2010-05-18 13:35:23

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
«ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՐՑԻՆ ՄԷՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՃԻՇԴ ՃԱՄԲՈՒՆ ՎՐԱՅ ԿԸ ԳՏՆՈՒԻ»
Կ՛ԸՍԷ ՉԵԽ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ։
Չեխ հանրապետութեան վարչապետ Եան Ֆիշերի Հայաստան կատարած աշխատանքային այցի ծիրէն ներս երկու երկիրներու կառավարութիւններու միջեւ ստորագրուած են «ՀՀ-ի եւ Չեխ Հանրապետութեան կառավարութիւններու միջեւ օդային փոխադրութեան մասին» եւ «Առանց արտօնութեան բնակող անձերու ընդունման մասին» համաձայնագրեր: Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի եւ Չեխ հանրապետութեան վարչապետ Եան Ֆիշըրի երէկուան հանդիպման ընթացքին ի մէջ այլոց քննարկուեցաւ նաեւ Ղարաբաղի հարցը։ ՝՝Ես համոզուած եմ եւ անգամ մը եւս կը պնդեմ, որ Ղարաբաղի հարցը պէտք է լուծուի Մինսքի խմբակի շրջագիծին մէջ՝՝ ըսած է Չեխիոյ վարչապետը։ Ըստ անոր, այս հարցին մէջ Հայաստան պէտք է շատ հաւասարակշռուած ըլլայ։ ՝՝Ամէն ինչ պէտք է դիւանագիտականօրէն մտածուած ըլլայ, որպէսզի պատերազմ տեղի չունենայ եւ ոչ մէկ կողմ տուժէ, աւելցուցած է Չեխիոյ վարչապետը՝ նշելով, որ Հայաստան ճիշդ ճամբուն վրայ կը գտնուի։
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԻՐԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ։
Երէկ առաւօտ, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպանը։ Դեսպանին կողքին հանդիպման ներկայ եղան նաեւ դեսպանատան մշակութային կցորդը եւ դեսպանատան քաղաքական բաժանմունքի երկու պատասխանատուները։ Վեհափառին եւ դեսպանին խօսակցութիւնները առաւելաբար կեդրոնացան յառաջիկայ օրերուն կաթողիկոսարանին մէջ տեղի ունենալիք Իրանի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջ-կրօնական երկխօսութեան չորրորդ համագումարին շուրջ։ Հանդիպման ընթացքին նաեւ արծարծուեցան Լիբանանի ներքին կացութեան, ինչպէս նաեւ Իրանի հայութեան առնչուած շարք մը հարցեր։ :
ԻՐԱՆ ԻՐ ՈՒՐԱՆԻՈՒՄԸ ՊԻՏԻ ՈՒՂԱՐԿԷ ԹՈՒՐՔԻԱ։
Իրան երկուշաբթի օր համաձայն գտնուեցաւ իր հարստացած ուրանիումը հիւլէական վառելանիւթով փոխանակման ծիրի մը մէջ Թուրքիա ուղարկելու։ Մինչ Իրանի դէմ աւելի խիստ պատժամիջոցներ հաստատելու ճնշումը կը բարձրանայ, հիւլէական վառելանիւթի փոխանակման համաձայնութիւնը կրնայ մեղմացնել միջազգային լարուածութիւնը։ Համաձայնութիւնը գոյացաւ Պրազիլի եւ Թուրքիոյ հետ բանակցութիւններէ ետք։ Այսպիսով, Պրազիլ եւ Թուրքիա վերածուեցան Իրանի հիւլէական թղթածրարի հարցով նոր միջնորդներ ,որոնք կ՝երաշխաւորեն Իրանի համար,միջազգային հասարակութեան առջեւ։
ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ ԵՒ ՅՈՐԴԱՆԱՆ ԵՐ ԿՈՒ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐՆԵՐ ԿԸ ԿՆՔԵՆ։
՝՝Թրենտ՝՝ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ Ազրպէյճանի եւ Յորդանանի միջեւ երկու համաձայնագիրներու ստորագրութեան արարողութիւն մը տեղի ունեցած է։
Արարողութեան ընթացքին Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով եւ Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Նասեր Ժուտէ իրենց երկիրներուն միջեւ միջազգային գործակցութեան վերաբերեալ փոխադարձ հասկացողութեան համաձայնութիւն մը ստորագրած են։ Երկու երկիրներու երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարները իրենց կարգին գործակցութեան համաձայնութիւն մը կնքած են։ Ստորագրութեան արարողութեան ներկայ գտնուած են Յորդանանի մէջ Ազրպէյճանի դեսպան Ելման Արասլը եւ Ազրպէյճանի մէջ Յորդանանի դեսպանատան գործավար Ատել Ատելայի։







All the contents on this site are copyrighted ©.