2010-05-20 13:34:30

 Լուրեր հայկական կեանքէն


Սպեղանի երգչախումբը ձայնագրած է Ղարաբաղի պատերազմի զոհերու յիշատակին նուիրուած ձայնասկաւառակ մը։

Երեւանի մէջ 11 մայիսին տեղի ունեցած է Սպեղանի երգչախումբին Սուրբ պատարագի երգեցողութիւնը Կոմիտասի մշակումով ձայնասկաւառակին շնորհահանդէսը։ Ձայնասկաւառակը ձայնագրուած է հայ անուանի երգահան Կոմիտասի ստեղծագործութիւններու ժողովածուի 7-րդ հատորին հիման վրայ՝ երաժշտագէտ Ռոպերթ Աթայեանի խմբագրութեամբ։ Ձայնասկաւառակը նուիրուած է Ղարաբաղի զոհերու յիշատակին։ Նշենք, որ ձեռնարկին կարգախօսը եղած է հայ գրող Գրիգոր Նարեկացիի ՜՜Սպեղանիք զօրաւորք վիրաց անբժշկականաց, դեղք ազդողականք, ցաւօք անտեսականաց՝՝ ասոյթը։ Սպեղանի երգչախումբը հիմնուած է 1996-ին. մասնակցած է շատ մը միջազգային փառատօներու, ինչպէս նաեւ մէկ բեմի վրայ ելոյթ ունեցած է Հայաստանի մշակոյթի անուանի գործիչներու հետ ինչպէս Հայաստանի մէջ, այնպէս ալ անոր սահմաններէն դուրս։ Սպեղանի երգչախումբը ելոյթներ ունեցած է նաեւ Իտալիոյ մէջ, յատկապէս նաեւ Հռոմի մէջ, ուր ընդունուած է Լեւոնեան վարժարանի եւ Հռոմի Հայ Համայնքի խորհուրդի կողմէ։ Երգչախումբին հիմնադիրը, գեղարուեստական ղեկավարը եւ խմբավարն է Սարինա Աւթանդիլեան ։



Երեւան-Համերգ երգահան Գարի Քէօսայեանի :

Երեւանի Ալ Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ 15 մայիսին տեղի ունեցած է համերգ մը որու ընթացքին առաջին անգամ հնչած են երգահան Գարի Քէօսայեանի ստեղծագործութիւնները։ Համերգին ներկայացուած են երաժշտահանին ճազ-ստեղծագործութիւնները, դասական երաժշտութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ Ֆրանց Վերֆելի Մուսա լերան 40 օրը վէպին բեմականացման համար գրուած համանուագը։ Երաժշտահանին հետ ելոյթ ունեցած է պետական երիտասարդական նուագախումբի գլխաւոր խմբավար Սերգէյ Սմբատեանը։ Հիւրաբար համերգին ներկայ գտնուած է ամերիկացի երգչուհի Ինտեան, որ բազմիցս հիացուցած է հայ հանդիսատեսը՝ ճազի կատարման իր արուեստով։ Լոս Անճելըս Թայմզ թերթին մէջ նշուած է, որ Գարի Քէօսայեանի երաժշտութիւնը թարմ շունչ է ճազի մէջ։ Ան կօգտագործէ նոր ներդաշնակող լուծումներ եւ նորայայտ մեթոտներ։ Գ Քէօսայեանի երաժշտութիւնը ունկնդիրը հաղորդակից կը դարձնէ գեղեցիկին եւ յաւերժին՝ մնալով միշտ թարմ եւ նոր։ Գարի Քէօսայեանի առաջին Քեզ համար անուանումով ալպոմը հրապարակուած է 1998-ին, որ դարձած է տարուան լաւագոյն ճազ-ալպոմը, իսկ երաժիշտը՝ Միացեալ Նահանգներու լաւագոյն ճազ երաժիշտը։








All the contents on this site are copyrighted ©.