2010-05-13 12:40:21

 Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Առաքելական Ճամբորդութիւնը Փորթուկալ


Հինգշաբթի 13 Մայիս 2010, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը պատարագ կը մատուցանէ ֆաթիմայի Մարեմեան Սրբավայրին հսկայ հրապարակը, աւելի քան 280 հազար ուխտաւորներու մասնակցութեամբ։

Իր արտասանած քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը ըսաւ ՜՜Ես ֆաթիմա եկած եմ որպէս ուխտաւոր։ Ուխտաւոր այս Տան , որ Մարիամ ընտրեց, որպէսզի մեզի հետ խօսի։

ֆաթիմա եկած եմ վայելելու՝ Տիրամօր Մայրական ներկայութիւնը ու հայցելու անոր պաշտպանութիւնը։

ֆաթիմա եկած եմ, որովհետեւ այս վայրին մէջ կը կեդրոնանայ այսօրուայ Եկեղեցւոյ քարոզութիւնը, որ Յիսուս՝ իր Որդին ընտրեց որպէս միջոց աւետարանութեան ու փրկութեան խորհուրդներու մատակարարման։

ֆաթիմա եկած եմ աղօթելու, Մարիամին հետ եւ անթիւ անհամար ուխտաւորներուն հետ, դժբախտ եւ տառապող մարդկութեան համար։

Հուսկ ֆաթիմա եկած եմ նոյն այն զգացումներով որ ունեցած էին երեք հովիւները Աստուծոյ աղախինը՝ Լուչիան եւ երանելիներ՝ Ճաչինդա եւ ֆրանչեսքոն, Տիրամօր վստահելու Եկեղեցւոյ եւ քահանաներու սէրը, մինչ կը պատրաստուինք եզրափակելու քահանայական տարին։

Մարիամի Մայրական պաշտպանութեան կը յանձնեմ քահանաները, կրօնաւոր-կրօնաւորուհիները, նուիրեալ անձերը, միսիոնարները եւ բոլոր անոնք որոնք բարիք կը գործեն Աստուծոյ Այգիին մէջ, Եկեղեցւոյ պայծառութեան համար։

Սիրելիներ, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը. Աստուած, մեր մեծ յոյսն է, Ան մեզի հետ է, Իր գթարատ սիրոյ մէջ ապագայ կը պատրաստէ իր ժողովուրդին, ապագայ մը՝ Աստուծոյ մէջ հաղորդակցութեան մէջ մտնելու ։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը իր քարոզը եզրափակեց ըսելով. ՜՜եօթը տարի ետք հոս պիտի վերադառնանք տօնախմբելու ''Երկինքէն եկած Կնոջ'' առաջին երեւումին 100ամեակը։ Ան եկաւ որպէս ուսուցչուհի առաջնորդելու երեք փոքրիկները լաւագոյնս ճանչնալու Աստուծոյ սէրը եւ ճաշակելու Տէրը որպէս մարդկային գոյութեան գեղեցկագոյնը

Պատարագին աւարտին Նորին Սրբութիւնը երեք հովիւներու դամբարանին առջեւ դարձեալ պահ մը կ'աղօթէ ։

Յետմիջօրէին Սրբազան Հայրը հանդիպում կ'ունենայ ընկերային հովուութեան պատասխանատուներուն հետ։ Իսկ երեկոյեան կը տեսնուի Փորթուկալի եպիսկոպոսական համահաւաք դասին հետ։

ֆաթիմայի մարեմեան սրբավայրին մէջ, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնեց քահանաներուն, կրօնաւորներուն ու նուիրեալ հոգիներուն իրենց հաւատարմութեան համար ՜՜Աւետարանին ու Եկեղեցւոյ՝՝։ Սրբազան Հայրը ,ֆաթիմայի ու Երրորդութեան պազելիքայի մէջ գլխաւորած երեկոյեան ժամասացութեան ընթացքին այս խօսքը արտասանեց .՜՜Դուք ամէնքդ ձեր կեանքը տուած էք Քրիստոսի։ Ձեզի կ'ուզեմ յայտնել Եկեղեցւոյ գնահատանքն ու երախտագիտութիւնը։ Շնորհակալ եմ ձեր բարի ու լուռ վկայութեան համար։ Եկեղեցւոյ ու հաւատացեալի մտահոգութիւնն է նուիրեալի մէջ տեսնել հաւատարմութիւն, անկեղծութիւն հանդէպ Յիսուսի, հետեւելու իր կոչումին՝՝։

Նորին Սրբութիւնը քահանաներէն խնդրեց որ իրենց գործունէութիւնը կեդրոնացնեն ՜՜հաւատացեալը Յիսուսի մօտեցնելու եւ զայն սրբացնելու՝՝ վրայ ։ Հուսկ քահանայութեան թեկնածուներէն խնդրեց որ յստակացնեն իրենց դիտաւորութիւնները եւ քահանայ ըլլալու դրդապատճառները։

Ժամասացութեան աւարտին Նորին Սրբութիւը որդիական աղօթք մը ուղղեց Տիրամօր, խնդրելով՝ որ Եկեղեցւոյ պարգեւէ սուրբ քահանաներ, Եկեղեցին բարենորոգելու համար։

՜՜Անարատ Մայր, շնորհքի այս վայրին մէջ, կ'ուզենք մենք զմեզ նուիրել մայրական սուրբ սրտիդ։ Մենք գիտակից ենք թէ առանց Յիսուսի կարող չենք բարի գործեր կատարել։ Սուրբ Հոգւոյն Հարս, դուն ընդունէ մեզ այլ ոմն Քրիստոս ըլլալու, եւ այսպէս՝ սուրբ քահանաներու միջոցաւ Եկեղեցին կը բարեփոխուի։

Գթութեան Մայր, Յիսուս՝ Քու Որդիդ իր աշակերտներէն խնդրեց ՜՜ըլլալու աշխարհի լոյսը ու երկրի աղը՝՝։ Բարեխօսէ մեզի համար որպէսզի բնաւ չդաւաճանենք այս մեծ կոչումը եւ տեղի չտանք եսասիրութեան, աշխարհի հրապոյրին ու Չար ոգիի թելադրանքներուն։ Պահպանէ մեզ քու մաքրութեամբդ, պահէ մեզ քու խոնարհութեամբդ ու պատէ մեզ քու մայրական սիրովդ. այսպէս եզրափակեց Նորին Սրբութիւնը իր աղօթքը ուղղուած Տիրամօր։








All the contents on this site are copyrighted ©.