2010-05-18 12:40:40

Սերպիոյ Իրենէ պատրիարքը յառաջիկայ աշնան պիտի այցելէ Վիեննան ։


Սերպիոյ Իրենէ պատրիարքը յառաջիկայ աշնան պիտի այցելէ Վիեննան ։

Յառաջիկայ սեպտեմբեր 10-14, Սերպիոյ պատրիարքը գերերջանիկ Իրենէոս՝ 45րդ պատրիարքը Պելկրատի պատրիարքական յոյն օրթոտոքս աթոռին, իր անդրանիկ այցելութիւնը պիտի կատարէ Վիեննա, տօնախմբելու քաղաքի օրթոտոքս ժողովրրդապետութեան հաստատման 150-րդ տարեդարձը։ Բացի եկեղեցական ծիսակատարութիւններէն, այս առթիւ ան հանդիպումներ պիտի ունենայ նաեւ քաղաքացիական իշխանութիւններու ու այլ եկեղեցիներու պատասխանատուներու հետ։

Յայտնենք թէ Վիեննայի սերպ համայնքը Վիեննա ծնունդ առած է 1860-ին։ Սերպերը անցեալ դարուն նաեւ բնակութիւն հաստատած են աւստրա-հունգարական կայսրութեան զանազան քաղաքներու մէջ։ Ներկայիս Վիեննայի մէջ կը բնակին շուրջ 100 հազար սերպեր, որոնց 74 հազարը անդամ են Սերպիոյ պատրիարքութեան, անոնց կը սպասաւորեն վեց քահանաներ եւ մնայուն սարկաւագ մը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.