2010-05-11 13:50:39

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին առաքելական ճամբորդութիւնը Փորթուկալ։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին առաքելական ճամբորդութիւնը Փորթուկալ։

Հետեւելով նախորդ Քահանայապետներու` երջանկայիշատակ Պօղոս Զի եւ Յովհաննէս Պօղոս Բի հետքերուն Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը մայիս 11-ին Փորթուկալ մեկնեցաւ. այցելութիւնը պիտի տեւէ մինչեւ 14 մայիս։

Ճամբորդութեան գլխաւոր նպատակն է այցելութիւն՝ ֆաթիմայի մարեմեան սրբավայր, ուր Ս. Կոյս Մարիամ 1917ին երեք փոքրիկ հովիւներուն երեւեցաւ։

Այս հովուական այցելութեան ընթացքին Սրբազան հայրը նաեւ կ'այցելէ Լիզպոնա մայրաքաղաքը եւ Փորթօ քաղաքը։ Այցելութիւնը կը զուգադիպի Ճիաչինդօ եւ ֆրանչեսքօ հովիւներու երանացման 10-րդ տարեդարձին։

Այսօր երեքշաբթի 11 Մայիսին, առաւօտեան ժամը 8.30ին Սրբազան Հայրը մեկնեցաւ Լիզպոնա, ուր տեղական ժամով 12.30 անց հասաւ մայրաքաղաքի օդակայանը։ Բարի գալուստի արարողութեան մասնակցեցան երկրի քաղաքական ու եկեղեցական իշխանութիւնները, գլխաւորութեամբ՝ հանրապետութեան նախագահ Անիպալ Գավագօ Սիլվայի եւ Լիզբոնի պատրիարք՝ կարտինալ խոզէ Տա Գրուզ Բոլիգարբոյի։

Իր առաջին ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. ՜՜Տիար նախագահ ձեր մէջ կը գտնուիմ որպէս ուխտաւոր ֆաթիմայի Տիարմօր եւ որպէս Ս. Պետրոսի յաջորդը հաւատքի մէջ հաստատելու եղբայրները։ 93 տարի առաջ Փորթուկալի երկինքը բացուեցաւ որպէս յոյսի պատուհան։ Այս պատուհանը Աստուած բացաւ որպէսզի մարդիկը իրարզիրար ճանչնան որպէս եղբայրներ։ Մարդկութեան յայտնուեցաւ Ամենասուրբ Կոյս Մարիամը. ՜՜նշան՝ Աստուծոյ ողորմութեան ու սիրոյ՝՝։ Տիրամայրը եկաւ որպէսզի մարդոց յիշեցնէ ՜՜աւետարանական ճշմարտութիւնները, աղբիւր յոյսի՝՝։

Ապա Նորին Սրբութիւնը իր ողջոյնը ուղղեց Փորթուկալի բոլոր բնակչութեան եւ Աստուծոյ օրհնութիւնը հայցեց բոլորին համար, մաղթելով որ Աստուածածինը իր հովանաւորութեան տակ առնէ Փորթուկալի սիրեցեալ ազգը։

Նորին Սրբութիւնը նախքան նախագահական պալատը այցելելը՝ այցելեց Հիերոնիմիթ վանքը , կառուցուած՝ 16րդ դարուն Մանուէլ Ա. արքայէն։ Վանքին առաջին հայրերը եղան Սուրբ Յերոնիմոսի կարգի միաբանները։ Այս կառոյցը մաս կը կազմէ Ունեսքոյի համաշխարհային ժառանգութեան։

Նախագահի այցելութենէն անմիջապէս ետք Սրբազան Հայրը ուղղուեցաւ առաքելական Նուիրատուն։

Յետմիջօրէին Նորին Սրբութիւնը Առեւտուրի պալատին հրապարակը պատարագ մուտոյց։ Ս. Զոհին աւարտին Սրբազան հայրը վերակոչեց ՜՜Քրիստոս Թագաւոր՝՝ սրբավայրին հիմնարկութեան 50րդ տարեդարձը։ Յիսուսի թագաւոր արձանը ներշնչուած է Պրազիլի աշխարհահռչակ արձանէն, բարձրութիւնը 20 մեթր է եւ զետեղուած է 113 մեթր բարձութեամբ բլուրին վրայ։ Անոր բացումը կատարուեցաւ 17 մայիս 1959ին։

Չորեքշաբթի 12 մայիսին, կէսօրէ առաջ Սրբազան Քահանայապետը հանդիպում կ'ունենայ մշակոյթի աշխարհին հետ Պելեմ կոչուած մշակութային կառոյցին մէջ, իսկ յետմիջօրէին ինքնաթիռով ՜՜ֆաթիմայի Մարեմեան Սրբավայրը՝՝ կ'ուղղուի, ուր կը մնայ երկու օր ։

ֆաթիմա քաղաքին մէջ կը բնակին աւելի քան 8000 հոգի։

ֆաթիման եղաւ Ս. Կոյս Մարիամի երեւումներու կեդրոնը 3 փոքրիկ հովիւներուն` Լուչիա, Ճաչինդա եւ ֆրանչեսքօ։

Աստուածածինը 6 անգամ երեւեցաւ այս փոքրիկներուն, 1917ի մայիս ամիսէն մինչեւ հոկտեմբեր։ Ներկայիս ՜՜ֆաթիմա՝՝ն աշխարհի մեծագոյն սրբավայրերէն մէկն է։ Ամէն տարի շուրջ չորս միլիոն հաւատացեալներ հոն ուխտագնացութիւն կը կատարեն։

Նորին Սրբութիւնը պահ մը կ՝աղօթէ ֆաթիմա սրբավայրի ՜՜Յայտնութիւններու մատրան՝՝ մէջ, ան կառուցուած է 1919-1921, եւ կը մատնանշէ ճիշտ տեղը ուր՝ Սուրբ Կոյս Մարիամը երեւցաւ կաղնիի փոքր ծառին վրայ։ Հոն կայ 1 ,20 մեդր բարձրութեամբ արձան մը կատարուած 1920-ին քոյր Լուչիայի ցուցմունքներու համաձայն։ Աւելի հեռուն կը գտնուի մեծ պազիլիքան այնտեղ կը գտնուին գերեզմանները՝ ուր կը հանգչին երեք հովիւներու մարմինները։ Պազիլիքան ունի 15 խորան նուիրուած՝ Վարդարանի 15 խորհուրդներուն, ինչպէս նաեւ ապակիներու վրայ պատկերացուած են յայտնութիւնները եւ Տիրամօր լիթանեան։ Սրբավայրը կարող է ընդունիլ աւելի քան 300 հազար հոգի։

Մայիս 12ի յետմիջօրէին՝ Նորին Սրբութիւնը կը գլխաւորէ երեկոյեան ժամասացութիւնը Ս. Երրորդութեան եկեղեցւոյ մէջ մասնակցութեամբ կղերին։

Մայիս 13ին, Նորին Սրբութիւնը պատարագ կը մատուցանէ Սրբավայրին հսկայ հրապարակը ապա դարձեալ պահ մը կ'աղօթէ 3 հովիւներու գերեզմանին առջեւ եւ հանդիպում կ'ունենայ ընկերային հովուութեան պատասխանատուներուն հետ։

Ուրբաթ` 14 մայիսին, վերջին օրը իր այցելութեան, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ֆաթիմայէն կը մեկնի Բորթօ ուր Ավենիտա դոս Ալիատոս՝ մեծ հրապարակը, բացօդեայ պատարագ կը մատուցէ ապա Բորթոյի օդակայանէն Հռոմ կը վերադառնայ։







All the contents on this site are copyrighted ©.