2010-05-13 13:17:34

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ՍԱՐԳՍԵԱՆ-ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ։
Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Մեւլութ Չաւուշօղլուն։ Ողջունելով հիւրը՝ Հայաստանի նախագահը յոյս յայտնեց, որ Չաւուշօղլուի գլխաւորած պատուիրակութեան այցելութիւնը պիտի օգնէ տեղւոյն վրայ ծանօթանալու եւ աւելի առարկայական կարծիք կազմելու Հայաստանի եւ շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող մարտահրաւէրներուն մասին։ Իր կարգին Չաւուշօղլու ըսաւ, որ Եւրոպական խորհուրդի վեհաժողովին մէջ Հայաստանի խորհրդարանական պատուիրակութեան հետ սերտ համագործակցութիւն ծաւալած է։ Ան նաեւ բարձր գնահատեց Հայաստանի արձանագրած յառաջընթացը ժողովրդավարական բարեփոխումներու եւ փտածութեան դէմ պայքարի հոլովոյթներուն մէջ։
ՏԻՄԻԹՐԻ ՄԵՏՎԵՏԵՒ Կ՝ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԻ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՐՑԻ ՄԱՍԻՆ ։
Ռուսիոյ նախագահ Տիմիթրի Մետվետեւ Սուրիա կատարած այցելութեան աւարտին գնաց Թուրքիա, ուր հանդիպում ունեցաւ Թուրքիոյ նախագահ ԱպտււլլահԿիւլի հետ, որուն հետ բազմաթիւ համաձայնութիւններ կնքեց, ներառեալ՝ մուտքի այցեգիրներու ջնջման համաձայնութիւն մը։ Հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Կիւլ ըսաւ որ ՝՝մենք հպարտ ենք այսօր այցեգիրներու ազատականացման համաձայնագիրի ստորագրութեամբ՝՝ ։ Ան յայտնեց, որ համաձայնութիւնը ուժի մէջ պիտի մնայ այնքան ատեն որ երկու երկիրները անկէ կ՝օգտուին։ Ռուսական լրատու-միջոցները հաղորդեցին, որ Ռուսիոյ նախագահի Թուրքիա այցելութեան ընթացքին Մետվետեւի եւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ստորագրութեամբ ստեղծուեցաւ ռուս-թրքական Բարձրագոյն մակարդակի համագործակցութեան խորհուրդ։
Նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի հետ տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Մետվետեւ ընդգծեց, որ Մոսկուան ուշադիր կը հետեւի եւ կ՝աջակցի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին։ Իսկ անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հարցին՝ Մետվետեւ ըսաւ ՝՝ Ղարաբաղեան հարցը Կովկասի մէջ միակ խնդիրը չէ։ Վերջին շրջանին ղարաբաղեան հիմնախնդիրի լուծման ուղղութեամբ յուսադրող քայլեր իրականացուած են։ Հարցին առնչութեամբ քննարկումները կը շարունակուին՝՝։ Ան աւելցուց որ ՝՝ես չեմ ուզեր հիմա մեկնաբանել շրջաններու եւ տագնապներու այլ երեւոյթներու գծով առանձին պահեր, որովհետեւ նման հիմնախնդիրի նկատմամբ պէտք է ցուցաբերել նրբանկատ մօտեցում՝ աւելորդ լարուածութիւն չստեղծելու համար, յատկապէս որ Ռուսիա այստեղ յատուկ պիտի շարունակէ աշխատիլ եւ մօտիկ ապագային հանդիպումներ տեղի պիտի ունենան Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ։
ՏԷՅՎԻՏ ՔԱՄԵՐՈՆ ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ՆՈՐ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ։
Բրիտանիոյ Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավար Տէյվիտ Քամերոն Աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավար Կորտըն Պրաունի հրաժարումէն ետք Բրիտանիոյ Էլիզապեթ Բ. Թագուհիին կողմէ նշանակուեցաւ երկրի նոր վարչապետ։ Այժմ Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք առաջին անամ ըլլալով Բրիտանիոյ մէջ համախոհական կառավարութիւն մը կը կազմուի։ Այսպիսով, 43-ամեայ Քամերոն կը դառնայ Բրիտանիոյ վերջին երկու հարիւր տարուան պատմութեան ընթացքին ամէնէն երիտասարդ վարչապետը։ 6 մայիսին Բրիտանիոյ մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններու իբրեւ արդիւնք վերջ գտաւ Աշխատաւորական կուսակցութեան 13 տարուան իշխանութիւնը, սակայն Պահպանողական կուսակցութիւնը չյաջողեցաւ խորհրդարանի բացարձակ մեծամասնութեան տիրանալ եւ ստիպուեցաւ ձախակողմեան հակումով Ճոն Քլեկ-ի Ազատական ժողովրդավար կուսակցութեան հետ համախոհական կառավարութեան կազմութեան ձեռնարկել։







All the contents on this site are copyrighted ©.