Շատ վարպետ աճպարար մը, վտանգաւոր խաղի մը ժամանակ վիզին վրայ
ինկաւ եւ քիչ մնաց որ մեռնէր: Խորհեցաւ որ եթէ այդ հարուածին տակ մեռնէր՝ ծանր մեղքերով,
անդիի աշխարհ պիտի երթար եւ դժոխք գահավիժէր, անոր համար ուխտ ըրաւ Աստուածամօր, թողուլ
այս ասպարէզը եւ նուիրուիլ Ս. Կոյսին: Բոլոր գործիքները ծախեց ու պարապ ձեռքով, բայց
լեցուն հաւատքով բախեց ամենամօտ վանքին դուռը: -Տղաս, ըսաւ Աբբահայրը, ի՞նչ կրնաս
ընել, ծառայելու համար Աստուծոյ: -Կրնամ սքանչելի կերպով քալել ձեռքերուս վրայ՝ ոտքերս
վեր տնկած, գիտեմ տրաբէզի վրայ վարպետօրէն օրօրուիլ, աղուեսներու ձայնը հանել, եւ զանազան
խաղերով ժողովուրդը զուարճացնել: -Դուն աշխարհ վերադարձիր, տղաս եւ բարի մարդ մը եղիր
եւ այս արուեստը շարունակէ: Վանքը քեզի համար չէ: Բայց աճպարարը իր անոյշ խօսքերով
ու արցունքով յաջողեցաւ համոզել վանահօր եւ վանք մտաւ իբր աշխատաւոր եղբայր: Սակայն
վանական հրահանգներու մէջ անճարակ էր, կը նմանէր ջուրէն դուրս ձուկի մը: Ինչ որ ընէր,
միւսներուն ըրածին հակառակն էր: Երբ ոտքի կենալ պէտք էր, ինքը կը նստէր. երբ նստելու
էր՝ ինք զսպանակի պէս տեղէն կը ցատկէր: Իր ձեւերը ծիծաղելի կը դառանար սուրբ արարողութիւնրու
ժամանակ: Աբբան կանչեց զինք. -Տղաս, ասկէ ետք դուն սենեակդ կը մնաս արարողութիւններու
ատեն: խեղճ Կակոս, թէեւ վիրաւորուած, բայց խոնարհութեամբ ընդունեց հրամանը: Կը
սպասէր որ կրօնաւորները վերջացնէին ժամերգութիւնը, եկեղեցի երթալու համար: Հիմա առանձին
էր Սուրբ Կոյսին դիմաց կը ցաւէր որ չէր կրնար զինք գովաբանել գրաբար աղօթքով մը: -Սուրբ
Տիրամայր, գոչեց օր մը, ներէ իմ տգիտութեանս: Մանկութեանս ոչ ոք սորվեցուց ինծի լաւ խօսիլ,
հաճէ ընդունիլ իմ միակ նուէրս, որ աճապարարութիւնն է. իմ գիտցածս միայն աճպարարութիւն
է: Հանեց վրայի պարեգօրը, շապիկը մէջքին կապեց եւ սկսաւ շրջաններ ընել մատրան մէջ,
ցատկել եւ գլխուն վրայ դառնալ: Հոնկէ անցնող կրօնաւոր մը տեսաւ. զարմանքով նայեցաւ
անոր ու վազեց իմացնելու վանահօր: Սա եկաւ ու տեսաւ, որ Կակոս ինքզինքվ կրկեսի հերոսի
տեղ դրած էր… կասկածեցաւ որ չար սատանայէն բռնուած էր: Բայց յանկարծ աճպարարը վտանգաւոր
ոստում մը ըրաւ եւ անզգայ ինկաւ խորանին առջեւ: Աբբային ու կրօնաւորին սիրտը սեղմուեցաւ:
Ու տեսան, որ բարեգութ Սուրբ Կոյսը մեղմօրէն ծռեցաւ Կակոսի զգայազուրկ մարմնոյն վրայ
եւ մետաքսէ վերարկուին ծայրով հովհահարեց անոր դէմքը: Այն ատեն Աբբահայրը հասկցաւ,
որ առանց զարգացումի, առանց գրաբարի եւ սաղմոսներու ալ կարելի է հաճելի ըլլալ Տիրամօր,
միայն թէ մարդ իր սիրտը անոր նուիրէ հաւատքով, պարզութեամբ ու սիրով: Կակոս նոյն օրը
հոգին աւանդեց ու մեծ պատիւներով թաղուեցաւ վանքին գերեզմանատան մէջ: