2010-05-16 12:33:35

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Ողջ Լեր թագուհի մարեմեան աղօթքը։


կիրակի մայիս 16, է. կիրակի Յիսնակաց, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` Ողջ Լեր թագուհի մարեմեան աղօթքը արտասանեց, իր գրասենեակի պատշգամէն, տասնեակ հարիւրաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ, նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց.



Իսական թշնամին մեղքըն է' հոգեկան չարիքը' որ շատ անգամ դժբախտաբար կը վարակէ նաեւ եկեղեցւոյ անդամները։ Պետք չէ վախնանք աշխարհէն '' կ'ապրինք աշխարհի մէջ բայց աշխարհքէն չենք։ Պետք է սարսաբինք մեղքէն եւ ասօր համար հարկ է արմատացած մնալ Աստուծոյ հաւատքին մէջ' զօրակից ըլլալով սիրոյ եւ ծառայութեան մէջ։

ֆաթիմայի ուխտագնացութենէն վերադարձիս ձեզ բոլորըդ կը հրաւիրեմ' եւ նա մանաւանդ քահանաները' որ յոյսերնիդ դնեք Տիրամօր բարեխօսութեան։ Միշտ կարելի ըլլայ ձեզի գործադրել Աստուծոյ կամքը որուն ուղին ինքը մեզի ցոյց կու տայ։



Եզրաբակելով իր խօսքը Սրբազան Քահաանայապետը շնորհակալութիւն յատնեց բոլոր ներկաներուն աղօթքներուն եւ ցոյց բերած զօրակցութեան համար։





Սրբազան Քահանայապետին պատգամը Գերմանիոյ համամիութենական եկրորդ համագումարին մասնակցողներուն։
Գերմանիոյ համամիութենական եկրորդ համագումարին առթիվ հղած իր պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը կը գրէ. հակառակ Եկեղեցւոյ ներկայ դժուար ու երբեմն գայթաղեցուցիչ անցուդարձերուն, Եկեղեցին կը մնայ ''յոյսի վայր''։ Վերջին շրջաններուն միշտատեւ տեղեկատուութիւններ հաղորդուեցան Եկեղեցւոյ դէմ, որոնք կը մտին մեր սրտէն խլել Եկեղեցւոյ ուրախութիւնը։ Գիտնալով հանդերձ գոյութիւնը ցաւալի ու տխուր անցուդարձերուն սակայն մեզի համար Եկեղեցին կը մնայ ուրախութեան ու յոյսի վայր, որովհետեւ անոր միջոցաւ մեզի կը հասնի Աստուծոյ խօսքը, որ մեզ կը բիւրեղացնէ ու ցոյց կու տայ ճանապարհը հաւատքի։
Յայտնենք թէ Գերմանիոյ համամիութենական եկրորդ համագումարը տեղի կ'ունենայ Միւնիխ` Պավարիա մարզին մէջ, մայիս 12-16, մասնակցութեամբ կաթողիկէ, օրթոտոքս եւ բողոքական տասնեակ հազարաւոր հաւատացեալներու։







All the contents on this site are copyrighted ©.