2010-05-18 13:33:43

2010 -Ը՝ ՀԱՅ ԿՆՈՋ ՏԱՐԻՆ


2010 -Ը՝ ՀԱՅ ԿՆՈՋ ՏԱՐԻՆ ։ Ի՞նչ կը սպասենք հայ կնոջմէն։

Հայ կինը մեր կեանքէն ներս պէտք է մնայ բարոյական, հոգեւոր ու ազգային արժէքներու ճառագայթող ներկայութիւն։ Որպէս մայր ու դաստիարակ վաղուան սերունդը կերտելու կոչուած անձ, հայ կինը կոչուած է իր մէջ խտացնելու եկեղեցւոյ ու ազգին գերագոյն արժէքները ու հարազատ աւանդութիւնները։ Այս ուղղութեամբ բարձրագոյն աստիճանի զգուշաւորութիւն հարկ է ցոյց տալ խառն ամուսնութիւններու, ամուսնալուծման առաջնորդող կացութիւններու ու մեր ընտանիքներու ներքին մթնոլորտին։ Այս բոլորին մէջ, այր մարդուն կողքին հայ կնոջ դերը ճակատագրական է։ Եթէ ընտանիքը նիւթապէս սնուցանողը հայրն է, սակայն ընտանիքը բարոյական, հոգեւոր ու հայկական արժէքներով սնուցանողը մա՛յրն է։







All the contents on this site are copyrighted ©.