2010-05-19 13:40:34

Լուրեր հայ աշխարհէն


ՄԱԿ-ի զեկոյցը կը փաստէ՝ թէ Հայաստանէն արտագաղթներուն թիւը 1,3 միլիոնի կը հասնի։

1991-էն ի վեր՝ Հայաստանէն արտագաղթած է 700 հազարէ մինչեւ 1 միլիոն 300 հազար հոգի այսպէս կը փաստէ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան զարգացման ծրագրի տարեկան զեկոյցը, որ այս անգամ նուիրուած է գաղթականութեան խնդիրներուն։

Արտագաղթի հետեւանքով Հայաստանը ունեցած է յատկապէս որակեալ մարդկային աղբիւրներու արտահոսք՝ հիմնականօրէն քաղաքային բնակավայրերէ, որը զգալի բացասական ազդեցութիւն ունեցած է Հայաստանի զարգացման, մասնաւորապէս ընկերային եւ մշակութային դրամագլուխի վերարտադրութեան վրայ։

- Ջաւախք Բռնագրաւուող հերթական եկեղեցին Ջաւախքի մէջ

Սամցխէ գաւառի Ախալցխա քաղաքը ունեցած է 7-8 հայ առաքելական, 3 կաթողիկէ եկեղեցիներ, մատուռներ, անթիւ խաչքարեր։ Այս եկեղեցիները գրեթէ ամբողջովին հիմնադրուած են միջնադարի տարբեր շրջաններու մէջ եւ որ ցոյց կու տան թէ հայերը Ախալցխայ, ոտք դրած են 1830-ական թուականներուն։



Հայկական Ակնաբուժական Նախագիծ բարեգործական հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ։

՜՜Լոյս հայի աչքերին՝՝ ծրագրի ծիրէն ներս, Սիւնիք կը գտնուին Մալայանի անուան աչքի հիւանդանոցի եւ Քանաքեռ-Զէյթուն բժշկական կեդրոնի ակնաբոյժները։ Ծրագիրը, որը կը ֆինանսաւորուի ԱՄՆ Միջազգային զարգացման գործակալութեան կողմէ, նպատակ ունի ընկերային կերպով անապահով խաւերու համար իրականացնել անվճար բուժսպասարկում։ Մայրաքաղաքէն ժամանած բժիշկները խորհրդատուութիւն կը տրամադրեն բոլոր փափաքողներուն, իսկ ընտանեկան նպաստի համակարգին մէջ ընդգրկուած զինծառայողներու ընտանիքի անդամներու եւ հաշմանդամութեան կարգ ունեցողներուն համար անհրաժեշտութեան պարագային կը կազմակերպեն նաեւ անվճար վիրահատութիւններ։ Ակնաբոյժները արդէն այցելած են Մեղրի եւ Կապան։

Ակնաբոյժներու կողմէն բուժսպասարկում իրականացուած է նաեւ Դաւիթբեկ եւ Սիւնիք գիւղական համայնքներէն ներս։



Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւն Քուէյթի մէջ։

ՀՀ կառավարութիւնը հաւանութիւնը տուաւ Քուվէյթի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւն ստեղծելու մասին, ՀՀ նախագահի հրամանագրի նախագծին։ Որոշումը ընդունուեցաւ 13 Մայիսին տեղի ունեցած կառավարութեան նիստին ընթացքին, (կը հաղորդէ ՀՀ կառավարութեան մամլոյ ծառայութիւնը)։

Բացման արարողութիւն Երեւանի Սուրբ Աստուածամայր բժշկական կեդրոնին:

Մայիս 14-ին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի կողմէ տեղի ունեցաւ աւարտուած 5 ծրագրերու բացման հանդիսաւոր արարողութիւններով անոցմէ է Երեւանի Սուրբ Աստուածամայր բժշկական կեդրոնի ծննդատունը ներկայութեամբ առողջապահութեան նախարար Յարութիւն Քուշկեանի, Երեւանի քաղաքապետ Գագիկ Բեգլարեանի, Հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանի, բազմաթիւ այլ հիւրերու:

Կեդրոնի հիմնանորոգուած մանկաբարձական բաժանմունքի կարմիր ժապաւէնը կտրեց ծրագրի ֆինանսաւորող՝ Հիմնադրամի Մեծ Բրիտանիայի տեղական մարմնի ատենապետ Արմինէ Կարապետ: Կեդրոնի մանկաբարձական բաժնի վարիչ Արմէն Գրիգորեանի հաւաստումով ՜՜կը սպասուի ծննդաբերութեան քանակի աճ՝՝: Անցեալին յաճախակի էին դէպքերը, երբ, տեխնիկական պատճառներով ստիպուած էին տարեկան 1400 ծնունդէ աւելին չընդունել, եւ դիմողներուն ուղղորդել այլ ծննդատուներ: Այսօր կեդրոնին մէջ կարելի է ընդունիլ միաժամանակ վեց ծնունդ:

ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան Մայիս 13-ին, գիտութեան եւ արուեստի գործիչներուն յանձնեց 2009 թուականի նախագահական մրցանակները:

՜՜Այսօր ինձ համար հաճելի է կատարել այս պարտականութիւնը, քանի որ այս մրցանակաբաշխութիւնը յոբելենական է՝՝ ըսաւ Սերժ Սարգսեան: ՜՜Մենք արդէն 10-րդ անգամ է, որ Հանրապետութեան նախագահի մրցանակ կը շնորհենք գիտութեան ու արուեստի մեր արժանաւոր ներկայացուցիչներուն՝՝:
Նախագահը յիշեցուց, որ 10 տարի առաջ ֆրանսահայ բարերարներ Ժան եւ Ալպէր Պօղոսեաններու նախաձեռնութեամբ եւ հովանաւորութեամբ հիմնուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի մրցանակը մշակոյթի, արուեստի եւ գիտութեան բնագաւառներէն ներս:
Մրցանակը, ըսաւ հայրենի նախագահը, ՜՜կանոնաւորապէս կը խրախուսէ դափնեկիրները եւ հասարակութեան առանձնայատուկ ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ արուեստի եւ գիտութեան զարգացման՝՝:
Հանրապետութեան Նախագահի 2009 թուականի մրցանակի արժանացած են գիտութեան եւ արուեստի խումբ մը գործիչներ բնական եւ մարդկայնական գիտութիւններու, տեղեկատուութեան , բժշկագիտութեան, արուեստի ու գրականութեան, շարք մը այլ բնագաւառներու մէջ:
Երկու մրցանակ ալ շնոհուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործին մէջ նշանակալի աւանդ ներդրած անձերու: 2009 թուականին մրցանակ շնորուեցաւ Վիլեամ Շաբասին (Իռլանտա) Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան նախագահին՝ Հայոց ցեղասպանութեան գիտական հիմնաւորման եւ անոր ժխտման հակազդելու նախաձեռնութիւններու համար, եւ Սարգիս Շահինեանին (Զուիցերիա) Զուիցերիա - Հայաստան ընկերութեան նախագահին՝ Զուիցերիայի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչման գործընթացը նախաձեռնելու եւ անոր ժխտումը քրէօրէն հետապնդելի դարձնելու գործին մէջ ունեցած աւանդի համար:
Գրականութեան գծով մրցանակը յանձնուեցաւ Վահագն Մուղնեցեանին՝ «Տաբու» վէպի համար: Արուեստի բնագաւառին մէջ նախագահի մրցանակը ստացան ճարտարապետ Ճիմ Թորոսեան եւ քանդակագործ Գետիկ Բաղդասարեան՝ Աշտարակ քաղաքին մէջ տեղադրուած Ներսէս Աշտարակեցու յուշարձանի համար:
Հումանիտար գիտութիւններու զարգացման բնագաւառին մէջ մրցանակը յանձնուեցաւ Երեւանի պետական համալսարանի մշակութաբանութեան ամպիոնի վարիչ Համլետ Պետրոսեանին՝ հայկական խաչքարին նուիրուած մենագրութեան համար:
Նոյն օրը յանձնուեցան նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի երիտասարդական մրցանակները արուեստի բնագաւառին մէջ:







All the contents on this site are copyrighted ©.