2010-05-17 15:12:13

''Հայաստան եւ Ղարաբաղ, վանքեր ու լեռներ մետաքսէ ճանապարհի վրայ '' ճամբորդական ուղեգիրքը։

 


RealAudioMP3 ''Հայաստան եւ Ղարաբաղ, վանքեր ու լեռներ մետաքսէ ճանապարհի վրայ '' ճամբորդական ուղեգիրքը։



Մօտ օրէն գրատուներու մէջ կարելի է գտնել ''Հայաստան եւ Ղարաբաղ, վանքեր ու լեռներ մետաքսէ ճանապարհի վրայ'' վերտառութեամբ ճամբորդութեան ուղեցոյցը, ''Բօլարիս'' Ճամբորդական ուղեցոյցի իտալական հրատարակչատունէն ։

Գիրքին հեղինակն է ծագումով հայ իտալացի Նատիա Բասքուալէն։ Գրականութիւնը եւ ճամբորդութիւնը սիրող Բասքուալէ' ստացած է զբօսաշրջութեան վկայագիր ինչպէս նաեւ օտար լեզուի եւ գրականութեան համալսարական վկայագիր Վենետիկի ''Ca' Foscari'' համալսարանէն. ան կը զբաղի զբօսաշրջութեան ՜՜մարգէթինգով՝՝' եւ կը համագործակցի Հայաստանի զբօսաշրջութեան մարմնին հետ։ Հատորին նախաբանը ստորագրած է իտալահայ նշանաւոր գրագէտ Անթոնիա Արսլանը։ 352 էջերէ բաղկացած հատորը կը ներփակէ 32 գունաւոր լուսանկարներ։



Նատիա Բասքուալէի հետ ունեցանք հեռաձայնային հարցազրոյց մը. պատասխանելով ՝՜՜Ի՞նչպէս ծնունդ առաւ սոյն հատորը պատրաստելու գաղափարը՝՝ հարցումին ան ըսաւ.

Նախ ըսեմ թէ 2007-ին առաջին անգամ այցելեցի Հայաստան, համագործակցելու Հայաստանի Զբօսարշրջիկային Հիմնարկին հետ։ Ունենալով որպէս նպատակակէտ ՝

Հայաստանը ճանչցնել Իտալիոյ մէջ, յատկապէս զբօսաշրջութեան գործիչներուն եւ զբօսաշրջիկներուն (եւ այս ընելու համար) կը պակսէր Հայաստանի զբօսաշրջանային տեսանելի վայրերու մասին հրատարակութիւններ. մինչ կարելի էր գտնել հարուստ տեղեկութիւններ՝ ՜՜ ըլլայ հայոց պատմութեան յատկապէս Ցեղասպանութեան մասին եւ ըլլայ հայ մշակոյթի մասին ։

Սակայն Հայաստանի գեղեցկագոյն վայրերու մասին (այսինքն զբօսաշրջիկները հետաքրքրող վայրերու մասին յատուկ հրատարակութիւններ չկային միայն գոյութիւն ունէր անգլերէնէ թարգմանուած գիրք մը ՜՜Հայաստանի եւ սահմանակից երկիրներուն՝՝ մասին։

Պատճառը ըստ ձեզի ինչ է, արդեօք որովհետեւ Հայաստանը չէր եղած Զբօսաշրջութեան վայր մը...հարցումին նատիա ըսաւ ...

Այո, այս վերջին 5-6 տարիներուն է որ յատուկ ջանք եւ ուշադրութիւն կը տրուի Հայաստանին. եւ արդիւնքները շօշափելի են, հիմա մեծ է Հայաստանը ճանչնալ սիրող կամ այցելողներու թիւը, ամբողջ աշխարհէն յատկապէս Իտալիայէն...

Նաեւ մեծ թիւով շրջապտոյտի գործակատարներ, նաեւ իտալական շրջապտոյտի գործակատարներ կը կազմակերպեն յատուկ ՜՜ճամբորդութիւններ ուղեկցուած ճամբորդութիւններ՝՝ դէպի Հայաստան։

Ասոր մէջ գուցէ Արմաւիայի ուղիղ թռիչքը նպաստեց որպէսզի աւելի մեծ թիւով իտալացիներ քաջալերուին Հայաստան երթալու Հայաստանը ճանչնալու... հարցումին նատիա ըսաւ ...

Այո Արմաւիայի ուղիղ թռիչքները մեծապէս նպաստեցին եւ վերջերս ալ անոր աւելցաւ Վերոնայէն ուղղակի թռիչք դէպի Երեւան որ պիտի դիւրացնէ, պիտի մղէ ճամբորդները Հայաստան երթալու։

Վերջին հարցումին. հարցուցինք թէ ինչու

գրքին վերնագիրը ընտրած է ''Հայաստան եւ Լեռնային Ղարաբաղ՝՝ վանքեր ու լեռներ մետաքսէ ճանապարհի վրայ '' ինչու համար աւելցուցած է Լեռնային Ղարաբաղը։

Ան ըսաւ.

Երկու հիմնական պատճառներ ...

Նախ որովհետեւ պատմականօրէն Լեռնային Ղարաբաղը մաս կը կազմէ Հայաստանին , երկրորդ որովհետեւ Ղարաբաղի մասին եւս յատուկ ուղեգիրքեր գոյութիւն չունէին. եւ կ՝արժէ ճանչնալ այս շրջանը որ տակաւին հետախուզուած չէ...

Կը հասկնանք որ դէպի Հայաստան շրջապտոյտներու մեծ մասը, կ՝ընդգրկէ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղը։

Նշենք թէ՝ 15 Մայիսէն ետք կարելի է գտնել հատորը գրատուներու մէջ կամ ուղղակի ՜՜Բօլարիս՝՝ հրատարակչատուն դիմելով , նաեւ Tour Operator-ը պիտի բաժնէ իր յաճախորդներուն- ճամբորդներուն։

Յաջողութիւն կը մաղթենք Նատիային նաեւ կը մաղթենք որ այս ուղեգիրքը նպաստէ ՜՜ծանօթացնելու Հայաստանը՝՝ որ նաեւ կը սեպուի Նատիային հայրենիքը քանի որ (ինչպէս յիշած էինք ան ծագումով հայ է-մօր կողմէն)։



Յիշենք նաեւ՝ թէ 17 Մայիսին Երեւանի՝ ՜՜Golden Tulip՝՝ Պանդոկին մէջ նախաներկայացումը պիտի կատարուի հատորին, որուն ներկայ պիտի ըլլան զբօսաշրջութեան գործակալութիւններու ներկայացուցիչներ եւ պետական անձնաւորութիւններ։

Հայաստանը հեռու չէ, ըսաւ Նատիա, մանաւանդ մօտ է յատկապէս ուղիղ թռիչքով արդէն չորս ժամէն կարելի է Երեւան հասնիլ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.