2010-05-19 12:49:58

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի օրուայ ընդհանուր ունկնդրութիւնը.


՜՜Առաքելական ճամբորդութեան մը տպաւորութիւնները՝՝

Չորեքշաբթի 19 մայիս 2010, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներու։ Սրբազան Քահանայապետը, այսօր անդրադարձաւ Փորթուկալ կատարած իր առաքելական ճամբորդութեան։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Անցեալ շաբաթ առաքելական ճամբորդութիւն մը կատարեցի Փորթուկալ, երկիր մը խորապէս դրոշմուած քրիստոնէական հաւատքով։

ֆադիմա գացի որպէս ուխտաւոր ուխտաւորներու միջեւ։

Հոն ուզեցի յայտնել իմ երախտագիտութիւնս Տիրամօր, որ մեծ սէր հաղորդեց Ս. Պետրոսի յաջորդին, հովիւներուն եւ ուխտաւորներուն։

Տիրամօր ներկայացուցի աշխարհի ցաւերն ու ուրախութիւնները եւ անոր Անարատ սրտին նուիրագործեցի բոլոր քահանաները։ Նոյնպէս մասնակցեցայ Ս. վարդարանի աղօթքին ի պատասխան անոր խնդրանքին։

Ապա Նորին Սրբութիւնը ըսաւ . ՜՜13 մայիսին, Տիրամօր առաջին երեւումին օրը, պատարագին ընթացքին հրաւիրեցի անթիւ անհամար հաւատացեալները, որ Տիրոջ մէջ ցնծան Անոր գթարատ սիրոյն համար, ներկաներուն յիշեցնելով թէ Ս. Կոյս Մարիամի պատգամը կեդրոնացած էր աղօթքի, ապաշխարութեան ու դարձի վրայ։ Արդարեւ դիտել տուաւ Սրբազան հայրը ֆադիման հաւատքի ու յոյսի դպրոց մըն է, ուր ամէն անհատ կարող է սորվիլ նուիրուելու արժէքը ։

Այս ուտագնացութիւնը ինծի համար եղաւ յուցումնալից, հարուստ եւ անմոռանալի փորձառութիւն մը։

Սիրելիներ, ամէնքս ուխտաւոր ենք այս երկրի վրայ, ինչպէս կը յիշեցնէ մեզի Տիարամայրը, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը հետեւելով Փորթուկալ ուխտագնացութեան բնաբանին. ''Քեզի հետ կ'ընթանանք դէպի յոյսը։ Իմաստութիւն եւ առաքելութիւն'' աղօթքս է որ ամէն օր յառաջանանք յոյսին մէջ եւ առաջնորդուինք բարձրեալի Իմաստութենէն, մարդացած Յիսուս Քրիստոսի մէջ։ Հուսկ Նորին Սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը եզրափակեց ըսելով. ՜՜ կ'ուզեմ շնորհակալիութիւնս յայտնել ձեր բոլորին աղօթքին համար, որ ընկերացաւ ինծի ճամբորդութեանս ընթացքին՝՝։

Այս խորհրդածութեան աւարտին, Նորին Սրբութիւնը, զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները խնդրելով անոնցմէ որ իրենց աղօթքներուն մէջ Անոր մայրական հովուանաւորութիւնը հայցեն բոլոր քահանաներուն վրայ։

՜՜Թող Աստուած ամէնքդ օրհնէ՝՝։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը քաջալերական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն, յիշեցնելով որ կը գտնուին Հոգեգալստեան իննօրեային մէջ։ Սիրելիներ հնազանդինք Ս. Հոգւոյ ներշնչումին ու ներգործութեան, որ մեզի տրուեցաւ կնունքի օրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.