2010-05-09 09:30:36

Սրբազան Քահանայապետին ցաւակցական հեռագիրը ի լուր՝Իրաքի քրիստոնեաներու դէմ կատարուած մահափորձին։


Սրբազան Քահանայապետին ցաւակցական հեռագիրը ի լուր՝Իրաքի քրիստոնեաներու դէմ կատարուած մահափորձին։

Վատիկանի պետական քարտուղարը կարտինալ Դարչիզիօ Պերթոնէ յանուն Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին, ցաւակցական հեռագիր մը յղեց ի լուր քրիստոնեայ աշակերտներու դէմ ծայռայեղ մահմատականներու կողմէ կատարուած մահափորձին, որուն հետեւանքով 4 հոգի սպաննուեցան եւ 171 աշակերտ վիրաւորուեցաւ, որոնցմէ 17 ծանր կերպով վիրաւորուած։

Մուսուլի առաջնորդ Գաս Մուսային յղած հեռագիրին մէջ, Նորին Սրբութիւնը իր խոր ցաւը կը յայտնէ ի լուր մահափորձի ողբերգութեան եւ կ'աղօթէ զոհերուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն համար։ Միաժանակ Սրբազան հայրը իր մօտիկութիւնը եւ հոգատարութիւնը կը յայտնէ Իրաքի քրիստոնեայ հասարակութեան ։ Հուսկ կոչ կ'ուղղէ բարի կամք ունեցող բոլոր մարդոց որպէսզի հրաժարին բռնարարքներ կատարելէ։

Յայտնենք թէ Մուսուլի քրիստոնեաները կը դժգոհին որովհետեւ իրենք զիրենք պաշտպանուած չեն զգար ազգային ապահովութեան ոյժերէն։ Իրաքի քրիստոնեաները ներկայիս կէս միլիոնէ նուազ են, մինչ ամերիկեան պատերազմէն առաջ անոնք մէկ ու կէս միլիոն կը հաշուէին։ Ներկայիս իրաքի քրիստոնեաներու մեծամասնութիւնը բնակութիւն հաստատած է քրտական հողամասին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.