2010-05-13 13:15:29

Բորդուկալի Մամուլը՝ Պենետիկտոս ԺԶ.Արբազան Քահանայապետի Բորդուկալ Այցելութեան մասին։


Բորդուկալի Մամուլը՝ Պենետիկտոս ԺԶ.Արբազան Քահանայապետի Բորդուկալ Այցելութեան մասին։
Բորդուկալի օրաթերթերու առաջին էջերը կեդրոնացած են յատկապէս Սրբազան Քահանայապետին օդանաւին մէջ արտասանած խօսքերուն վրայ,քան թէ Լիզպոն տեղի ունեցած առաջին օրուայ դէքպերու վրայ,եթէ նոյնիսկ թերթերը անշուշտ կ՝անդրադառնան երկար ժամանակագրութեամբ՝ Նորին Սրբութեան Բորդուկալ ժամանումին,օդակայանը ընդունման,նախագահ Քավաքօ Սիլվայի հետ հանդիպման,կայացած Սուրբ Պատարագին եւ Առաքելական Նուիրատան առջեւ երիտասարդներու կատարած ցայգերգին։ ՝՝Տիարիօ Տէ Նոթիսիաս՝՝ սա պէս կը խորագրէ իր առաջին էջը ՝՝ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը մանկամոլութիւնը կը միաւորէ ֆաթիմայի երրորդ գաղտնիքին՝՝., ապա թերթը վեր կը հանէ երիտասարդներու կատարած ցայգերգին ( երէկ) երեկոյան Առաքելական Նուիրակատան առջեւ։ Իսկ ՝՝Ինֆորմաքաօ՝՝ օրաթերթը կը վերնագրէ ՝՝ Ամենամեծ հալածանքը Եկեղեցիին, ծնունդ կ՝առնէ մեղաւոր Եկեղեցիէն ՝՝ ,իսկ ներքին էջերուն մէջ օրաթերթը կը մէջբերէ Նորին Սրբութեան այլ մէկ նախադասութիւնը թէ ՝՝ Եկեղեցին պէտք է սորվի վերանորոգ ապաշխարութիւն եւ ընդունի մաքրագործումը՝՝։ ՝՝Ժորնալ Տէ Նոթիսիաս՝՝ թերթը միշտ Նորին Սրբութեան օդանաւին մէջ արտասանած խօսքէն ներշնչուած կը վերնագրէ ՝՝ Ներհակ ուժերը պիտի չկարենան քանդել Եկեղեցին՝՝ .,ապա ՝՝ Գորրէյիօ Տա Մանհա՝՝ կը գրէ ՝՝Հոծ բազմութիւնը մը կ՝ընդունի Պնենետիկտոս ԺԶ.Սրբազան Քահանայապետը՝՝։ Հուսկ ՝՝Իլ Բուպլիքօ՝՝ օրաթերթը կը վերնագրէ ՝՝ Քահանայպետը կաթողիկէներէն կը պահանջէ առաւել յանձնառում՝քաղաքական ու տնտեսական մարզերէն ներս՝՝...,անշուշտ բոլոր թերթերու վրայ տեղ կը գտնէ ֆաթիմայի Սրբավայրը ուր ուխտաւորները արդէն սկսած են երթալ նոյնիսկ հետիոտն հանդիպելու համար Սրբազան Քահանայապետին։







All the contents on this site are copyrighted ©.