2010-05-08 13:05:09

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՇՈՒՇԻԻ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹ ԵԱՆ ՕՐՈՒԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ։
Հայաստանի Ազգային ժողովի հասարակութեան հետ կապի վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ այսօր Հայաստանի պաշտօնական պատուիրակութիւնը, Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորութեամբ, Արցախ կը մեկնի՝ մասնակցելու համար Շուշիի ազատագրութեան օրուան նուիրուած հանդիսութիւններուն։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն փոխ-վարչապետ Արմէն Գէորգեան, Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Սամուէլ Նիկոյեան, Ազգային ժողովի պետական - իրաւական հարցերու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Դաւիթ Յարութիւնեան, պատգամաւորներ Կարինէ Աճեմեան, Արտակ Զաքարեան, Ռուստամ Գասպարեան, Աշոտ Տոնոյեան, Ռուբէն Գէորգեան, Արտաշէս Շահպազեան, Բագրատ Սարգսեան, Լարիսա Ալավերտեան, Արմէն Մարտիրոսեան, ելեւմուտքի նախարար Տիգրան Դաւթեան, քաղաքաշինութեան նախարար Վարդան Վարդանեան, Սիւնիքի մարզպետ Սուրիկ Խաչատրեան եւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ։ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը պաշտօնապէս Մայիս 9ին կը մեծարէ Շուշիի ազատագրման եւ յաղթանակի պետական տօնը։ Իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական տօնացոյցով Մայիս 9-ը հռչակուած է ՝՝Յաղթանակի Օր՝՝։
ՍՈՒՐԻՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԹՈՒՐՔԻԱ ։
Թուրքիոյ նախագահի մամլոյ գրասենեակը յայտարարեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ այսօր Թուրքիա պիտի այցելէ՝ ընդառաջելով Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի հրաւէրին ։Սուրիոյ նախագահը 8-9 մայիսին Պոլսոյ մէջ շարք մը հանդիպումներ պիտի ունենայ։ Երկօրեայ պաշտօնական այցելութեան ընթացքին Պաշշար Ասատ Թուրքիոյ նախագահին հետ պիտի քննարկէ երկու երկիրներուն երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային եւ միջազգային զարգացումները։
ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԲԱՑԱՐՁԱԿ ՄԵԾԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆ ՉԳՈՅԱՑԱՒ ։ ՊԱՀՊԱՆՈՂԱԿԱՆՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՓՈՐՁԵՆ ՀԱՄԱԽՈՀԱԿԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԿԱԶՄԵԼ։
Բրիտանիոյ պահպանողական կուսակցութեան ղեկավար Տէյվիտ Քամերոն պիտի փորձէ ՝՝կայուն՝՝ կառավարութիւն մը կազմել՝ նկատի ունենալով, որ իր կուսակցութիւնը Բրիտանիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրեց, սակայն չյաջողեցաւ խորհրդարանի աթոռներուն մեծամասնութիւնը ապահովել։
ÐÐ Ս÷ÇõéùÇ Ý³Ë³ñ³ñ Ðñ³Ýáõß Ú³Ïáµ»³Ýի Այցելութիւնը՝ Æëñ³Û¿É »õ Úáñ¹³նան։
ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը Մայիս 2-6-ը աշխատանքային այցով գտնուեցաւ Իսրայէլ։ Այս այցելութեան ընթացքին Հրանուշ Յակոբեանը հանդիպեցաւ Իսրայէլի սփիւռքի նախարար Եուլի Իդելսթէյնի, ներգաղթեալներու համարկման նախարար Սոֆա Լանդվերի, արտաքին գործերու նախարարութեան փոխ կառավարիչ Փինի Ավիվի, Հրէական Գործակալութեան ղեկավար Նաթան Շարանսկի եւ Ամերիկա-իսրայէլ միացեալ համագործակցութեան կոմիտէի գործադիր տնօրէն Արնոն Մանտվերի հետ։ Նախարար Հ. Յակոբեանը հանդիպումներ ունեցաւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Թորգոմ Արքեպիսկոպոս Մանուկեանի, Իսրայէլի մէջ ՀՀ Պատուոյ Հիւպատոս Ցոլակ Մոմճեանի եւ Իսրայէլի Հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։ Իսրաէլ այցելութեան աւարտին ,Մայիս 5-ին, Հրանուշ Յակոբեանը մեկնեցաւ Յորդանանի Թագաւորութիւն։







All the contents on this site are copyrighted ©.