2010-05-07 13:11:56

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ԷՏԸՄ ՇԻֆ Կ՛ԱՌԱՋԱՐԿԷ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՔՈՆԿՐԵՍԱԿԱՆ ԱՐԽԻՒ ՍՏԵՂԾԵԼ ։
Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող Ներկայացուցիչներու Տան թիւ 252 բանաձեւի հեղինակ՝ քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ, բանաձեւին վաւերացումը ապահովելու աշխատանքին զուգահեռ դիմած է նոր արշաւի մը, որուն նպատակն է Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերուն եւ վերապրողներուն մասին տեղեկութիւններ ու յուշեր անբարել Քոնկրեսի արխիւներուն մէջ:
Այս նպատակով, քոնկրեսական Շիֆ կոչ կ՛ընէ Ցեղասպանութեան վերապրողներուն, անոնց ընտանեկան պարագաներուն, բարեկամներուն եւ ժառանգորդներուն, որ իրենց պատմութիւնները յղեն իրեն, որպէսզի ան այդ պատմութիւները դարձնէ երկրի պատմութեան մէկ մասնիկըՊատմութիւնները պէտք է յանձնուին քոնկրեսականին Փասատինայի գրասենեակէն Մէրի Յովակիմեանին՝ mary.hovagimian@mail.house.gov համացանցային հասցէով:
«Եկէք Քոնկրեսի արխիւը լեցնենք 20րդ դարու առաջին Ցեղասպանութենէն վերապրողներու եւ անոնց ընտանիքներուն պատմութիւններով, որոնք կրնան յոյժ օգտակար ըլլալ պատմաբաններուն եւ Ցեղասպանութեան բանաձեւը վաւերացնելու համար աշխատանք տանող քոնկրեսականներուն համար»(կը գրէ Շիֆ իր կոչին մէջ):
ԸՍՏ ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԵՏ ՝՝ԼՈՒՌ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ՝՝ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ ։
Թրքական «Միլլիյէթ» թերթի լրագրողին հետ Մայիս 5ին կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու յայտնած է, թէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու գործընթացը «չէ մահացած, այլ պարզապէս սառնարան դրուած է», աւելցնելով, թէ Հայաստանի հետ «լուռ դիւանագիտութիւնը» կը շարունակուի: Ըստ նախարարին, Հայաստանի հետ ներկայ յարաբերութիւնները աւելի լաւ են, քան անցեալ տարուան կապերը: «Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները եւս աւելի լաւ են», պնդած է նախարարը՝ մերժելով ուղղակիօրէն պատասխանել այն հարցումին, թէ ՝՝Հայաստանի հետ բանակցութեանց ընթացքին երբեք պատահա՞ծ է, որ Ղարաբաղի հարցը չքննուի՝՝:

ԹՐՔԵՐԷՆ ԱՌԱՋԻՆ ԱՐՄԱՏԱԿԱՆ ԲԱՌԱՐԱՆԻ ՀԵՂԻՆԱԿԸ ՀԱՅ Է։
Թուրքիոյ լեզուագիտական ընկերութիւնը վերջերս հրատարակած է հայերէն-թրքերէն/թրքերէն-հայերէն բառարան մը, որ Թուրքիոյ մէջ արժանացած է մեծ ուշադրութեան։
Թրքական «Հուրրիյէթ» թերթին հետ զրոյցի մը ընթացքին ընկերութեան տնօրէն Շիւքրու Հալուք Աքալըն նշած է, որ հայ լեզուաբանները մեծ աւանդ ունեցած են թրքերէն լեզուի կայացման մէջ: «Թրքերէնի առաջին արմատական բառարաններէն մէկուն հեղինակը Պետրոս Քերեսթէճեանն է: Այլ հայ լեզուաբան մը՝ Պետրոս Զէքի Կարապետեան, հեղինակած է թրքերէնի բազմաթիւ բառարաններ: Հայկական դպրոցներուն մէջ թրքերէնի դասաւանդման համար, ան կազմած է աւելի քան 50 բառարան», ըսած է թուրք փրոֆեսէօրը,աւելցնելով, որ հայ լեզուաբանները, մասնաւորապէս՝ Յակոբ Մարթայեան (Յակոբ Տիլաչար), մեծ աւանդ ունեցած են թրքերէն լեզուի կայացման գործին մէջ: «Ցաւօք, աւելի քան 100 տարի, բացի զբօսաշրջութեան նպատակով ստեղծուած առեւտուրի ոլորտին առնչուող բառարանէն, Թուրքիոյ մէջ այլ բառարաններ չեն կրցած հրատարակել: Այդ բացը լրացնելու համար, հրատարակած ենք թրքերէն-հայերէն/հայերէն-թրքերէն բառարան: Թուրքիոյ համալսարաններուն մէջ տակաւին նոր սկսած ենք հայագիտական ամպիոններ բանալու: Մեր պատմաբաններուն մէջ հայերէնին տիրապետող մասնագէտներուն թիւը այնքան քիչ է, որ կարելի է ըսել՝ չկայ», ըսած է Շ. Աքալըն:
Անոր գնահատումով, հրապարակուած այդ բառարանը պատմական մեծ կարեւորութիւն ունի: «Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ իբրեւ հաւատարիմ ժողովուրդ անուանուող հայերը, վարած են կրթական, ուսումնական աշխոյժ կեանք: Անոնք եղած են արուեստի, մշակոյթի եւ տպագրութեան եռուզեռի մէջ: Թրքերէն լեզուի համար ջանք թափած հայերը մեծ ծառայութիւն մատուցած են Թուրքիոյ», աւելցուցած է ան՝ նշելով, որ իր ընկերութիւնը այժմ կը զբաղի թրքերէն-հայերէն զրուցարան կազմելու գործով:







All the contents on this site are copyrighted ©.