2010-05-15 13:24:51

Լուրեր հայկական կեանքէն


Վահան Տէրեանի ծննդեան 125-ամեակին նուիրված միջոցառումներ

Հայ մեծանուն բանաստեղծ Վահան Տէրեանի ծննդեան 125-ամեակին նուիրուած միջոցառումներու շարքին կը նախատեսուի հրատարակել ՜՜Տէրեան՝՝ 900 էջնոց հանրագիտարան՝ 57 մամուլ ծաւալով ուր ներառուած պիտի ըլլան մեծ բանաստեղծին մօտ 700 նկարները եւ ստեղծագործական, հասարակական-քայաքական ողջ կեանքը, սկսած իր նախնիներէն մինչեւ իր ապրած վերջին օրերը։ Ինչպէս ըսինք բազմաբնոյթ միջոցառումներ կը նախատեսուին ԵՊՀ-ի, Հայաստանի գրողներու միութեան, Չարենցի անուան գրականութեան հիմնարկի, գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի եւ Վահան Տէրեանի անուան դպրոցին մէջ։ Նաեւ պիտի սահմանուին Տէրեանի անուան կրթաթոշակներ բարձրագոյն ուսմանց աշակերտներուն համար։ Իսկ Հայաստանի դպրոցներուն մէջ տեղի պիտի ունենան Յոբելեարին նուիրուած շարադրութեան մրցոյթներ: Երեւանի մէջ կայանալիք միջոցառումներէն բացի, 24 Յուլիսին կը նախատեսուի նաեւ բանաստեղծի ծննդավայրին մէջ` Գանձայի մէջ,, նշել անոր Յոբելեանը, որմէ ետք ալ հանդիսաւոր նիստ: Թիֆլիսի եւ Օրենբուրգի մէջ եւս կը յայտարարուի «Տէրեանական օր:

Կը նախատեսուի է նաեւ ստեղծել Տէրեանի թանգարան, ուր վերջապէս կ՝ամփոփուի Տէրեանի ողջ ժառանգութիւնը: Հիմնական միջոցառումները կեզրափակուին Ալ. Սպենդիարեանի անուան օՓերայի եւ Պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ, Յոբելինական նիստով եւ գեղարուեստական մասով, ներառուած Տէրեանի ստեղծագործութիւններու հիման վրայ գրուած երգերու կատարումներ, եւ բանաստեղծական մեկնաբանութիւններ: Նշենք, որ Հ Հ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի գլխաւորութեամբ կազմուած է Յոբելինական յանձնաժողով մը ՜՜Վահան Տէրեանի ծննդեան 125-ամեակի կապակցութեամբ՝՝։



Հանդիպում վաստակաւոր կրթական գործիչ Նատիա Մելքոնեանի հետ- Իրան ։

Նախաձեռնութեամբ իրանահայ ուսուցիչներու միութեան, Վաչէ Յովսէփեան մշակութային համալիրի սրահին մէջ, տեղի ունեցած է յուշ-երեկոյ՝ նուիրուած վաստակաւոր դաստիարակ ու կրթական գործիչ հանգուցեալ Նատիա Գրիգորեան-Մելքոնեանին։

Խօսք առին ուսուցիչներու միութեան , Համալիրին մէջ աշխատող միութիւններուն եւ կառոյցներուն ներկայացուցիչներ, նաեւ Իրանահայ գրողներու միութեան եւ Հայ ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու միութեան նախագահները իսկ հանգուցեալի գործակիցներուն անունով խօսք առաւ վաստակաւոր ուսուցչուհի Սեդա Գրիգորեան։

Ձեռնարկի աւարտին իր խօսքը փոխանցեց Թեհրանի հայոց թեմի Կրթական խորհուրդի ատենապետ Հրայր Շահնազարեան։Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր մը։



Կիպրոս- Համազգայինի Սիփան պարախումբի Սիփան պարախումբի տարեկան ելոյթը։

Հովանաւորութեամբ Կիպրոսի կրթութեան եւ մշակոյթի նախարար Անտրէաս Տիմիթրիուի եւ հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի, 10 ապրիլին տեղի ունեցաւ Համազգայինի Օշական մասնաճիւղի Սիփան պարախումբին տարեկան ելոյթը, որ այս տարի կը նշէ նաեւ իր տասնամեակը։

Սիփանի 45 պատանիներն ու երիտասարդները հայրենի պարուսոյց եւ բեմադրիչ Ժաննա Թահմիզեանի ղեկավարութեամբ հանրութեան ներկայացան 22 հայկական պարերով։ Վաստակաւոր պարուսոյց Ժաննա Թահմիզեան տասը տարիներու վրայ երկարող իր տքնաջան աշխատանքով Սիփան պարախումբը հասցուցած է բաւական բարձր մակարդակի։ Յայտագրի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ նաեւ հանրածանօթ երգչուհի Էւա Ռիվաս։








All the contents on this site are copyrighted ©.