2010-05-10 13:10:58

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին առաքելական այցելութիւնը Փորթուկալ 11-14 Մայիս։


Մայիս 11-ին սկիսբ կ'առնէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի 15րդ առաքելական ճամբորդութիւնը Իտալիոյ սահմաններէն դուրս։ Ասիկա Նորին Սրբութեան առաջին այցելութիւնն է Փորթուկալ, որուն բնակչութեան մեծամասնութիւնը կաթողիկէ է։ Արդարեւ բնակչութեան 88.3 տոկոսը կաթողիկէ, այսինքն աւելի քան 9 միլիոն՝ 10,6 միլիոն բնակչութեան վրայ։

Փորթուկալի եկեղեցին ունի 21 թեմ եւ 4.400 ժողովրդապետութիւններ։ Կուսակրօն քահանաներու թիւն է 3.800, որոնց 2.800 թեմական վարդապետներ են եւ 1000-ը քահանայ կրօնաւորներ։ Փորթուկալի մէջ կը գործեն 5.700 կրօնաւորուհիներ, 63.900 կրօնուսոյցներ, 723 թեկնածու քահանաներ եւ 52 եպիսկոպոսներ։

Կրթական մարզին մէջ Փոթուկալի կաթողիկէ եկեղեցին ունի 800 մանկամսուր եւ նախակրթական դպրոցներ, որոնց կը յաճախեն 84.380 աշակերտ-աշակերտուհիներ, ունի նաեւ 80 ճեմարաններ, ու կը յաճախեն 31 հազար աշակերտներ, ինչպէս նաեւ 27 համալսարաններ 14 հազար ուսանողներով։

Գալով բարեսիրական եւ ընկերային հարցերով զբաղող կաթողիկէ հաստատութիւններուն, եկեղեցին ունի 34 հիւանդանոցներ, 155 դարմանատուներ եւ 799 խնամատուներ եւ ծերանոցներ, 663 որբանոցներ, 55 ընտանեկան կեդրոններ կեանքի պաշտպանութեան համար։

Կիրակի օրը, մարեմեան աղօթքին ընթացքին Նորին Սրբութիւնը յայտնեց թէ յառաջիկայ օրերուն առաքելական ճամբորդութիւն մը կը կատարէ Փորթուկալ, ուր ուրախութիւնը պիտի ունենայ այցելելու մայրաքաղաք Լիզպոնան, եւ Փորթօն` երկրին երկրորդ քաղաքը։ Սակայն իմ ճամբորդութեանս գլխաւոր նպատակն է (ըսաւ Սրբազան Հայրը) ուխտագնացութիւն կատարել ֆաթիմայի մարեմեան սրբավայրը, Ճաչինդօ եւ ֆրանչեսքօ երկու հովիւներու երանացման 10րդ տարեդարձին առթիւ։ Որպէս Քահանայապետ, (աւելցուց Պենետիկտոս ԺԶ) առաջին անգամն է որ կ'այցելեմ մարեմեան այս սրբավայրը, որ այնքան սիրելի էր Աստուծոյ ծառայ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ին։

Հուսկ Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց ներկաները որ մտքով ընկերանան իրեն իրենց աղօթքներով։ Յատուկէն աղօթեցէք Եկեղեցւոյ, քահանաներուն եւ աշխարհի խաղաղութեան համար (եզրափակեց Սրբազան Հայրը)։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.