Ո՞վ չի ճանչնար Արս գիւղի ժողովրդապետը,
այն սուրբ մարդը, որ իր գիւղը եւ շրջակայ բնակիչները Աստուծոյ դարձուց եւ մեռաւ սրբութեան
համբաւով:
Այս մարդը երկու բաներու ջերմեռանդութիւն ունէր. Ս. Հաղորդութեան եւ
Ս. Աստուածամօր: Այնպէս կը խօսէր այս երկու նիւթերու մասին, որ կը խանդավառէր լսողները
եւ Յիսուսի եւ Ս. Կոյսին սիրով կը բորբոքէին:
Սուրբը իր ծառայութեան համար ունէր
բարեպաշտ միամիտ այրի տիկին մը Կատարինէ անունով, որ վկան եղաւ մեծ շնորհքի մը, տրուած
իր սուրբ վարդապետին:
Իրիկուն մը, սպասուհին կարծելով, որ ժողովրդապետը եկեղեցին
է, առանց դուռը բախելու անոր սենեակը կը մտնէ շտկելու համար: Բայց հազիւ դուռը բացած,
սեմին վրայ գամուած կը մնայ, յուզուած՝ առջեւը բացուած անակնկալ տեսարանէն: Սուրբ քահանան,
պաշարուած տեսիլքի մը հրաշալի լոյսէն, մանկական պարզութեամբ կը խօսի իր երկնային այցելուհիին
հետ:
Կատարինէ կը հասկնայ իր ըրած սխալը եւ կ’ուզէ ետ քաշուիլ, բայց չի կրնար.
կարծես շղթայուած է անծանօթ ուժէ մը:
-Բարի մայրիկս, կ’ըսէր Արսի ժողովրդապետը,
խնդրեմ առողջացուր այդ հիւանդը:
Ս. Կոյսը կը ծռի ու կը ժպտի.
-Շատ լաւ,
թող առողջանայ:
-Շնորհակալ եմ բարի մայրիկս: Բան մը չես մերժեր ինծի: Խղճա՜ այդ
անդարձ մեղաւորին վրայ. պարգեւէ իրեն այն անդիմադրելի շնորհքը, որ զինք Որդիիդ վերադարձնէ:
-Շատ
լաւ, այնպէս թող ըլլայ:
-Ո՜հ, շնորհակալ եմ, բարի մայրիկս: Թոյլ տուր որ ուրիշ
խնդրանք մըն ալ ընեմ: Ես աղքատ եմ եւ ոչինչ ունիմ ժառանգ ձգելու իմ պառաւ սպասուհիիս…
Գոնէ առողջացուր զինքը, մահէս առաջ, զինք տանջող հիւանդութենէն:
Երրորդ անգամ
ալ Ս. Կոյսը պատասխանեց:
-Այո, ուզածիդ պէս թող ըլլայ:
Ու տեսիլքը չքացաւ:
Այն ատեն միայն քահանան Կատարինէն տեսաւ սեմին վրայ.
-Ինչպէ՞ս… հակառակ արգելքիս
հո՞ս էիր:
-Բայց… չէի գիտէր եւ երբ ուզեցի ետ քաշուիլ, չկրցայ շարժիլ:
-Լաւ,
ինչպէ՞ս ես հիմա:
-Բոլորվին առողջ եմ..
-Օրհնենք Մարիամը, ըսաւ քահանան,
բայց երդում ըրէ որ մէկուն պիտի չպատմես այսօրուան տեսածդ ու լսածդ:
Կատարինէ
երդում ըրաւ եւ հաւատարիմ մնաց իր խոստումին: Բայց երբ քահանային սրբադասման ատեանը բացուեցաւ,
Եկեղեցին լուծեց անոր երդումը եւ ան ստիպուեցաւ նկարագրել այդ սքանչելի տեսարանը:
Դեռ
ո՜վ գիտէ քանի՜ քանի՜ նման տեսարաններ կրկնուեցան Սուրբի կեանքի ընթացիքն, զորս պիտի
գիտնանք միայն անդիի աշխարհին մէջ: