2010-05-21 13:44:14

Լուրեր հայկական կեանքէն


Մայիս 17-ին Հայաստանի ու Պելառուսի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիաներու միջեւ ստորագրուեցաւ համագործակցութեան համաձայնագիր։

Նախագահ Սարգսեան ողջունելով հիւրը ըսաւ, որ հայ-պելառուսական գիտական կապերը լուրջ պատմութիւն ունին եւ ընդգծեց. ՜՜Գիտական ոլորտում մեր երկու երկիրների գիտութիւնների ակադեմիաների դեռ եւս խորհրդային տարիներին յաջող համագործակցութեան մասին յիշում ենք բոլորս։ ԽՍՀՄ փլուզումից յետոյ, ցաւոք, այդ կապերը խզուեցին, սակայն յուսով եմ, որ այժմ մենք համագործակցութեան նոր սկիզբ ենք նախանշում՝՝։

Հայ Լուսանկարիչներու ցուցահանդէս Սուրիոյ մէջ։

Հալէպի համալսարանին մէջ հայկական մշակոյթի շաբթուան ձեռնարկներու ծիրէն ներս , Սուրիոյ ազգային ուսանողական միութեան Հալէպի մասնաճիւղին եւ Հայ ուսանողական միութեան միացեալ ջանքերով, վերջերս տեղի ունեցաւ Հալէպը եւ անոր արուարձանները՝ հայ լուսանկարիչներու աչքերով, խորագիրը կրող լուսանկարչական ցուցահանդէս մը։

Ներկայացուած էին Հալէպի՝ 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու սկզբնաւորութեան հին թաղամասերն ու փողոցները։ Լուսանկարներուն մէջ կարտացոլար քաղաքին ընկերային եւ առեւտրական կեանքը, պատմամշակութային տուները, յուշարձանները, հին շուկաները, պատմական մզկիթներն ու ժողովրդական տարազը ներկայացնող լուսանկարներն ու գիւղական համայնապատկերը։



Անի Միութեան հիմնադրութեան 30-ամեակը Իրանի մէջ։

Հայ կին միութեան կից Սարդարապատ քաղաքամասին մէջ գործող Թեհրանի Անի միութեան նախաձեռնութեամբ, Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ կից սրահին մէջ նշուած է ՜՜թէ Մայրերու օրը եւ թէ Անի միութեան հիմնադրութեան 30-ամեակը՝՝։

Խօսք առնելով միութեան նախագահը՝ Նազիկ Մանասեան ներկայացուցած է միութեան հիմնադրութեան նպատակները, անցեալի գործունէութիւնը եւ ապագայ ծրագիրները։

Օրուան բանախօսը՝ վաստակաւոր ուսուցչուհի Յասմիկ Խաչատուրեան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուցած է ՜՜Կիներու միջազգային օր՝ 8 մարտի եւ երջանկայիշատակ Ամենայն հայոց Վազգէն Ա. կաթողիկոսի կողմէն որպէս Հայ մայրերու օր հռչակուած 7 ապրիլի պատմականները՝՝ ապա անդրադարձած հայոց պատմութեան տարբեր ժամանակահատուածներուն մէջ նշանակալից դերակատարութիւն ունեցած շարք մը հայ Կիներու սխրագործութիւններուն։ Այնուհետեւ գործադրուած է գեղարուեստական յայտագիր։ Ձեռնարկի ընթացքին, որպէս յարգանքի արտայայտութիւն, յուշագիրներ յանձնուած են Իրան-Իրաք պատերազմին զոհուած՝ քաղաքամասի նահատակ զինուորներ՝ Զօրիկ Մուրատեանի մօր եւ Նորիկ Բաբախանեանի եղբօր կնոջ։ Հուսկ բանքը արտասանած է քաղաքամասի ծխատէր Մաշտոց քհնյ. Խաչատուրեան որ նաեւ օրհնութեան խօսք ուղղած՝ ՜՜Հայ Մայրերուն՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.