2010-05-08 12:59:16

Հայ ազգի նշանաւոր դէմքեր։Սալբի Ղազարեան։


Հայ ազգի նշանաւոր դէմքեր։Սալբի Ղազարեան։

Սալբի Ղազարեան Հայաստան հաստատուած եւ հոն աշխատող այն սփիւռքահայերէն է, որոնք շատ լաւ գիտեն Հայաստանի եւ սփիւռքի խնդիրները եւ Հայաստան-սփիւռք համագործակցութեան շատոնց չեն նայիր զգացմունքային եւ գեղարուեստական տեսանկիւնէն, այլ սթափ, գործնական, նոր ժամանակներուն համապատասխան յարաբերութիւններ կ'ուզեն տեսնել՝ուժեղ եւ կայուն Հայաստանով եւ նոյնքան ուժեղ ու ժողովրդավար սփիւռքով։
Նոր ժամանակներու ոգին Սալբի Ղազարեան ձեռք բերած է Միացեալ Նահանգներու մէջ, ուր ապրած է երկար տարիներ ու նաեւ տարբեր միջազգային եւ հայկական կառոյցներու հետ աշխատանքի իբրեւ արդիւնքին՝ հասկցած է հայաշխարհի զարգացման ուղիները։ Իսկ ութ տարի Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախկին նախարար Վարդան Օսկանեանի խորհրդականի աշխատանքն ալ ուրիշ փորձառութիւններ աւելցուցած է այդ բոլորին վրայ։
Այսօր ան կը գլխաւորէ 2008-ին Վարդան Օսկանեանի հիմնած ՝՝Սիվիլիթաս՝՝ հիմնադրամը, որ իր գործունէութեան բնոյթով նորութիւն մըն է Հայաստանի ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու դաշտին մէջ։ Սիվիլիթաս լատիներէն կը նշանակէ քաղաքացիի պատասխանատուութիւնը՝ հասարակութեան առջեւ։

Արդէն երկու տարի է կը գործէ ՝՝Սիվիլիթասը՝՝։ Ի՞նչ նպատակով ստեղծուեցաւ այս հիմնադրամը հարցումին պատասխանելով ըսած է Ղազարեան։
- Հիմնադրամին հիմնական նպատակն է՝ ուժեղացնել քաղաքացիական հասարակութիւնը։ Այդ առումով երկու ուղղութեամբ կ'աշխատինք։ Ունինք Զարգացում եւ ժողովրդավարութիւն նախաձեռնութիւն, որու ծիրին մէջ թէ՛ մամուլին հետ կ'աշխատինք, եւ թէ՛ աշխատանք կը տանինք գիւղական շրջաններուն մէջ՝ իւրաքանչիւր գիւղացիին հետ, որպէսզի գիւղաշխարհը զարգանայ, գիւղացիները ապրին ինքնաբաւ եւ արժանավայել կեանքով հակառակ պարագային, քաղաքացիական հասարակութեան մասին խօսիլը անիմաստ է։ Եթէ քաղաքացին բնական կեանք չունի, ապա ան նախ իր անմիջական հոգերով կը զբաղի, յետոյ միայն կը հետաքրքրուի ընդհանուր հասարակական հարցերով։
Ունինք միջազգային յարաբերութիւններու խորհուրդ, որուն միջոցով կ'իրականացնենք քննարկումներ, հրատարակութիւններ, հետազօտութիւններ՝ նպատակ ունենալով հասարակութեան մէջ քննարկումներ ծաւալել մեր ընդհանուր արտաքին քաղաքականութեան վերաբերեալ, այնպիսի ձեւով, որ կառավարութիւնը չի կրնար։ Որեւէ կառավարութիւն չի կրնար, ըսենք, Իրանի կամ Վրաստանի հետ կապուած զգայուն հարցերու մասին հրապարակայնօրէն խօսիլ, բայց ժողովուրդը կ'ուզէ՛ խօսիլ եւ քննարկել։ Ատոր համար է, որ մեր հիմնադրամին նման հաստատութիւններ բոլոր հասարակութիւններուն մէջ կան, Հայաստանի մէջ չկար,եւ այժմ կայ ։







All the contents on this site are copyrighted ©.