2010-05-11 14:20:55

Գոյժ՝ քոյր Նարդուհի Ուստաքարայեանի

Պէյրութ, Լիբանան







 
Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութիւնը կը գուժէ մահը քոյր Նարդուհիի մկրտութեան անունով՝ Ալիս Ուստաքարայեան, որ պատահեցաւ կիրակի 9 Մայիս 2010։

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի 10 Մայիսին, Զմմառու մէջ։

Քոյր Նարդուհի Ուստաքարայեան ծնած է Այնթապ, 29 Մարտ 1919-ին։ Ան կը յաճախէ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Քեսապի դպրոցը: 1936-ին կը մեկնի Հռոմ մաս կազմելու համար քոյրերու միաբանութեան: 3 տարիներ ետք, 1939-ին, կրօնաւորական սուրբ ուխտերը կը կատարէ:

Քոյր Նարդուհին պաշտօնավարած է Պէյրութի, Քեսապի, Պուրճ Համուտի, Դամասկոսի, Զահլէյի, Անճառի, Ամմանի, Թեհրանի, Հալէպի եւ Զմմառու մէջ:

Ռատիովատիկանի հայերէն հաղորդումներու անձնակազմը իր ցաւակցութիւնը կը յայտնէ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան, ինչպէս նաեւ ողբացեալին ընտանեկան պարագաներուն։ 

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ.Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ ընդունեց Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդի թեկնածուները- Լիբանան






 

Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդին առաջադրուած թեկնածուները, որոնց շարքին էր Հայ Կաթողիկէ թեկնածուն՝ պրն. Սերժ Չուխատարեան, Շաբաթ, 8 Մայիս 2010-ին, այցելեցին Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին։

Հանդիպման ընթացքին ներկաները անդրադարձան քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրապայքարի ընդհանուր կացութեան, ինչպէս նաեւ առաջարկուած խորհուրդը ներկայացուց մայրաքաղաքի քաղաքապետութեան նախատեսուած ծրագիրները եւ ակնկալութիւնները յաջորդ վեցամեայ նստաշրջանին համար։

Հանդիպման աւարտին, թեկնածուները խնդրեցին Հոգեւոր Տիրոջ հայրական օրհնութիւնը եւ գործակցութիւնը, որպէսզի յաջողութեամբ կատարեն իրենց պաշտօնը մայրաքաղաքի քաղաքապետական խորհուրդին մէջ։  








All the contents on this site are copyrighted ©.