2010-05-21 13:43:15

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԱՐԺԱՆԹԻՆԻ ՆՈՐ ՆՇԱՆԱԿՈՒԱԾ ԴԵՍՊԱՆԸ ԻՐ ՀԱՒԱՏԱՐՄԱԳԻՐԸ ԿԸ ՅԱՆՁՆԷ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳԵԱՆԻՆ ։
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին իր հաւատարմագիրը յանձնած է Հայաստանի մէջ Արժանթինի նոր նշանակուած դեսպանը՝ Միկել Անխել Քունէօ։ Հայաստանի նախագահը շնորհաւորած է դեսպանը, նաեւ նշած է, որ Հայաստան մեծ կարեւորութիւն կու տայ Արժանթինի հետ յարաբերութիւններուն եւ շահագրգռուած է զանոնք զարգացնելով։ Ան նաեւ գոհունակութիւն յայտնած է այն մասին, որ երկկողմանի յարաբերութիւնները հիմնուած են փոխադարձ վստահութեան վրայ։ Նախագահ Սարգսեան յոյս յայտնած է, որ նոր նշանակուած դեսպանը դրական ներդրում կունենայ այս իմաստով։ Դեսպանը իր կարգին նշած է, որ Հայաստանի եւ Արժանթինի միջեւ երկկողմանի յարաբերութեան խոր եւ վստահելի ըլլալուն փաստն է շրջանին մէջ Արժանթինի առաջին դեսպանատան հիմնումը՝ Երեւանի մէջ։Նշենք որ այսօր 21 մայիս դեսպանատան պաշտօնական բացումը տեղի կ՝ունենայ ։ Հանդիպումին ընթացքին հիմնական նկատուած է առեւտրական եւ տնտեսական մարզերուն մէջ համագործակցութեան ծիրին ընդարձակումը։ Ընդգծուած է նաեւ արժանթինահայ համայնքին ներդրումը՝ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման իմաստով կողմերը հաստատած են, որ արժանթինահայութիւնը իւրայատուկ կամուրջի դեր կը կատարէ երկու երկիրներուն միջեւ։
ՊԱՆ ՔԻ ՄՈՒՆ ԱՅՍՕՐ ԹՈՒՐՔԻԱ ԿԵՐԹԱՅ ։
՝՝Ազատութիւն՝՝ ձայնասփիւռի կայանին համաձայն ՝՝Անատոլու՝՝ լրատու գործակալութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն յայտարարած է, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացումը պիտի նպաստէ շրջանային կայունութեան հաստատման։ ՝՝Ես գիտեմ, որ երկու երկիրները անցեալէն ժառանգուած խնդիրներ ունին։ Սակայն շրջանին մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցող այս երկու պետութիւններուն՝ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ դրական ու ներդաշնակ յարաբերութիւններու ձեւաւորումը մեծապէս կը նպաստէ շրջանին մէջ կացութեան կայունացման եւ երկու ժողովուրդներուն միջեւ համագործակցութեան զարգացման, (դիտել տուած է Մուն)։
ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆԻ ՅՈՒՇԱԴԱՄԲԱՆ ՊՈԼՍՈՅ ՄԷՋ (Մարմարա»)- Շաբաթ օրը Մայիս 22ի յետմիջօրէն, Պոլսոյ Շիշլի թաղի Հայոց գերեզմանատան մէջ խումբ մը ազգայիններու նախաձեռնութեամբ ու Շիշլիի քաղաքապետութեան օժանդակութեամբ, պիտի կատարուի հայ բանաստեղծութեան իշխան Դանիէլ Վարուժանի խորհրդանշական շիրիմին բացումը։ Այն որ պիտի բացուի Շաբաթ օր Շիշլիի մէջ, պիտի ամբողջացնէ պակասը ու պիտի դառնայ խորհրդանշական դամբարան այն բանաստեղծին համար, որ երգեց «Ցեղին սիրտն» ու «Հացին երգը»։Տաղանդաւոր բանաստեղծը, բազմաթիւ նահատակ գրագէտներու կողքին, զոհ գացած էր Հայկական Ցեղասպանութեան, ու մէկն էր անոնցմէ, որոնք գերեզման չունեցան։
ՌՈՒՍԻԱ ։Ռուսական 25 կազմակերպութիւններ Անգարայի կոչ կ'ուղղեն ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Նախարար Նալպանդեան կը յայտնէ, թէ վերջին շրջանին թրքական կողմի կատարած յայտարարութիւնները բացարձակ ՝՝սուտ" են։
ԱԶՐՊԷՅՃԱՆՑԻՆԵՐԸ ԿԸ ԲՈՂՈՔԵՆ ՄԱԿ-ԻՆ ։
Ազրպէյճանի կառավարութեան թելադրանքով, ՄԱԿ-ի մօտ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչ Աղշին Մեհթիեւ նամակ մը յղած է ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին եւ Ապահովութեան խորհուրդին՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կայանալիք ընտրութիւններուն առնչութեամբ։ Ան նշած է, որ Հայաստան իրեն կապուած անջատողական վարչակարգի միջոցով 23 մայիսին Ազրպէյճանի բռնագրաւուած տարածքին մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններ պիտի կատարէ։ Նամակին մէջ անդրադարձ կատարուած է այն մասին, որ Հայաստան բացէ ի բաց չի յարգեր ՄԱԿ-ի կանոնակարգը, միջազգային իրաւունքի սկզբունքները, նաեւ՝ Ազրպէյճանի սահմանադրութիւնն ու ազգային օրէնսդրութիւնը եւ ընտրութիւն կ՝իրականացնէ Ազրպէյճանի Լեռնային Ղարաբաղի շրջանին մէջ։ Նման պայմաններու մէջ ընտրութեան կայացումը անօրինական եւ անընդունելի նկատելով՝ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչը կոչ կուղղէ ՄԱԿ-ին՝ դատապարտելու ՝՝ոչ-օրինական ընտրութիւնները՝՝։







All the contents on this site are copyrighted ©.