2010-05-18 10:04:09

Սատանայէն՝ Աստուծոյ


1930ին մահկանացուն կնքեց մեծ մտաւորական ու բանաստեղծ Ատոլֆ Ռեթթէ, որ իր հոգեկան դարձը նկարագրած էր նշանաւոր հատորով մը. ”Սատանայէն՝ Աստուծոյ”:
12 տարեկանին, իր ընտանիքէն, որ իրեն քիչ գուրգուրանք եւ շատ գայթակղելի օրինակներ տուած էր, անցաւ վարժարան մը: Հոն լուտերական խիստ ու պահանջկոտ կրթութիւնը զինք առաջնորդեց խորշելու կրօնական որեւէ զգացումէ եւ անոր արտայայտութենէն:
18 տարեկանին, զինուորագրուեցաւ եւ զուրկ ըլլալով բարոյական արգելակէ, ինքզինքը յանձնեց երիտասարդական անսանձ կիրքերու հրդեհին:
Ամուսնացաւ սուրբ կնոջ մը հետ, որ միշտ կ’աղօթէր իր մեղքերու համար:
Ինք անգութ գտնուեցաւ անոր հանդէպ եւ ճաթեցուց անոր սիրտը:
Այրի մնաց եւ ազատ ասպարեզ տուաւ իր շուայտ ու ցոպ կեանքին: Եղաւ անիշխանական եւ ընկերվարական ու թաղուեցաւ զգացական հեթանոսութեան մը մէջ եւ ինքնքմոռացում փնտռեց պուտտայական հրանհանգներու մէջ:
Շնորհքի առաջին ցնցումը ունեցաւ ընկերվարական հաւաքոյթի վիճաբանական ելոյթի մը ընթացքին: Կը ջանար ապացուցել թէ Աստուած չկար, բայց զգալի կերպով անկարող եղաւ պատասխանելու ունկնդիրի մը առարկութիւններուն:
Տուն վերադարձաւ գլխուն մէջ արձագանգող հարցականով մը:
-Ի՞սկ եթէ Աստուած կայ:
Հուսկ եզրակացուց:
-Ինծի համար բախտ մը պիտի ըլլայ, եթէ Աստուած գոյութիւն ունի:
Օր մը, կը կարդար Տանդէի ”Քաւարանի”ին առաջին երգերը, ուր բանաստեղծը կը պատմէ փայլուն հրեշտակի մը գալուստը, որ կը փոխադրէ մաքրագործումի կարօտ հոգիները: Ռեթթէ կը խոստովանի, թէ այդ ընթերցումէն ”երակներուն մէջ զգաց թրթռացումի հոսանքներ”… Գիրքը ձեռքէն փախաւ եւ ստիպուեցաւ կռթնիլ կաղնիի մը բունին: Ներքին լոյս մը կը շլացնէր զինք: Անբացատրելի խղճի խայթ եւ ուրախութիւն իրարու կը բախէին անոր ներսիդին…
Սակայն իր կամակորութիւնը դիմադրեց շնորհքի թելադրութիւններուն: Բայց որքան դիմադրեց, այնքան սաստկացաւ իր տառապանքը:
Փարիզի ”Նոթրը-Տամ” տաճարին մէջ, ուր գացած էր այցելելու, Տիրամայրը ներշնչեց իրեն խոնարհաբար ծնրադրելու իր պատկերին դիմաց: Մերժեց հետեւիլ այդ մղումին, ի ներկայութեան հոն աղօթող կիներուն: Ուրիշ օր մը լեռ մագլցեցաւ, եւ առաջին անգամ ըլլալով պաշտօնապէս աղօթեց Տիրամօր առջեւ, փոքրիկ եկեղեցիի մը մէջ:
-Տես, Սուրբ Կոյս, բան մը զիս մղեց քեզի գալու. ու ես եկայ: Ո՜հ, դուն զոր երբէք չեմ կանչած, դուն, որու կը յարեն աչքերնին հաւատացեալները իրենց վիշտերուն մէջ, եթէ ճշմարիտ է, որ դուն բարեխօս ես Ամենակարողին դիմաց, խնդրէ Որդիէդ, որ ցոյց տայ ինծի ընելիքս…:

Սուրբ Կոյսը մրմնջաց անոր հոգիին.
-Քահանայի մը գնա եւ խոստովանէ:
Անգամ մը եւս հպարտութիւնը կը խզէ հոգւոյն եւ Ամենակալին միջեւ խօսակցութիւնը: Կ’ըմբոստանայ եւ տխուր կ’իջնէ հովիտը, վերադառնալու համար իր փորձառութիւններուն, հաճոյքներուն եւ յուսահատութեան:
Անքուն գիշերները, սատանան գարշելի քուրջերու կը նմանցնէր իր թերութիւնները.
-Ահա՜ քու հոգիդ: Եթէ կրնաս, այս հիմերուն վրայ կանգնէ քու յոյսերդ, քու փրկութիւնդ: Անձնասպան եղիր, Ատոլֆ, ինքզինքդ սպանէ…:
Ու կ’ուզէր անձնասպան ըլլալ:
Բայց ահա այս էր վայրկեանը, ուր Աստուած իր շնորհքով շանթահարել կ’ուզէր զինք, Սաւուղին նման:
Այսպէս կը պատմէ.
-Շլացուցիչ լոյս մը փայլեցաւ խաւարած հոգիիս մէջ: Յանկարծ կեցայ ու լսեցի երկնային ու շատ ծանօթ ձայն մը, որ կը պոռար ինծի. –Աստուած հոս է: Անմիջապէս յիշեցի լեռ մագլցած օրուան Տիրամօր եկեղեցին եւ հասկցայ, որ ինքն էր ինծի օգնութեան կը հասնէր իմ փորձութեանս վերջին պահին: Դարձայ Աստուծոյ:
Նորադարձ Ռեթթէ, միշտ ջերմեռանդ եղաւ Ս. Կոյսին եւ ամենագեղեցիկ յարասութիւն մը գրեց ”Ողջ լեր Թագուհի” աղօթքին վրայ, ուր կը կրկնէ իր մեղքի ընկերներուն տառապանքները եւ իր հոգիին հզօր բացականչութիւնները, ազատելու համար յանցանքներէ:







All the contents on this site are copyrighted ©.