2010-05-09 09:31:28

Մայրերու Օրը։


Մայրերու Օրը։ Մեր ամէնէն շատ սիրած էակին գեղեցիկ տօնն է այսօր։ Գարնանային ծաղկման եւ բնութեան զարթնումին հետ միասին կը հասնի նաեւ բարի, պայծառ եւ լուսաւոր տօն մը՝ Մայրերու Օրը։

Բոլոր ժողովուրդները եւ ազգերը իրենց սովորութիւններով կը մեծարեն Մայրը։ Ահա հասած է այդ օրը։ Իրականութեան մէջ ամէն օր մեզի համար մայրերու Օր է, որովհետեւ ամէն օր կը սիրենք եւ կը գուրգուրանք իրենց: Սակայն Մայիսի երկրորդ Կիրակին պաշտօնապէս նշանակուած է տօնակատարութեան համար: Ամէն մարդ այդ օրուան ուրախութեամբ եւ անձկութեամբ կը սպասէ։ Նուէրներու մասին կը մտածեն եւ լաւագոյնս տօնելու համար շատ ծրագիրներ կը մշակեն։ Ուրեմն ի՞նչ ընենք այդ օրը: Ահաւասիկ ձեզի առաջարկներու շարք մը, որ վստահաբար պիտի նպաստէ ձեր ծրագիրներուն իրագործման եւ լաւագոյն Մայրերու Օրը տօնելու համար։

1- Իրագործեցէ՛ք «արտասովոր» արձակուրդ մը: Կրնաք կարգ մը պարզ կարգադրութիւններով հայկական համ ու հոտով պտոյտ մը կազմակերպել, ուր ներկայ են հայկական ճաշատեսակները, երգն ու պարը: Մօտակայ հանրային պարտէզ մը, ուր կարելի է երկինքին տակ հայկական տոհմիկ օր մը ապրիլ։

2- Կարելի է ստեղծել տնային շարժապատկերի մթնոլորտ, դիտելով մայրիկին հետ ունեցած ձեր հին պատկերները: Անոնք կրնան հաճելի յիշատակներ արթնցնել ձեր մէջ:

3- Ընտանիքին կեանքին մէջ գտէք ծիծաղաշարժ երեւոյթներ ու դէպքեր: Երեկոն միասին անցնելով, փորձեցէք վերյիշել եւ գրի առնել ընտանեկան կեանքէն ներս գոնէ անցնող տարուան ընթացքին տեղի ունեցած ծիծաղաշարժ ու հաճելի երեւոյթներն ու պատահարները: Այսպիսով երջանիկ պահեր պարգեւած կ՛ըլլաք ձեր մայրիկին:

4- Երաժշտութեամբ պայծառացուցէք ձեր ընտանեկան մթնոլորտը: Երաժշտութեան կախարդող ներգործութիւնը ամբողջութեամբ պիտի թարմացնէ ձեր եւ ձեր մայրիկին տրամադրութիւնը: Քանի մը տարեկան երեխաները կրնան իրենց գիտցած երգերը իրենց գիտցած ձեւով երգել մայրիկին համար՝ թռիչք պարգեւելով անոր հոգիին:

5- Մայրերու Օրը շատ իմաստալից կ՛ըլլայ ամուսինին եւ զաւակներուն կողմէն կնոջ կամ մօր պարգեւել այն ինչ, որուն կարիքը ունի: Ցանկը երկար է, բայց կարելի է յիշել հետեւեալները.-

* Մայրիկին ազատ ժամանակ պարգեւել:

* Առաւօտեան մինչեւ ուշ ժամերը քնանալու առիթ ստեղծել մայրիկին:

* Քոյրիկ-աղբարիկ «կռիւները» յետաձգել մինչեւ յաջորդ օրը:

* Որեւէ բան, որուն կարիքը ունի մայրիկը՝ ձեր կարծիքով:

6- Ծաղիկներ ցանեցէք կամ նոյնիսկ ծառ տնկեցէք ձեր մայրիկին համար: Եթէ ձեր տունը օժտուած է պարտէզով, կարելի է այդ օրը մայրիկին սիրած ծաղիկի տեսակը ցանել: Կարելի է նոյնիսկ ծառ մը տնկել եւ յետագային անոր տուած իւրաքանչիւր պտուղին հետ անգամ մը եւս յիշել կամ պատուել մայրիկը: Պարտէզին մէջ երեխաները կրնան քաղցր խօսքեր գրել մայրիկին՝ հողին վրայ:

7- Մայրերը իրենց կարգին կրնան նախաձեռնել հետեւեալը: Հաւաքեցէք երեխաները եւ իւրաքանչիւրին ձեռքերն ու ոտքերը թաթխեցէք ոչ-թունաւոր այլազան գոյներով ներկերու մէջ, ապա թելադրեցէք իրենց, որ գունաւոր ձեռքերն ու ոտքերը դրոշմեն մեծ պաստառի մը վրայ: Իւրաքանչիւրը կրնայ իր դրոշմներուն կողքին բարի մաղթանք մը գրել մայրիկին: Եթէ նման բան մը ընէք յաջորդ տարի եւս, պիտի տեսնէք, թէ կարգ մը ձեռքեր եւ ոտքեր որքա՜ն մեծցած են:

8- Օրուան պատշաճ բացիկի մը մէջ՝ բանաստեղծութիւն մը նուիրեցէք ձեր մայրիկին:

9- Վերջապէս ինչպէ՞ս կարելի է երեւակայել մայրերու օր առանց ամուր «փաթթուկներու» կամ տաքուկ եւ համովիկ «պաչիկներու»:








All the contents on this site are copyrighted ©.