2010-05-14 14:13:07

Մարեմեան խորհրդածութիւն- Մխիթարի տեսիլքը


Մխիթար արդէն 16 տարեկան պատանի մըն է եւ կը փնտռէ գիտութեան ու սրբութեան ճամբան: Մխիթար դիմեց Սեբաստիոյ Ս. Նշան վանքը, չգտաւ փնտրռածը. դիմեց Էջմիածին, չգտաւ սրտին փափաքածը. դիմեց Սեւանայ վանքը, չգտաւ կենդանի ջուրը որ յագեցներ իր ծարաւը:

Ի՞նչ ընել:

Յոգնած երկար ճամբորդութիւններէ, յուսահատ իր փնտռած գանձերու չգոյութենէն, քայքայուած նաեւ առողջութեամբ, մանաւանդ աչքերու լոյսի նուաղումէն, մինչ մտահոգ եւ ընկճուած տրամադրութեամբ Սեւանայ կղզիին շրջանը կ’ընէր, ինքնաբերաբար հասաւ անոր վրայ շինուած Առաքելոց եկեղեցին:

Ինչ որ մարդիկ չեն կրնար տալ, Աստուած իր հայրական բարութեամբ եւ ողորմութեամբ կրնայ երկինքէն իջեցնել, կը խորհէր:

Մխիթար իր վառ հաւատքով երեսը խաչակնքեց եւ ներս մտաւ տաճարէն: Երկրպագեց ամենակալ Աստուծոյ, երեկոյեան այդ առանձնութեան մէջ, սաղմոս մը մրմնջաց Աւագ Խորանին առջեւ եւ ապա անցաւ Աստուածամօր նկարին դիմաց: Աչքերը անոր յառեց: Տեսաւ անոր քաղցր նայուածքը, սիրտը յուզուեցաւ, քանի մը արցունքներ հոսեցան այտերն ի վար եւ սրտին բոլոր գորովն ու վստահութիւնը միացնելով աղօթեց Ս. Կոյսին. ”Ո՜վ Ս. Կոյս Մարիամ, ի՞նչ պիտի ըլլայ իմ վիճակս: Ո՞վ պիտի յագեցնէ իմ սրբութեան ու գիտութեան պապակս: Աստուած ինծի մեծ մեծ փափաքներ կը ներշնչէ, բայց ինչպէ՞ս պիտի իրագործեմ զանոնք:

Ահա տեսայ մեր ազգի վիճակը, ահա ականատես եղայ այդ ազգը առաջնորդելու կոչուած վանքերուն ու վանականներուն… Ափսո՜ս գիտութիւնն ու սրբութիւնը շատ նուազած են այդ ակերուն մէջէն, ես պիտի ուզէի ամենուն փոխարէն իմաստուն ու սուրբ ըլլալ խօսքով, գրիչով եւ մանաւանդ օրինակով լրացնել անոնց պակասը, բայց ահա ես չունիմ այդ կարեւոր ու բաւական իմաստութիւնն ու սրբութիւնը… Ս. Տիրամայր, դուն հասիր օգնութեան, դուն բարեխօսէ, դուն առաջնորդէ զիս, ամենագթած սրբուհի”:

Այսպիսի անկեղծ, խոնարհ ու սրտագին աղօթքը պիտի շարժէր ամենակարծր սիրտերն անգամ, ո՜ւր մնաց Յիսուսի մօր մեծ սիրտը:

Եւ ահա կիսամութ տաճարը լուսաւորուեցաւ յանկարծ, աչքերը շլացնող պայծառութեան մը մէջ շողաց ծաղկեայ պատմուճանով թագուհի մը, շրջապատուած երկու աղաւնակերպ կուսաններէ, մօտենալով Մխիթար սարկաւագին հարցուց.

-Ինչո՞ւ այսպէս տխուր ես, զաւակս, ի՞նչ կը փափաքիս ինձմէ:

-Տիրամայր պատմեցի քեզի իմ վիշտս, գիտես իմ փափաքներս ու կարիքներս:

-Մի տխրիր, Մխիթար, ես ասկէ ետք միշտ քեզի հետ պիտի ըլլամ, քեզ պիտի առաջնորդեմ բոլոր կեանքիդ շրջանին:

-Տո՜ւր, Տիրուհի, այնքան սուրբ ըլամ, որ ուրիշներն ալ սրբացնեմ:

-Պիտի տամ քեզի այդ շնորհքը:

-Տո՜ւր որ մեր սուրբ հայրերուն պէս ես ալ իմաստուն ըլլամ. Գրիգոր Նարեկացիին եւ Շնորհալի հայրապետին պէս զարգացած եւ Աստուածասէր:

-Վստահ եղիր որ Որդիս քեզ կը սիրէ եւ քեզ պիտ ուղղէ այնպիսի ճամբաներէ, որ հասնիս նպատակներուդ եւ օգտակար ըլլաս նաեւ ուրիշներու, մանաւանդ հայ ազգին:

Մինչ այս կ’ըսէր ինք եւ քովի կոյսերը կը ժպտէին սարկաւագին, որու արցունքերը աւելի առատ կը հոսէին հիմա, բայց ուրախութեան արցունքներու փոխուած:

Մխիթար քայլ մը առաջ գնաց, համբուրելու համար Տիրամօր օրհնեալ Աջը, բայց յանկարծ լոյսերը փարատեցան եւ կիսամութը տիրեց տաճարին մէջ:

Սակայն Մխիթարի մտքին ու սրտին մէջ նոր լոյս մը, նոր յոյս մը ծագած էր, որ զինք առաջնորդեց իր բոլոր կեանքին մէջ:

Ու երբ յաջողեցաւ ՄխիթարեանՄիաբանութիւնը հաստատել, անոր դրօշին վրայ դրոշմել տուաւ Որդեգիր Կուսին, յիշեցնելու համար իր յաջորդներուն, թէ պիտի ապրէին ու գործէին Ս. Կոյսի հովանիին տակ:








All the contents on this site are copyrighted ©.