2010-05-15 13:26:14

Լուրեր հայ եկեղեցիէն


Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ եկեղեցւոյ նոր սպասաւորներ։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի փոքր դասարաններու աշակերտները, Կիրակի, 9 մայիս 2010-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ ստացան Հայ առաքելական եկեղեցւոյ սպասաւորութեան փոքր աստիճանները. դռնապանութիւն, ջահընկալութիւն, երդմնեցուցչութիւն եւ ընթերցողութիւնը։

Այս առիթով ձեռնադրիչ եպիսկոպոսը Նորայր եպս Աշըգեան իր քարոզին բնաբանը Ներսէս Լամբրոնացիէն առնելով՝ յորդորեց խորանի նոր սպասաւորները ըլլալ խոնարհ, հեզ ու համեստ։ Խոնարհութեան մէջ սրբազանը տեսաւ եկեղեցւոյ խոնարհ աստիճանները հաւատարմութեամբ կատարելու պարտաւորութիւնը՝ եկեղեցւոյ ծառայութեան ընծայուած իւրաքանչիւր անձի համար։ Այդ հաւատարմութեամբ մեծնալու, ապա բարձրագոյն կարգերը ստանալու մաղթանք ուղղեց ան իր ձեռնասուններուն։

Պատարագէն անմիջապէս ետք, նորընծայ դպիրներն ու կիսասարկաւագները վեհափառին օրհնութիւնը ստացան։ Արամ Ա կաթողիկոսը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց դպրեվանքի տեսչութեան, ուսանողներուն եւ անոնց ծնողներուն, որոնք քաջալեր կը հանդիսանան դպրեվանքի սաներուն, անոնց կազմաւորման ընթացքին մէջ։



Արամ Ա եւ Զաքքա պատրիարք հանդիպում։

Երկուշաբթի, 10 մայիս 2010-ին, Արամ Ա կաթողիկոս ընդունեց Զաքքա պատրիարքին ներկայացուցիչ՝ մետրոպոլիտ Ճորճ Սալիպան որ վեհափառին փոխանցեց (երկու օրեր առաջ) Ասորի եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Զաքքա Ա պատրիարքի եւ ղպտի եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Շնուտա Գ պատրիարքի Եգիպտոսի մէջ ունեցած հանդիպման արդիւնքը։ Ապա ան վեհափառը հրաւիրեց Դամասկոս՝ հանդիպում ունենալու Զաքքա Պատրիարքին հետ։

Յայտնենք, որ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի գործադիր վարչութեան վերջին ժողովի ընթացքին ստեղծուած կացութեան բերումով ղպտի եկեղեցին առկախած էր իր անդամակցութիւնը յիշեալ խորհուրդին։ Առաջարկուեցաւ, որ վեհափառը՝ իբրեւ խորհուրդի նախագահներէն մէկը, անհրաժեշտ շփումները հաստատէ կողմերուն հետ՝ ապահովելու համար ղպտի եկեղեցւոյ անդամակցութիւնը։ Վեհափառին Դամասկոսի մէջ ունենալիք խորհրդակցութիւններուն գծով արդէն իսկ աշխատանքի լծուած են մետրոպոլիտ Սալիպա եւ Նարեկ եպս Ալեէմեզեան։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.