գոչեցին.
-Շնորհակալ ենք Տիրամայր, շնորհակալ ենք:
Հիւանդանոցի
աւագ բժշկապետը հրաշք յայտարաեց այս անակնկալ բուժումը: