2010-05-09 13:19:29

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Ողջ Լեր թագուհի մարեմեան աղօթքը։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Ողջ Լեր թագուհի մարեմեան աղօթքը։



կիրակի մայիս 9, Զ. կիրակի Յիսնակաց, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` Ողջ Լեր թագուհի մարեմեան աղօթքը արտասանեց, իր գրասենեակի պատշգամէն, տասնեակ հարիւրաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ, նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց.

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Այսօրուան ծիսակատարութիւնը մեզի կը յիշեցնէ թէ խաղաղութիւնը հիմնուած է Աստուծոյ սիրոյն վրայ ու անոր խօսքին հաւատարմութեան վրայ։ Աստուծոյ Խօսքը մեր կեանքի կեդրոնը դարձնելով, քրիստոնեան կը վայելէ ներքին խաղաղութիւնը հակառակ դժուարութիւններու, որովհետեւ համոզուած է թէ աստուածային ներկայութիւնը իր կողքն է։ Աղօթքս է որ քաջութիւնը ունենաք սիրել, կարդալ եւ խորհրդածել Աստուծոյ խոսքին վրայ ընտանիքին մէջ։ Ասիկա լաւագոյն միջոցն է որպէսզի ձեր օճախը ըլլայ խաղաղութեան վայր։

Ապա Նորին Սրբութիւնը ներկաններէն խնդրեց որ աղօթեն քահանաներուն համար որպէսզի միշտ մնան հաւատարիմ իրենց խոստումին եւ մասնաւորապէս աղօթեցէք հանգստեան կանչուած քահանաներուն համար։ Հուսկ Սրբազան Հայրը յիշեցուց թէ կը գտնուինք Մայիս ամսուան մէջ։ Այս ամիսը կը պատգանի Քրիստոսի յարութեան ծիսական շրջանին եւ կը պատրաստէ մեզ Ս. Հոգւոյ գալստեան։ Այս ամիսը նուիրուած է մասնաւորապէս Աստուածամօր։ Ս. Կոյս Մարիամը Արարչագործութեան լաւագոյն եւ գեղեցկագոյն ծաղիկն է։ Այս ''Ծաղիկը'' յայտնուեցաւ ժամանակներու լրումին, երբ Հայր Աստուած աշխարհ ղրկեց իր Որդին եւ աշխարհին շնորհեեց նոր գարուն մը։

Նորին Սրբութիւնը յայտնեց թէ յառաջիկայ օրերուն առաքելական ճամորդութիւն մը կը կատարեմ Փորթուկալ, ուր ուրախութիւնը պիտի ունենամ այցելելու մայրաքաղաք Լիզբոնան, Փորթօն` երկրին եկրորդ քաղաքը։ Սակային իմ ճամբորդութեան գլխաւոր նպատակն է ուխտագնացութիւն կատարել ֆաթիմա, Ճաչինդօ եւ ֆրանչեսքօ երկու հովիւներու երանացման 10րդ տարեդարձին առթիւ։ Որպէս Քահանայապետ առաջին անգամ կ'այցելեմ մարեմեան սրբավայրը, որ այնքան սիրելի էր Աստուծոյ ծառայ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի։ Անմէնքդ կը հրաւիրեմ մտքով ընկերանալ ինծի ձեր աղօթքներով, յատուկէն աղօթեցէք Եկեղեցւոյ, քահանաներուն եւ աշխարհի խաղաղութեան համար։

Ձեզի ամէնուդ կը մաղթեմ բարի կիրակի։








All the contents on this site are copyrighted ©.