2010-05-20 13:33:30

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը


Ուրբաթ 21 Մայիս 2010, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, պիտի ընդունի Տոմենիքեան հանրապետութեան նախագահը` տիար Լեոնէլ ֆերնանտես։

56ամեայ նախագահ՝ ֆերնանտես մտաւորական մըն է եւ փաստաբան։ Ան երրորդ անգամուան համար նախագահ կ'ընտրուի։

Իսկ Շաբաթ օրը՝ 22 Մայիսին, Նորին Սրբութիւնը պիտի ընդունի Պուլկարիոյ նախարարապետը՝ Պոյքօ Պորիսով որ առաջին անգամն է որ Վատիկանը կ'այցելէ։ ։ Նախարարապետ՝ Պոյքօ Պորիսով 50 տարեկան է, նախապէս եղած է զօրավար, ապա քաղաքապետ Սոֆիայի։ Ան Հոոմ եկած է մասնակցելու Սուրբ Մեթոտիոս եւ Կիւրեղ եղբայրներու տարեկան տօնակատարութեան։



Աշխարհականներու քահանայապետական խորհուրդի լիանիստ գումարը Հռոմի մէջ` ՜՜Քրիստոսի վկաներ քաղաքական հասարակութեան մէջ՝՝ նիւթին մասին։

Մայիս 20-22 Հռոմի մէջ տեղի կ'ունենայ Աշխարհականներու քահանայապետական խորհուրդի 24-րդ լիանիստ գումարը, որուն ընթացքին ժողովականները փոխանակեցին իրենց փորձառութիւններն ու առաջարկները հայող՝ ՜՜Քրիստոսի վկաներ քաղաքական հասարակութեան մէջ՝՝ նիւթին։ Սրբազան Քահանայապետը այդ նիւթին մասին յաճախ խօսած է եւ ընդգծած՝ ՜՜հարկաւորութիւնը կաթողիկէ քաղաքագէտներու վերանորոգ յանձնառումին՝՝ քաղաքական կեանքին մէջ։ Իր բացման խօսքին մէջ, կարտինալ Սդանիսլաւ Ռիլքոն ժողովականներէն խնդրեց խորացնել հետեւեալ երեք թեմաները. քաղաքականութիւնը եւ հանրավարութիւնը այսօր, Եկեղեցի եւ քաղաքական հասարակութիւնը, ու Հաւատացեալ աշխարհականներու պատասխանատուութիւնը քաղաքականութեան մէջ։

Նշենք թէ ժողովականները մայիս 21ին հանդիպում պիտի ունենան Սրբազան Քահանայապետին հետ








All the contents on this site are copyrighted ©.