2010-05-16 09:03:51

Վատիկանեան Տեղեկութիւններ


Վատիկանի ներքին գործոց նախարարութեան յանձնախումբի նախագահի անուանում
Գերապայծար Գորպելլինի կը յաաջորդէ սպանացի կարտինալ Ժուլիան Հերրանզի։

Մայիս 11 ին Սրբազան Քահանայապետը Գերապայծար Ճիորճիօ Գորպելլինին անուանեց որպէս Վատիկանի Վերին վարչութեան Կարգաւորական յանձնախումբի նախագահ. Գերապայծառ Գորպելլինին մինջեւ օրըս մաս կը կազմէր սույն յանձնախումբի եւ օգնական քարտուղար էր Վատիկանի քաղաքապետարանի։ Գերապայծառ Գորպելլինին Նախագահն է նաեւ Սուրբ Աթոռի գրասենեակի։


''Վատիկանի համամիութենական գործընթացքը անշրչելի է'' կը յայտարարէ Կարտ. Գասբէր քրիստոնեաներու միութեան քահաանայապետական խորհուրդի նախագահը

''Վատիկանի համամիութենական գործընթացքը անշրչելի է թէեւ համբերութիւն ունենալու ենք նորութիւններու հանգելու համար'' յայտարարեց կարտինալ Վալդեր Կասբէր բանախօսութեան մը ընթացքին որ տեղի ունեցաւ ֆրանսայի ''Սէվր Կեդրոնին մէջ''։ Ան աւելցուց նաեւ ''մենք հարգելու ենք ամէն եկեղեցիներու իքնութիւնը''։ Համամիութենական ուղին աւելի երկար է քան՜ Վատիկանի երկրորդ Տիէզերական ժողովին՜ մեր նախատեսած ժամանակներէն բայց ընթացքի մէջ է եւ յառաջ կ'երթայ։
Կարտ. Գասբէր անդրադարցաւ նաեւ Անկլիքան եկեղեցւոյ հետ փոխհարաբերութիւններու ինչպէս նաեւ Յոյն եկեղեցւոյ հետ երկխօսութեան գործընթացքի մասին ու աւելցուց որ դժուարութիւններ կան ''Սրբզան Քահանայապետի գլխաւորութեան'' նիւթին շուրջ։

Նշենք թէ Կարտ. Կասբէր որ ծնած է 1933 մարտ 5ին գերմանիոյ Հէյտընհայմ քաղաքը հեղինակն է շարք մը կարեւոր գիրգերու ի մէջ այլոց ''եկեղեցւոյ Աստուածաբանութիւնը'' – ''Քրիստոնեաներու Աստուածը'' եւ ''Յիսուս Քրիստոս'' որ այս տարի կը վերատպագրուին Փրանսայի Տոմենիքեան Միաբանութեան '' Editions du Cerf'' տպարագրաչական տունի ջանքերով։







All the contents on this site are copyrighted ©.