2010-05-11 14:20:41

Վատիկանեան տեղեկութիւններ


Սրբազան Քահանայապետին ''Յիսուս Նազովրեցի'' գրքին երկրորդ հատորը:

Վատիկանի մամլոյ գրասենեակը կը հաղորդէ որ տպագրութեան յանձնուեցաւ Սրբազան Քահանայապետին ''Յիսուս Նազովրեցի'' գիրքին երկրորդ հատորը ։

Հատորը նուիրուած է ''Չարչարանքի եւ Յարութեան''։

Գիրքին բնագիրը յօրինուած է գերմաներէն լեզուով։

Հրատարակչութեան իրաւունքները յանձնուած են Վատիկանի գլխաւոր հրատարակչատան - editrice vaticana – ի .

Նշենք որ գիրքին առաջին հատորը լոյս տեսած էր 2007ին, եւ կ̓ ընգրկէր 10 գլուխ՜՜ Յիսուսի կեանքին՝՝ մասին անոր մկրտութենէն մինջեւ պայծառակերպութիւնը։





Սուրբ Աթոռը կը խրախուսէ հիմնել '' ամբողջացուցիչ ընկերութիւն'' մը

Ներգաղթի իրավիճակը օրէ օր աւելի մտահոգիչ է, ուստի անհրաժեշտութիւնը կը զգացուի հիմնելու ''լրացուցիչ ընկերութիւն'' մը, այսպէս յայտարարած է Արքեպիսկոպոս Անթոնիօ Մարիա Վելիոն, նախագահը՝ գաղթականներու եւ փախստականներու քահանայապետական խորհուրդին, իր մասնակցութիւնը բերելով ''գաղթականներու ներառումը մեծ քաղաքներու արուարձաններու մէջ'' նիւթով համագումարին, որ տեղի ունեցաւ Իտալիոյ Միլան քաղաքի ՜՜Սիրտ Յիսուսի՝՝ անուան համալսարանի մէջ։

Այսօր աւելի քան երբեք արտագաղթի քաղաքականութիւնը կը պահանջէ կազմել

ընկերութիւն մը ՜՜որուն պատկանելիութեան եւ մասնակցութեան տարածութիւնները աւելի լայն դառնան եւ նուազին անտեսութիւնն ու մերժումը''։ ՜՜Ամբողջացուցիչ ընկերութիւն'' հիմնելու նպատակակէտը պէտք է ըլլայ ոչ թէ պահպանել ու պաշտպանել մշակոյթները եւ կրօնքը այլ զարգացնել նոր ցանցեր փոխադարձ եղբայրակցութեան ընդդէմ չքաւորութեան եւ ընկերային մթնոլորտէն հեռացման, եւ յաջողեցնելու զանազան մշակոյթներու փոխյարաբերութիւնը՝ զարգացումն ու հարստութիւնը։

Հարկ է, (աւելցուց Արքեպիսկոպոսը) ընտրել համարկումի այնպիսի օրինակներ, որոնք կը յայտնաբերեն երկխօսութեան եւ ունկնդրութեան արժէքները, առանց անտեսելու՝ պարտականութիւնը ՜՜յարգելու օրէնքները՝՝ որ ամէն երկրի առանձնաշնորհում է։



 








All the contents on this site are copyrighted ©.